
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, Մարտ 17-ին, Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովը հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին վերաբերող բանաձեւ մը` 33 կողմ, 4 դէմ, 0 ձեռնպահ քուէներով:
«Ոչ մի ցեղասպանութեան յանցագործութիւն մէկ օրում չի սկսւում ու աւարտւում, եւ միայն այն ժամանակ, երբ ցեղասպանութիւն իրականացրած ոճրագործն ընդունում է իր արարքը, կարելի է արդիւնք տեսնել: Թուրքիան սեփական պատմութիւնը խմբագրելու անյաջող փորձերով է տարուած», յայտնեց հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեան:
Նիստը վարող համանախագահները նշեցին, թէ Եւրոպայի Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ամբողջութեամբ կը պաշտպանէ այս բանաձեւը: