
Ոչ մէկ յիշատակելի արձագանգ եւ բողոք: Նոյեմբեր 19, 2009-ին Թիֆլիսի Մուղնեցոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին անցաւ պատմութեան:
1356-ին կառուցուած այս սրբատեղին, տարիներէ ի վեր անգործածելի վիճակի մէջ էր: Որոշ շրջան մը, իբրեւ շտեմարան գործածուելէ ետք, 1990-ին տեղւոյն պատասխանատուները, որոշած էին վտանգաւոր եւ խարխուլ կառոյց նկատել այս սրբատեղին, մինչեւ…իր վերջնական քանդումը:
Օրին, վրացի պատասխանատուները, այս կառոյցը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ չփոխանցելով, դիւրացուցած էին անոր քանդումն ու փլուզումը:
Այսպէս, Սուրբ Գէորգ միացաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ճակատագրին, որ իր կարգին փուլ եկած էր 1989-ին:
Լուսանկարներ` Իննա Մխիթարեանի