Ստորեւ յապաւումով, թարգմանաբար լոյս կ’ընծայենք »Արմինիըն Ռիվիու«ի խմբագիր Ասպետ Քոչիկեանի մէկ գրութիւնը, յղուած »ISN Security Watch« հիմնարկին համար: (Թարգմանեց՝ Նանօր Պարսումեան).-
Օգոստոս 31ին, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւնները յայտարարեցին երկու արձանագրութիւններու ստորագրումը.- Մէկը՝ հաստատելու քաղաքական կապեր, իսկ միւսը՝ մշակելու երկկողմանի յարաբերութիւններ: Յայտարարութիւնը կատարուեցաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնը բնականոնացնելու եւ սահմանները բանալու ուղղութեամբ քարտէսի վաւերացումէն գրեթէ չորս ամիսներ վերջ:
Նաեւ, երկու արձանագրութիւններու նպատակն է այլազան ենթայանձնախումբեր կազմել՝ զբաղուելու համար երթեւեկի, առեւտուրի, զբօսաշրջիկութեան, եւ ամէնէն կարեւորը՝ քննելու հայ-թուրք յարաբերութիւններու »պատմական անցեալ«ը: Այս մէկը պիտի անդրադառնայ հայութեան պահանջին՝ որ Թուրքիան ճանչնայ Օսմանական շրջանին, քսաներորդ դարու սկիզբի հայկական կոտորածը՝ իբր ցեղասպանութիւն:
Արձանագրութիւններուն արագ ակնարկ մը նետելով, յայտնի կը դառնայ որ յարաբերութիւններու բնականոնացումը նախապայմաններ չունի: Այս ինքնին բացառիկ երեւոյթ մըն է, մեծ մասամբ քանի որ Թուրքիոյ առաջադրած գլխաւոր նախապայմաններէն մէկը՝ սահմաններու բացման ուղղութեամբ, հայկական զօրքերու նահանջն էր Արցախի հողերէն, որուն համար Երեւանն ու Պաքուն արիւնոտ պատերազմ մղեցին 1988ի եւ 1994ի միջեւ:
Այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավէօթողլուն Իրաք եւ Սուրիա կ’այցելէ, երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական վէճերը հարթելու համար, այնպէս կը թուի թէ այս յայտարարութիւնը պէտք է որ լուսաբանուի իբր Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերազարթնման եւ կազդուրման մասնիկ:
Հայկական կողմէ, ոչ-կառավարական շրջանակներէն ներս, արձանագրութիւններու ամէնէն քննադատուած հատուածը Երեւանի յօժարութիւնն է պատմական երկկողմանի վերաքննման համար ենթայանձնախումբի հաստատման: Կարգ մը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, այս մօտեցումը կը սեպեն համահաւասար կասկած յայտնելու հայ քաղաքացիներու ընդդէմ Օսմանեան Կայսրութեան գործած ցեղասպանութեան:
Արձանագրութիւններու միւս նշանակելի տարրերէն մէկն է ելեկտրոյժի մարզէն ներս գործակցութիւնը.- կարեւոր խնդիր մը Ռուսաստանի համար, որ Հայաստանի ելեկտրականութեան արտադրումն ու բաշխումը կը կառավարէ: Այս յետագային պիտի արտօնէ որ Մոսկուան ընդլայնէ իր ելեկտրական ցանցը ելեկտրոյժէ զրկուած արեւելեան Անաթոլիան ներփակելով:
Դեռ այլ կարեւոր կէտ մըն ալ գոյութիւն ունի: Միացեալ Նահանգները որ գլխաւոր խաղացողներէն մէկն է , երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման մէջ, իր շահը կը տեսնէ, միջազգային ահաբեկչութեան եւ ընդհանրապէս անվտանգութեան բնագաւառներէն ներս:
Վերջապէս, Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը ուղղակի պիտի ազդէ Արցախի բանակցութիւններուն վրայ: Պաքուն պիտի կորսնցնէ սահմաններու փակման ստեղծած իրեն ի նպաստ կացութիւնը, որուն հետեւանքը կրնայ ըլլալ Երեւանի դիրքին բարելաւումը Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին: Յաջորդ քայլը երկու երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ արձանագրութիւններուն վաւերացումն է, որ կրնայ պատահիլ մէկ ամսուայ միջոցին, ապա Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հոկտեմբեր ամսուն Թուրքիոյ մայրաքաղաք այցելութիւնը, հայ եւ թուրք ոտնագնդակի ազգային խումբերու մրցումին ներկայ գտնուելու համար, եւ որուն սահմանը անցնիլը պիտի ծանուցուի իբր իւրայատուկ եւ դրական երեւոյթ:
Կրնայ ըլլալ որ երկու երկիրներու կառավարութիւնները համաձայնութեան արձանագրութիւններ ստորագրեցին, բայց ընդհանրապէս թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ նոյն հասկացողութիւնը չկայ…