16-18 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Ս. Թադէի վանքի եռօրեայ ուխտագնացութիւնը, որ կը վայելէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութիւնը: Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ատրպատականի տարբեր շրջաններէն` Թաւրիզէն, Ուրմիայէն, Գեարդաբադէն, Ռահւայէն, Սալմաստէն, Բեդելբոյէն, նաեւ Իրանի տարբեր քաղաքներէն` Թեհրանէն, Սպահանէն, Ահւազէն, Արաքէն, Անզալիէն եւ այլ շրջաններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Արա Շահվերտեան, նաեւ Հայաստանէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ:
16 Յուլիսին, Սուրբ Թադէի վանք ժամանեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, որ դիմաւորուեցաւ շքախումբի կողմէ եւ հայ նահատակներուն յուշարձանին առջեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց, ներկայութեամբ պետական պատասխանատուներուն:
18 Յուլիսին, վանքի հարաւային բաժինին մէջ լարուած պետական հսկայ վրանի տակ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում առաջնորդ սրբազանի եւ Ատրպատականի Արեւմտեան բաժնի նահանգապետի ներկայացուցիչին եւ պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ: Սոյն հանդիպման ներկայ էին Թեմական խորհուրդի կազմը, Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի անդամները, դոկտ. Արա Շահվերտեանը, Իրանի եկեղեցիներու պահպանութեան ընդհանուր տնօրէն` դոկտ. Շերլի Աւետեանը, անոր օգնականները` Ալէն Սայեատեանը եւ Կարէն Մկրտիչեանը, ապահովական պատասխանատուներ եւ հիւրեր:
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին ներկայացուցիչին եւ բարեմաղթութիւններ ներկայացուց Չալտրանի նոր նշանակեալ կուսակալին, ինչպէս նաեւ գնահատեց Արեւմտեան շրջանի Հնապահպանութեան տնօրէն դոկտ. Սեֆերին` խնդրելով, որ իրենց մնայուն հոգածութեան առարկայ դարձնեն վանքը, աշխարհի քրիստոնէութեան հնագոյն գլխաւոր սրբավայրերէն հանդիսացող Ս. Թադէն: Սրբազանը թեմի անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց եռօրեայ ուխտագնացութեան առթիւ իրենց օժանդակութիւնը բերած պետական բոլոր կառոյցներուն: Իր խօսքի աւարտին, սրբազանը թեմական խորհուրդի անունով արծաթեայ յատուկ նուէրներ յանձնեց բարձրաստիճան հիւրերուն:
Նահանգապետի ներկայացուցիչը եւ կուսակալը ուրախութեամբ արտայայտուեցան, մեծ պատիւ համարելով սոյն շրջանի պատասխանատու եւ հոգատար ըլլալու առաքելութիւնը: Անոնք բարձր գնահատեցին եռօրեայ ուխտագնացութեան մասնակից ուխտաւորներու մեծ թիւը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին պետական բոլոր լծակները օգտագործել` սրբավայրը պահպանելու իր բարձունքի վրայ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վանքի արեւմտեան բաժինին մէջ, ջաղացքի շէնքին կցուած եւ ապակեայ երդիքով ծածկուած սրահի բացման արարողութիւնը: Անիկա, Եկեղեցիներու հնապահպանութեան կեդրոնին միջոցով անցեալ տարի յարդարուած ու ծածկուած ըլլալով, ինքնին թանգարանային պատկեր կը ներկայացնէր դարերու ընթացքին քանդակուած խաչքարերու եւ այլ օգտագործելի քարեղէն իրերու: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Իրանի Հնապահպան կառոյցի եւ դոկտ. Շերլի Աւետեանի գործունէութիւնը, երկրի քրիստոնէական եւ յատկապէս հայկական սրբութիւնները պահպանելու հեռանկարները: Գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ դոկտ. Արա Շահվերդեանը, որը յիշեց պետական եւ ազգային բոլոր աշխատակիցները, որոնք երկար տարիներու իրենց գործունէութեամբ իրենց նպաստը բերած էին վանքի պատմութեան:
Այնուհետեւ Սուրբ Թադէի վանքի տաճարին մէջ սրբազան հայրը մատուցեց հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Իր քարոզին մէջ սրբազանը կոչ ուղղեց ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` համերաշխութեամբ ապրելու իրարու հետ: Ապա Սուրբ Թադէոս առաքեալի մասունքակիր Աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
15 տարիներէ ի վեր հերթական վերանորոգութիւններու ենթարկուած վանահօր խուցը վերջապէս հասաւ իր աւարտական լրումին: Այս տարուան ուխտագնացութեան վերջին բաժնով, սրբազան հօր ձեռամբ քողազերծուեցաւ շղարշը այն մարմարակերտ արձանագրութեան, ուր նշուած էր խուցի վերանորոգման տեղեկութիւնը եւ սկսելու թուականը.
«ՆՈՐՈԳԵՑԱՒ ԽՈՒՑՍ ԱՅՍ Ի ՎԱՆՍ ՍՐԲՈՅՆ ԹԱԴԷՈՍԻ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ՅԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ Ի ԹՎ ՀԱՅՈՑ ՌՆԿԱ ԵՒ ՅԱՄԻ ՏՌՆ 2012 ՅԱՐՏԱԶ ԳԱՒԱՌ»:
Վանքին մէջ տեղի ունեցած եւ շարունակուող շինարարական աշխատանքներու մասին լայնօրէն անդրադարձաւ սրբազան հայրը` շեշտելով անցեալին լքուած սենեակներու իրավիճակը, իսկ այսօրուան անոնց պատուաբեր տեսքը:

