
Տոքթ. Սարգիս Ատամ
Ի տարբերութիւն քրիստոնէական միւս բոլոր եկեղեցիներու, այս տօնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ ու խորհուրդ: Ամէն տարի Յունուար 6-ին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը նշէ երկու տօներ՝ Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր Մկրտութիւնը կամ Աստուածայայտնութիւնը, մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր:
«Ծնունդ» բառը մեր մարդկային առօրեայ հասկացողութեամբ կը նշանակէ «սկիզբ» «ծագում», սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային տարբեր է մեր մօտեցումը, քանի որ, Ան մեր հաւատքին համաձայն ոչ միայն կատարեալ մարդ է այլեւ կատարեալ Աստուած, հետեւաբար «Ծնունդ» ըսելով կը հասկնանք Անոր մարդկային բնութեան սկզբնութիւնը Մարիամի միջոցով: Ասկէ երկու հազար տասնութ տարի առաջ Աստուծոյ որդին իր աստուածային բնութեամբ առաւ նաեւ մարդկային բնութիւն եւ հանդէս եկաւ որպէս կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած:
Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնը կը սկսի Յունուար 6-ի նախընթաց երեկոյին եւ ճրագալոյցի ս. պատարագով կը բացուի խորանի վարագոյրը եւ եկեղեցւոյ մէջ ուրախ եւ յաղթական հնչիւններով կը հնչէ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» շարականը. ժողովուրդը այս երեկոն կը կոչէ «Խթումի գիշեր»:
Խթումի գիշերը խոկումի, աղօթքի, ներելու, մեղքի ու յանցանքի ծանրութենէն թօթափելու գիշեր մըն է, որպէսզի յաջորդ օրը իւրաքնչիւրը ներողն ու ներեալը մաքուր ու խաղաղ, թեթեւ ու զուարթ սիրտով ու հոգիով դիմաւորէ մեծ տօնը:
Յաջորդ օր, Յունուար 6-ին կը մատուցուի Ծննդեան հանդիսաւոր ս. պատարագը, որուն կը յաջորդէ Ջրօրհնէքը, ի նշան Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան: Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին, ժողովուրդը ըմպելով օրհնուած ջուրը հաղորդակից կը դառնայ Քրիստոսի մկրտութեան:
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնները կը շարունակուին 8 օրեր: Այս շրջանը կը կոչուի «Ծննդեան ութօրէք»: