
Այս կամ այն երկրին մէջ ընտրական արշաւներու փուլերէն անկախ եւ անդին, եւ յատկապէս ընկերային տագնապ ու անհաւասարութիւն պատճառող զարգացումները այսօրուան աշխարհին մէջ, ու փոքրամասնութեան մը պարտադրած կացութեան լոյսին տակ, կը ստեղծեն հարցումներ, որոնցմէ գլխաւորները հետեւեալներն են.-
Արդեօք կրաւորականութիւնն ու պարտադրեալ անտարբերութիւնը լիակատա՞ր են, այսինքն, զանգուածը հասա՞ծ է Օրուէլեան այնպիսի վիճակի, ուր ուղեղալուացքը զայն մատնած է հոգեկան-հոգեբանական բացարձակ անդամալուծութեան, պարտադրուած վիճակներ պէտք է կուլ տալ հալած իւղի պէս եւ կեանքը շարունակել անյուսութեամբ, անկարողութիւն խոստովանելով եւ միանգամընդմիշտ, վերջնականապէս պարտուած զգալով:
Վստահաբար ոչ:
“99 առ հարիւրը ընդդէմ մէկ առ հարիւրին“, “գրաւում“ներու շարժումները, որոնք աւելի քան տարի մը առաջ շղթայազերծուեցան Նիւ Եորքէն մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ, Լոս Անճելըս ու այլուր, իսկ եւրոպական երկիրները վերածեցին յախուռն ցոյցերու բեմերու, որոնք յիշեցուցին 60ական տարիներու ուսանողական ու ընկերային հաւասարութեան պահանջով տարածուած այլ շարժումներ, նախաճաշակ մը տուին արդարութեան ու հաւասարակշռումի ակնկալութիւններուն մասին:
Ճիշդ է. յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ այս շարժումները ենթարկուեցան քաղաքականացումի կնիքներու, շօշափելի արդիւնքները վրիպեցան կամ վիժումի ենթակայ դարձան, անգամ մը եւս հրապարակ նետելով այն մտածումը, թէ ստեղծուած ընդհանուր պատկերին մէջ, զանգուածները դատապարտուած են անկարողութեան, արդարատենջութեան որեւէ շարժում պիտի պահուի հսկաներուն հակակշիռին եւ հսկողութեան տակ, օրէնքները դարձած են կաշկանդող (տարօրինակօրէն, այս կալուածին մէջ անտես կ՛առնուին սահմանադրական իրաւունքներ), մինչեւ իսկ ոստիկանական ուժերը վերածուած են ճնշումի գործիքներու: Սակայն անդին, նոյն “հսկաներուն“ կողմէ ամբողջ աշխարհին պարտադրած նոյնանման ճնշումներուն դէմ, եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ սկսած շարժումները համեմատաբար աւելի արդիւնաւոր եղան, թէեւ հոն ալ երեւութականը մնաց տիրապետող, խորքային մեծ բարեշրջումներ տեղի չունեցան, շարժումները պատանդի վերածուեցան իշխանաւորներուն ու զանոնք հովանաւորողներուն կողմէ: Իսկ թէ ի՛նչ ճակատագիրի յանգեցան “Արաբական Գարուն“ որակումով ներկայացած ալիքները, արդէն այսօր աւելի յստակ է ու տեսանելի` որ անոնք ալ մեծ մասամաբ կը մնան “հսկաներուն“ քմայքաներուն շարժակներէն կախեալ, հոգ չէ թէ նոյն մեքենային լծակներուն լարուած մամուլը կը շարունակէ դրական գիծերը վեր առնել (չենք արհամարհեր այդ շարժումներուն բարի կամքն ու բարեփոխումի նպատակները, սակայն չենք կրնար նաեւ անտեսել, թէ անոնք մեծ մասամբ ինչպիսի՛ իրողական վիժումներու ենթարկուած են, այլափոխուած, յաղթական դուրս եկողներ կը բացայայտուին իբրեւ “արեւմտեան“ որակումով յիշեալ հսկաներուն կամակատարի վիճակով):
ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆԻՆ
ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ
Յստակ է նաեւ այն միւս իրականութիւնը, որ այսօրուան աշխարհին մէջ, իշխանաւորներու եւ դրամին տիրապետող ընկերութիւններու միջեւ գործակցական յիշեալ վիճակին մէջ, ընկերային արդարութեան հետապնդումը դարձած է շատ աւելի դժուար, քան ինչ որ էր Ճարտարարուեստի Յեղաշրջումին յաջորդած հանգրուաններուն: Անցեալին, կային պետական իշխանութիւններ, որոնք իրենց դիմաց ունէին աշխատաւորական համախմբումներ, արհեստակցական միաւորներ, որոնք դրօշակիրներն էին զանգուածներու իրաւունքներուն: Ժողովրդային շարժումները յստակ թիրախ ունէին, ի հարկին, իշխանութիւն մը կը փոխարինուէր աւելի արդարով մը, պետական հակակշիռ կը հաստատուէր այլապէս իրողական անիշխանականութեան ու փոքրամասնութեան մը չարաշահական գործունէութեան վրայ: Այսօր, տուեալ իշխանութեան մը տապալումը դարման չէ, որովհետեւ (ինչպէս կ՛երեւի Յունաստանի, Սպանիոյ կամ Փորթուգալի պէս երկիրներու մէջ), իշխանութեան վրայ եղողներու փոխարինումը էական փոփոխութիւն, բարեշրջում չի խոստանար, չի բերեր: Միւս կողմէ, արժեզրկուած են աշխատաւոր զանգուածներու իրաւունքներուն աւանդական պաշտպանները` իսկապէս ժողովրդավար` մեծամասնութեան իսկական ներկայացուցիչը հանդիսացող կառավարութիւններէն սկսեալ, մինչեւ արհեստակցական խմբաւորումներ: Վերջիններն ալ մեծ համեմատութեամբ “ներգրաւուած“ են իշխանաւորները հովանաւորողներուն կողմէ: Ահա թէ ինչո՛ւ դժուար է այսօրուան պահանջատէր-իրաւատէրին պայքարի ուղին:
Այս վիճակին մէջ, պէտք չէ տարուիլ այն մտածումով, որ աշխատող, աշխարհի բեռը տանող զանգուածները անդառնալի կերպով պարտուած են, թէ` ամերիկեան, եւորպական ցամաքամասերու վրայ կամ այլուր սկսող կամ սկսելիք որեւէ արդարատենջ շարժում ի սկզբանէ դատապարտուած է մնալու անվաղորդայն, մէկ առ հարիւրին տիրապետութիւնը վերջնական է ու 99 առ հարիւրը պիտի շարունակէ ապրիլ ստրկութեան արդի տեսակը…
Ուրկէ՞ կը ծնի այս յոյսը:
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ շարժումները սկիզբ մը կ՛ունենան, յետոյ կ՛անցնին ձախողութեան ու մասնակի յաջողութեան հանգրուաններէ, բացարձակ յաջողութիւններ դժուար են, սակայն բարեշրջման ու արդարութեան անիւը չի մնար անդամալոյծ:
Յաջողութեան, իրաւունքներու ձեռքբերման համար, բարի տրամադրութիւններու չափ կարեւոր է ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ յենարանը: Անցեալ դարերուն, ընկերային շարժումներու յաջողութեան բանալին կը գտնուէր ընկերաբան մտաւորականներու մօտ, որոնք անվաճառելի էին ու եղան մարդկութիւնը բարելաւման, բարօրութեան առաջնորդող ղեկավարները: 19րդ դարէն շատ առաջ, ընկերային արդարութեան հետամուտ գրողներ, փիլիսոփաներ ու մտաւորականներ, զէնքէ աւելի` միտքի բախումներով է որ կերտեցին ընկերային այն օրէնքները, որոնց բարձրակէտերէն եղաւ Ընկերվարութեան ու Ժողովրդավարութեան զարգացումն ու բիւրեղացումը:
Այսօր, Ընկերվարութիւնը տիրապետող դրամատէր (նաեւ դրամ կուտակողի, դրամը մենաշնորհի վերածողի իմաստով) խաւին կողմէ կը ներկայացուի սխալ քարոզչութեամբ ու կը հաւասարեցուի համայնավարութեան հետ, էութիւնը կը բացատրուի խեղաթիւրեալ կերպով, մինչդեռ անոր ամէնէն պարզ ու տարրական բացատրութիւնը` ընկերային արդարութեան հետապնդումն է: Ճիշդ է. Ընկերվարութիւնը ենթարկուած է բազմաթիւ շերտաւորումներու, զայն կիրարկել յաւակնողներն ալ բաժին ունեցած են անոր խեղաթիւրման ու աղճատումին մէջ, ինչպէս որ աղճատումի ու խեղաթիւրումի կ՛ենթարկուին կրօնները, եւ` ոչ միայն մեր օրերուն:
Մարդկութեան պատմութիւնը երբեք չէ մշտականացուցած անարդար վիճակներ: Մարդկային Միտքը միշտ ալ գտած է ճնշումները փարատելու եւ անարդարութիւնները դարմանելու ձեւերը: Նման ձգտումներ մերթ արտայայտուած են Պասթիլեան պայթումով, իշխանաւոր դասակարգ մը կառափնատ տանելով, այլ տեղ մը, թագաւորի մը կամ իշխող ընտանիքի մը մահապատիժով, սակայն նաեւ կանտիական ոճով, երկարաշունչ ու ծրագրեալ, գաղափարական հիմերու վրայ մղուած աննահանջ երթերով: Տեղ մը ակնարկեցինք, անգամ մըն ալ կրկնենք հարաւ-ամերիկեան կարգ ըմ երկիրներու բարեշրջական քայլերը, Արժանթինի պէս երկրի մը սնանկութենէ փրկութիւնն ու տնտեսական-ընկերային որոշ բարօրութիւն վերստեղծելը, ի հեճուկս դրամատնային հսկաներու “բարեմիտ“ միջամտութիւններուն:
Վաղը կամ քիչ մը ուշ, խմորուող շարժումները անխուսափելիօրէն պիտի ստանան համատարած ցունամիի մը ընթացքը, պիտի խորտակեն երկիրներու ու ցամաքամասերու սահմանները, ինչպէս որ դրամատիրական “միաւորները“ գլած-անցած են ամէն սահման եւ “իրարու կռնակ կը քերեն“ դաժան մրցակցութիւններու առընթեր: Անհաւասարութեան վերջ տալու եւ արդարութիւն կերտելու համար, զանգուածներ ոտնակոխ ըրած են շինծու օրէնքներն ու պարտադրուած “սահմանները“, երբ ի վերջոյ տիրութիւն ըրած են իրենց իրաւունքներուն, բացայայտած են “օրէնքներ“ուն անօրինականութիւնը:
Արդարութեան հետամուտ նման շարժում յաջողութեան կը հասնի միայն համաչափութեան ու զուգահեռութեան կիրարկումով, սեփական երկրին մէջ արդարութեան հետապնդումը այլ երկիրներու կշռոյթին հաւասար եւ զուգահեռ պահելով, բայց մանաւանդ պատմութեան յառաջդիմութիւնն ու ընկերային հաւասարութիւնը վերահաստատելու, երաշխաւորելու կամքով:
Մարդը վերստին մարդկայնացնելով: Գլխագիր Արդարութիւնը վերականգնելով: