Լրահոս

ԹԷԺ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ…ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐԷ ՆԵՐՍ

KEsSab-B  Անցեալ շաբաթավերջէն ի վեր, ռազմական գործողութիւններն ու ռմբակոծումները սաստկացած են, յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն ներս: Այս դէպքերու արդիւնք, շրջանի հայկական գաղթօճախներէն ներս կը տիրէ թէժ կացութիւն: Միջազգային ահաբեկչական “Ալ Քայիտա“ շարժման անդամներ, Թուրքիոյ սահմանէն եւ այս վերջինին արտօնութեամբ յարձակում մը շղթայազերծեցին Քեսապի (նկարը) տարածաշրջանէն ներս, որուն արդիւնք հայահոծ գիւղի բնակիչները փոխադչուեցան Լաթաքիա: Իսկ Հալէպի մէջ, նոյնպէս կոյր ռմբակոծումներն ու հրացանաձգութիւնները սաստկացան, այնքան մը որ, տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ համայնքի “Զուարթնոց“ եկեղեցիին մօտակայքը բազմաթիւ ռումբեր տեղացին, որոնցմէ մէկը, բաւական մը վնասեց եկեղեցւոյ գմբէթը: 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button