ԺԱՄԱՆԱԿ ՉԿԱՅ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԱՄԱՐ
24 դեկտեմբերի գիշերը, արուարձան գեղեցիկ առանձնատուն կառուցած վաղեմի բարեկամ մը, Կեդրոնականցին եւ Էլպիսը, հրաւիրած էր Ս. Ծնունդը տօնելու: Ըսած էր, ամենուն պէս ըլլանք:
Զարմացայ. չէր մերժած հրաւէրը: Աւանդապահ Կեդրոնականցին ինչպէ՞ս 6 յունուարը փոխարինած էր 24 դեկտեմբերով: 25-ին այցելութեան եկան: Ըսաւ՝ «Արեւոտ օր էր, չդիմացայ, ըսի երթանք զրուցենք»: Ճիշդ մտածած էր, հիմա, համացանցը եւ բջիջայինը խօսակից չեն ձգած:
Զրուցելու չէր եկած, եկած էր սիրտը պարպելու:
– Երէկ արագընթաց գնացքով Կեդրոնականի ընկերոջս՝ Արշամին՝ տունը գացինք: Ս.Ծննդեան տօնի ճաշկերոյթ էր: Հոն էին նաեւ զաւակը, հարսը, դուստրը, փեսան եւ անոնց զաւակները: Հայկական ոչ մէկ ուտեստեղէն կար: Ինչ որ նախագահի սեղանին վրայ պիտի ըլլար, կար նաեւ Արշամի սեղանին վրայ: Երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ դեղին-բաճկոնային հարցերը լուծելէ ետք, խօսեցանք զաւակներու եւ թոռներու մասին: Հարսը, տղան, փեսան եւ դուստրը խեղճացած հայերէնը յաճախ կը ճոխացնէին անգլերէով, ֆրանսերէնով:
– Արմենա՛կ,- ըսի,- կ’երթաս կու գաս, չհասկցա՞ր, որ պէտք է պատշաճիլ եւ յառաջդիմել:
– Հասկցած էի: Քաղաքավարութեան համար հետաքրքրուեցայ Արշամի թռռներով: Հարցուցի՞, որ հայկական վարժարանը կամ հայերէնի դասերու կը տանէին զանոնք: Արշամին կինը, որ առաջ Մագթաղ էր, հիմա Մատլէն, ըսաւ, որ խեղճերը այնքա՜ն ծանրաբեռնուած էին: Հարսը եւ դուստրը ուզած էին հայերէնի դասերու տանիլ, բայց ժամանակ չէին գտած, քանի որ փոքրիկները կը հետեւէին երգի, դաշնակի, ջութակի եւ պարի դասերու, շաբաթը քանի մը անգամ լողաւազան կ’երթային: Ըսած են, որ կիրակի օր կէսօրէ ետք հայերէնի դասեր եթէ ըլլան, կը ղրկեն: Մագթաղ աւելցուց, որ այսպէս է այսօր, նոր սերունդը ամէն բան պէտք է գիտնայ:
– Լաւ է, Արմենակ, անոնք ապագային հռչակաւոր կ’ըլլան եւ Հայաստանի ու սփիւռքի հայերը կը ծափահարեն, երբ թերթերու մէջ կամ հեռատեսիլէն հայու անուն լսեն կը հպարտանան:
– Տղուն աղջիկը պալէ եւ դաշնակ կը սորվի, դստեր աղջիկը լողորդ պիտի ըլլայ, տասը տարեկան է, լողաւազանի աշտարակի երրորդ յարկէն ոստում կը կատարէ, անգլերէն եւ գերմաներէն ալ կը սորվի: Իսկ մանչ թոռները կը հետեւին ֆութպոլային դասերու, մին կը նուագէ ջութակ, միւսը սաքսոֆոն: Ըսին որ ճինիուս են:
– Սրտի կաթուած չ’ունեցա՞ր այդ բոլորը լսելով:
– Մակարս, այդպիսի բաներ լսած էի, տեսած: Զիս ընդվզեցուց Մագթաղը: Ան ըսաւ, պարոն Արմենակ, ի՞նչի համար է հայերէնը, հոս Հայաստան չէ, այս չոճուխները Հայաստան պիտի չերթան, դուք ալ գիտէք, հայերէնը փոր չի կշտացներ:
– Իրենց թոռներուն հետ քեզ ալ կրթեր են:
– Ճիշդ կ’ըսէին: Նախագահական սեղաններու վարժութիւն ձեռք բերող այդ փոքրիկները եթէ հայերէն սորվին անգամ ինչպէ՞ս պիտի ճաշեն:
– Յետոյ:
– Յետոյ ի՞նչ: Տուն դարձանք, նախագահի վայել համադամները չկրցայ մարսել եւ գիշերը փսխեցի:
Ճաշե՞րը չէր մարսած, թէ քաղքենիներու անփառունակ անձնատուութիւնը:
Արմենակ պատշաճելու համար լողաւազան պէտք է երթայ եւ աշտարակի երրորդ յարկէն ոստում կատարէ…
Մակար ի Գաղիա, 25 դեկտեմբեր 2016


