
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2011-ին, Արլինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Աւիկ Տէյիրմէնճեանի “Յոյս եւ Լոյս“ գործին գինեձօնը, ներկայութեամբ աւելի քան 150 գրականասէր եւ մշակութասէր հայորդիներու: Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի կողմէ: Բացումը կատարեց, ձայնասփիւռի ատենապետ Կարպիս Զէրտէլեան, որ բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Ռուբէն Սուրէնեանը: Գեղարուեստական յայտագրով լեցուն, այս ձեռնարկին բանախօսն էր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը, որ նաեւ թարգմանած էր Աւիկի գործերը` անգլերէնի:
Սոնենց-Փափազեան յայտնեց թէ ըստ ֆրանսացի գրագէտ Վոլթէրի, անկարելի է քերթուած մը թարգմանելը. նոյնքան անկարելի` ինչպէս երաժշտութիւ՛ն թարգմանելը…
Ստորեւ յապաւումով, Սոնենց-Փափազեանի խօսքը:
“Եւ իսկապէս, Աւիկը անգլերէնի թարգմանելը քիչ մը կը նմանի Սայաթ Նովան Պիթըլզի թարգմանելու… յաճախ չի ստացւում: Այսուհանդերձ, բանաստեղծին մէջ, եղեր է ան հայ, անգլիացի թէ պարսիկ — իսկակա՛ն բանաստեղծին մէջ — կայ գիծ մը` որ նոյնն է. պահուած գիծ մը, որ կը դրսեւորուի երբ դէմ դիմաց կու գայ մէկ այլ բանաստեղծի հոգեկան խռովքի արդիւնք` քերթուածին հետ… Հո՛ս, արդէն մէջտեղ կու գայ ա՛յն ինչ որ համամարդկայինն է: Տուեալ լեզուէ մը, տուեալ երաժշտութենէ մը անդին, մէջտեղ կու գայ բանաստեղծութեա՛ն, քերթուածի, պօէ՛զիայի տիեզերական ձայնը, որ երաժշտութեան նման անթարգմանելի` այսուհանդերձ գերազանցօրէն հասկնալի է եւ առինքնող…Ա՛յդ գիծի ուղղութեամբ է, որ Աւիկի “Յոյս եւ Լոյս“ը — հակառակ Վոլթէրի կարծիքին — “Gleam of Hope“ի վերածուեցաւ, ոստում մը կատարելով Մաշտոցի Ոսկեղնիկէն Շէյքսպիրի Queen՛s English-ին — յոյսով եմ, առա՛նց մեծ կորուստ կրելու, որովհետեւ, ըստ ամերիկացի մեծ բանաստեղծ, Րապըրթ Ֆրոսթի՛ ալ կարծիքին` “բանաստեղծութիւնը ա՛յն է, ինչ որ կը կորսուի թարգմանութեան մէջ… Poetry is what gets lost in translation…“ կ՛ըսէ ան:
Հոս, թերեւս տեղին է, գէթ նմոյշով մը ջանալ յայտնաբերել այս կարծիքներուն իսկական տարողութիւնը թարգմանական գրականութեան փաստացի՛ իրականութենէն ներս: Առնենք Աւիկի “Յոյս եւ Լոյս“ հատորէն սիրային քնքոյշ կտոր մը, “Այո“ն, եւ “Gleam of Hope“ հատորէն` “Yes“ը, եւ ջանանք հասնիլ տրամաբանական եզրակացութեան մը.
Այո
Ինչու սիրեցի
Առանց խորհելու,
Կարծեցի վստահ`
Իմն ես լինելու:
Խոստովանեցի
Ես անեղծ սրտով,
Սակայն վշտացրիր
Անփոյթ մերժումով:
Յետոյ լռեցիր,
Դէմքիս նայեցիր,
Անկեղծութեանս
Դու հաւատացիր:
Մեղմիկ ժպտացիր,
Շառագունեցիր,
Ու մի՛ “այո“ով
Կեանքս փոխեցիր…
Այժմ առնենք անգլերէն թարգմանութիւնը.
“Yes“
Why did I love
With such abandon?
I firmly believed you
You were to be mine.
And I did reveal all
That was in my soul,
Yet, you broke my heart
With your dismissal.
Then, you were silent,
You looked at my face
And you came to believe
In my simple candor.
And it made you blush
And ending all strife,
With a simple “Yes“
You altered my life…
Կարծեմ, կեանքը, շատ յաճախ կու գայ փաստելու, թէ նոյն իսկ մեծատաղանդ մտաւորականներու — ըլլան անոնք գաղղիացի թէ ամերիկացի — փիլիսոփայական միտքերը – ինչքան ալ իմաստուն — չե՛ն կարող հակասել իրականութեան խօսքին` որ աւելի բարձր կը հնչէ քան որ եւ է տեսաբանական սահմանում:
Այս, ի՛մ կարծիքով, անհրաժեշտ ներածականէն ետք, գանք այս երեկոյեան գինեձօնին իսկական նիւթը հանդիսացող, հայաստանեան գեղեցիկ տպագրութեամբ նոր լոյս տեսած քերթուածներու հայերէն եւ անգլերէն զոյգ հատորներուն` “Յոյս եւ Լոյս“ եւ “Gleam of Hope“ եւ անոնց տաղանդաւոր հեղինակ` Աւիկ Տէյիրմէնճեանին:
Առանց տատամսելու, կարելի է ըսել, թէ Աւիկի մշակած գրականութիւնը գերազանցօրէն ազգայի՛ն է ու հայրենական. Մա՛յր Հայրենիքը, իր հողով, իր ջուրով, իր լեռներով ու դաշտերով, իր երկնակամարով ու մշտավառ արեւով ներկայ է Աւիկի քերթուածներուն մէջ: Ներկայութիւն մը, որ ծնունդ կ՛առնէ Մա՛յր Հարենիքի, հարազատ Մօ՛ր արգանդէն սնած գաղափարական աշխարհի մը իրականութենէն:
Այս պարագային, հարկ է ի մտի ունենալ այն իրողութիւնը` թէ Աւիկը, ի ծնէ ու նոյն ատեն կեանքի պարագաներու բերմամբ, իր մէջ կը կրէ Հայաստանցիի եւ Սփիւռքահայու զոյգ աշխարհայեացքներու զուգորդուած կշիռը, ռիթմը որուն վրայ են հիմնուած իր քերթողութեան կառոյցը, չափն ու մեղեդին: Հայաստանը ներկայ է անոր գործերուն մէջ թէ՛ որպէս ապրուած իրականութիւն եւ թէ՛ որպէս այրո՛ղ կարօտ – ահա՛ բառ մը, որ հասկնալիօրէն, իր հարազա՛տ հոմանիշը չունի օտար լեզուներու մէջ…
Առաջին ճիչս այստեղ է լսուել,
Ճոճքն իմ մանկական այստեղ օրօրուել,
Մեր նախնեաց լեզուով ուսում ստացել,
Աւանդներով եմ կրթուել, մեծացել:
Ա՛յս բառերով է որ հայաստանածին Աւիկը կը սկսի արտայայտել բաժանման իր ցաւը` “Կարօտի Երկիր“ը քերթուածին մէջ, ու, որպէս օտարաբնակ` խօսելով սփիւռքահայու՛ սրտէն, կը վերջացնէ հետեւեալ տողերով.-
Հիմա ուզում եմ մեղքերս քաւել,
Քո գիրկը դառնալ, քո գրկում ապրել,
Աւելի լաւ է քեզ համար զոհուեմ,
Քան թէ ամէն օր կարօտից մեռնեմ:
Աւիկի ներաշխարհին մէջ, մայրն ու հայրենիքը հաւասարապէս իշխող են, ու յաճախ նոյնացած, ինչպէս Հայոց լեզուի՛ն մէջ կը նոյնանան` “Մա՛յր Հայրենիք“ կոչումով, որ նոյնպէս, կարելի՛ չէ բառացի թարգմանել առանց “Mother Fatherland“ի նման լեզուական արտառոցութիւն մը մէջտեղ բերելու: Ամէն լեզու ունի իր իւրայատուկ մօտեցումը կեանքի հիմնական տուեալները դիմագրաւելու, ըմբռնելու եւ արտայայտելու` որպէս տեսողական ու լսողական արուեստ ու գրականութիւն, գեղագրութիւն ու քերթուած որ, ինչպէս տեսանք, կարելի՛ է թարգմանել հարազատութեան որոշ սահմաններու մէջ:
Աւիկին համար, Հայաստանը “Երկիր Դրախտավայր“ն է — “Լոյս եւ Յոյս“ի բովանդակութեան առաջին մասը, իր 79 քերթուածներով տեղադրուած է “Երկնային Դրախտ“ գլուխի տակ‘ որ կը սկսի 3 տուներէ բաղկացած հետեւեալ աշուղական հոգուով գրի առնուած բանաստեղծութեամբ.-
Իմ Հայաստան
Դու իմ երգն ես`
Քարից պոկուած,
Դու իմ սէրն ես`
Վէրքից ծնուած…
Իմ կարօտն ես
Յար փայփայած,
Իմ երազն ես`
Անմահացած…
Իմ Հայաստան,
Իմ քարաստան,
Իմ յոյս ու լոյս
Յաւերժական…
Եւ ահա՛ մայրը, յաւերժ նոյնացած հայրենի հողի հետ, կը յայտնուի լոյսէ դէմքով, հետեւեալ հայրենաշունչ – աւելի ճիշդ` մայ՛րենաշունչ – քերթուածին մէջ.-
Հողի Սէրը
Ես իմ անյոյս
Մութ օրերում,
Երբ թախծել է
Սիրտս կարեվէր,
Միշտ գտել եմ
Լոյսի շողեր,
Մա՛յր իմ, անեղծ
Քո սիրոյ մէջ…
Սէրն մայրական
Անանձնական,
Չունի սկիզբ,
Չունի սահման,
Մեծութիւն է
Անչափելի,
Սրբութիւն է
Անմեկնելի…
Մօրս սէրն է
Ինձ ներշմչել
Մեր մա՛յր հողը
Սիրել, պաշտել…
Մեծ է սիրոյ բաժինը Աւիկի երկերուն մէջ: Աղբիւրը իր բոլոր զեղումներուն. Սէր` մայրական սիրոյ. Սէր` հայրենիքի. Սէր` իր բազմաչարչար` ու միանգամայն անպարտելի ազգին, որուն մէջ ան կը տեսնէ մարդ արարածի աստուածատուր յատկութիւնները` եդեմական օրերէն մինչեւ Մեծ Եղեռն ու Մայիսեան վերածնունդ, մինչեւ մերօրեայ անկախութեան վերականգնում` որուն ներշնչումով, հետեւեալը գրի կ՛առնէ.-
Մեր Եռագոյնը
Արիւնոտ մարտերի
Դաշտերում ծնուած,
Երկար տարիներ
Գերուած, հալածուած,
Յաղթութեան լոյսով,
Հրով ճառագած`
Հայոց դրօշն է
Դարձեալ պարզուած:
Դու կեանքի արեւ,
Հաւատի գարուն,
Երեք գոյների
Շքեղ դաշնութիւն,
Դեռ պիտի ծփաս
Վեց նահանգներում
Փողփողացող յոյս
Դրօշ եռագոյն…
Աւիկի մէջ, տիեզերական այս սիրոյ կենսարար լոյսը միանգամընդ միշտ վտարած կը թուի ըլլալ ոխի, ողբի ու ատելութեան խաւարը: Հատորին Քառեակներու բաժնին մէջ, ան հետեւեալ տողերը կ՛ուղղէ ընթերցողին.-
Ուրախացի՛ր, ուրախացրու՛,
Ողբով ինչ ես փրկելու,
Երջանկացի՛ր, երջանկացրու՛
Նորից աշխարհ չե՛ս գալու:
Խոր հաւատքէ բխող իր լաւատեսութիւնը, մինչեւ իսկ ամենատխուր պահերու, կը լուսաւորէ իր աշխարհը, սիրո՛յ յատուկ ճառագայթում մըն ալ շնորհելով իր ստեղծագործութիւններուն.-
Այս աշխարհի հեղձուկ մթնում,
Սէրը շէնշող արեւ է:
Կ՛ըսէ ան նոյն էջին մէկ այլ քառեակին մէջ,
Ճակատագրի մոլոր ծովում,
Խարի՛սխ է ան ու փարո՛ս է:
Այսպէս խարսխուած ու սիրոյ փարոսի հեռահաս լոյսէն առաջնորդուած, ան անձնատուր կ՛ըլլայ նաեւ Եւայի կանչին, եւ Երկնային Օրհնութիւն անուանելով հետեւեալ ութը տողերը.-
Ապրում եմ քեզմով,
Ապրում ես ինձնով,
Աշխարհն է լցւում
Մեր անհուն սիրով:
Օծուած երկնային
Օրհնութեան լոյսով,
Ապրում ենք միմիանց
Յոյս երազներով…
Ան կը յանձնուի կնոջական սիրոյ քմայքոտ ալիքներուն, ներշնչումով գրուած տողեր նուիրելով բնութեան կանչին ու յաճախ անմեկնելի վերիվայրումներուն: Ու սիրահար սիրտերու անծանօթ ջուրերուն վրայ նաւարկող բանաստեղծը, խօսքը ուղղելով իր սիրոյ առարկային, երեք բառերով կը սկսի իր աղերսը.-
Ինձ մի՛ Տանջիր, կ՛ըսէ ան, իչպէս իրմէ առաջ անհամար տղամարդիք.
Բորբոքում ես դու կրակն իմ սրտի
Անհոգութեամբ քո սիրախաղերի
Քո թարթիչները սրտի թրթռոց,
Քնքոյշ ժպիտդ կրակ է ու բոց:
Որտեղ որ լինեմ դու էլ այնտեղ ես,
Մերթ ինձ հետ շատ ջերմ, մերթ անտարբեր ես,
Դու գնում ես տուն, անխռով նիրհում,
Իսկ ես տանչւում, քեզ չեմ հասկանում:
Բոլոր ժամանակներու տղամարդոց այս աղերսը, թերեւս արժէ անգլերէնով ալ ներկայացնել, այս կտորին տիեզերական բնոյթը նկատի ունենալով…
Do Not Torment Me
You stoke the furnace in my soul
With your careless philandering,
Your eyelashes make my heart stall,
And your smile sears like a sting.
I see your sweet face wherever I go,
There you smile at me, here you don’t,
Then you go home and go to sleep,
While I seek answers, and weep.
Սակայն մշտավառ, անկեղծ սէրը եւ հայ քերթողի բնածին լաւատեսութիւնն ու կեանքի եւ բնութեան ընծայած գեղեցկութիւններու հանդէպ սիրավառ հոգիի մը անխառն խանդաղատանքը կը մղեն զայն նորանոր ստեղծագործութիւններու` նուիրուած իր պաշտամունքի առարկաներուն:
Ինչպէս հաւատացեալը իր աստծու խորանին` ան կը նուիրաբերէ քերթողի իր սրտաբուխ խօսքը իր պաշտամունքի առարկաներուն:
Ահա՛ “Յոյս եւ Լոյս“ հատորի երրորդ մաս` Սիրոյ Շամանդաղէի էջերէն կարճ, այլեւ զգայուն հոգւով գրուած կտոր մը` յաւիտենական սիրոյ մասին.-
Պաշտում եմ քեզ
Յուշիկ նայուածքով,
Թաքուն հայեացքով
Քաղցր ժպտացիր
Բայց ուր գնացիր:
Սիրում եմ ես քեզ
Իմ պապակ սիրով,
Այրում ես սիրտս
Անշէջ կրակով…
Հոգի ամօքող
Համբոյրի նման,
Զուլալ կարկաչող
Աղբիւրի նման`
Քեզ պաշտելու եմ
Յաւերժ–յաւիտեան…
Յաւերժի ու յաւիտենութեան թեման, մահուան վրայ կեանքի յաղթանակը աւետող, միշտ ներկայ է Աւիկի բանաստեղծութեան մէջ: Ներկայ է առանց երեւալու, առանց ընդմիջելու երկրային կեանքի ընթացքը եւ անոր հարազատ ցոլացումը բանաստեղծին գործերուն մէջ` անոր հոգեղինացած էութեամբ: Հատորին անունն իսկ “Յոյս եւ Լոյս“ ա՛յդ կը փաստէ:
Այսօր Աւիկ Տէյիրմէնճեանը ստեղծագործ ներկայութիւն մըն է ամերիկահայ, ու մասնաւորապէս պոսթընահայ գաղութէն ներս, որպէս հայ տարագիր գրականութիւնը վառ պահող հազուագիւտ անձերէն մին` որ նոյն ատեն գործունեայ կը մնայ ազգային կեանքի այլ մարզերէն ներս:
Իր գրական վաստակին որակն ու քանակը այսօր արժանացած են հայրենի գրական շրջանակներու գնահատանքին ու մեծարանքին: Ներկայիս, Աւիկը Պատւոյ Անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան Շիրակի Մարզային Բաժանմունքին` միաժամանակ ստանալով ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ “Յոյս եւ Լոյս“ հատորի հրատարակութեան առիթով. իր գրական վաստակին համար ան արժանացած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան ՊԱՏՒՈՅԳԻՐին, իսկ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը պատուած է զինք ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐով` տրուած իրեն անձնապէս ու Բոստոնի Հայկական Անկախ Ռատիօկայանին` ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆԸ, ՍՓԻՒՌՔՈՒՄ ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՆՊԱՍՏԵԼՈՒ ԵՒ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ:
“Յոյս եւ Լոյս“ հատորի Քառեակներու բաժնին մէջ, Աւիկ կը վերջացնէ այս գիրքի հարուստ բովանդակութիւնը` հետեւեալ չորս տողերով.-
Ես դեռ կիսատ երգեր ունեմ,
Չասուած բազում խօսքեր ունեմ,
Իմ մօտեցող աշնան մէջ`
Գարնան երազներ ունեմ…
Սոնենց-Փափազեան, իր խօսքը աւարտեց յայտնելով.- “Աւիկ ջան, այսօր, բոլորս մեր բաժակները կը բարձրացնենք քո գարնան երազների իրականացման համար: Կենա՛ցդ, սիրելի ընկեր…“:
Աւիկ Տէյիրմէնճեան, իր կարգին խօսք առնելով, նշեց թէ յատկապէս ներկայ օրերու դժուար պայմաններն ու համացանցային եւ համակարգչային քանդիչ ստեղծագործումները, հետզհետէ կը տկարացնեն գիրն ու գրականութիւնը, գրողն ու կարդացողը: Սակայն հակառակ, ան յայտնեց թէ կարելի է պայքարիլ եւ շարունակ արտադրել:
Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, իր կարգին սրտի խօսքը փոխանցելով, շեշտեց թէ այսօրուան ձեռնարկին ներկաներուն թիւը, փաստ մըն է, որ գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի հետեւողներու թիւը կը մնայ բարձր:
Նշենք թէ գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ դաշնակահար Լեւոն Յովսէփեան եւ երգչուհի Վիքթորիա Աւետիսեան, որոնք հայրենի գործեր ներկայացնելով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին: Իսկ օրուան ասմունքողն էր Էլիզապէթ Տէր Մեսրոպեանը:
Հանդիսատես մը