ՊԷՅՐՈՒԹ.- Այս շաբաթավերջին Լիբանանի հիւսիսային Ժիպէյլ (Պիպլոս) քաղաքի «Թռչնոց Բոյն»» որբանոցին թանգարանի բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ: Վերջերս, զանազան տեղեկութիւններ սկսած են շրջիլ նաեւ «Թռչնոց Բոյն»ի մերձակայքը գտնուող որբերու գերեզմանները փոխադրելու եւ հաւաքական գերեզմանի մը մէջ ամփոփելու հարցին մասին:
«Թռչնոց Բոյն»-ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեան, Յուլիս 13-ին հաստատեց թէ ստեղծուած զարգացումներուն լոյսին տակ որոշուած է առկախել գերեզմանատուներու փոխադրութեան ծրագիրը: Այս կացութեան դիմաց Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը` լսելէ ետք իրադարձութիւնները, թելադրեց խնամակալութեան, որ Մամային (Մարիա Ճէյքըպսըն որբերուն կողմէ Մամա կոչուած է իրենց նկատմամբ ցուցաբերած երկար տարիներու խնամքին համար) «Գերեզմաններու փոխադրութեան ծրագիրը պիտի առկախուի, պարզապէս որպէսզի մենք առիթ ունենանք աւելի լայն բացատրութիւն տալու մեր ժողովուրդին, աւելի հանդարտ մթնոլորտ ստեղծելու, որպէսզի հարցը աւելի լայն շրջագիծի մէջ քննարկուի: Այս է, պարզ եւ յստակ», հաստատեց Սեդա Խտըշեան:


