Գլխաւոր

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

 

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադարձ ներդրումներու քանակը հասած է 40 միլիառ տոլարի, իսկ առեւտուրը՝ 8 միլիառ տոլարի, ինչ որ մրցանշային կը համարուի։

Այս տուեալները բացայայտուեցան Պաքուի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Թուրքիա- Ատրպէյճան ներդրումային երկրորդ համաժողովը, մասնակցութեամբ Թուրքիոյ փոխ նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազի եւ առեւտուրի նախարար Օմէր Փոլատի։ Համաժողովը կազմակերպուած էր թուրք եւ ատրպէյճանցի գործարարներու ընկերակցութեան կողմէ։ Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան հինգ հարիւր թուրք եւ ատրպէյճանցի գործարարներ։

*

       Մինչ սուրիական բանակային ուժերու եւ քիւրտ զինեալներու միջեւ բախումներ  ծագեցան Հալէպի արուարձաններէն մէկուն մէջ, թուրք եւ սուրիացի պաշտօնատարներ  կոչեր ուղղեցին Սուրիոյ քրտական ուժերուն՝ անյապաղ համարկուելու սուրիական բանակին  մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն Իպրահիմ Քալըն այցելեցին Դամասկոս եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան իրենց սուրիացի պաշտօնակիցներուն հետ։

Ֆիտան ապա յայտարարեց, որ դժբախտաբար ոչ մէկ նշոյլ կ՛երեւի,թէ քրտական ուժերը պիտի համարկուին սուրիական բանակին մէջ։

Ըստ Մարտին կնքուած համաձայնութեան մը, քիւրտերը մինչեւ տարեվերջ պէտք է իրենց զէնքերը վար դնեն եւ միանան սուրիական բանակին։

*

Թուրքիոյ խորհրդարանը երեսփոխաններու միջեւ ծեծուըրտուքով եւ քաշքշուկով  յատկանշուած փոթորկալից նիստի մը ընթացքին վաւերացուց կառավարութեան 2026ի  պիւտճէն։ 320 երեսփոխաններ թեր քուէարկեցին, իսկ 246 երեսփոխաններ ո’չ ըսին ներկայացուած պիւտճէի նախագիծին։ Քուէարկութենէն առաջ երկար ժամեր սուր բանավէճեր ծագեցան իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան երեսփոխաններուն միջեւ։ Անոնք զիրար նախատեցին եւ բանավէճը ի վերջոյ վերածուեցաւ բռնցքամարտի մը։ Խորհրդարանին ապահովական ուժերը ստիպուեցան նիստերու դահլիճ խուժել եւ զիրար ծեծող երեսփոխանները իրարմէ անջատել։

*

Թրքահպատակ Մեհմէտ Կէօրէն թրքական գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցներուն կողմէ ձերբակալուեցաւ Աֆղանիստան- Փաքիստան շրջանին մէջ եւ Թուրքիա փոխադրուեցաւ։

Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Կէօրէն ՝ Եահիա ծածկանունով, ՏԱԷՇի վարչական պատասխանատուներէն է, որ ունի Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կազմակերպելու պարտականութիւնը։ Ան խոստովանած եւ սերտօրէն գործակցած է Օզկիւր Ալթունի հետ, որ ունէր ՏԱԷՇի համար թուրքեր հաւաքագրելու պարտականութիւնը։ Ալթուն նախապէս ձերբակալուած էր Աֆղանիստանի մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button