ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ՅԻ ՀԱՅ ԴԱ­ՏԻ ԳՐԱ­ՍԵՆ­ԵԱ­ԿԸ ՇՆՈՐ­ՀԱ­ԿԱ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ԼԻԹ­ՈՒԱՆ­ԻՈՅ ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻ ԱՆ­ԴԱՄ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 32 Second

p1 lituania hov  Փետր­ուար 26, 2013-ին Լիթ­ուան­իոյ խորհր­դա­րա­նի (Սէյ­մաս) ինը երես­փո­խան­ներ հրա­պա­րա­կե­ցին հռչա­կա­գիր մը` երկ­րի խորհր­դա­րա­նին մէջ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան հետ բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի ստեղծ­ման իրենց որո­շու­մին մա­սին:

Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի Պրիւք­սէ­լի գրա­սեն­եա­կը, հռչա­կա­գ­րի հրա­պա­րա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, յա­տուկ գրու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րեց ինը երես­փո­խան­նե­րը` քա­ջա­լե­րե­լով, որ շա­րու­նա­կեն իրենց որո­շու­մի գոր­ծադր­ման աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ան­տե­սեն Ատր­պէյ­ճա­նի ան­բա­րոյ եւ անար­ժէք ճնշում­ներն ու սպառ­նա­լիք­նե­րը: Եւ­րո­պա­ցի երես­փո­խան­ներ եւս սկսած են ղրկել զօ­րակ­ցու­թեան նա­մակ­ներ ինը երես­փո­խան­նե­րուն: Ասոնց­մէ առա­ջինն է Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն-Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի նա­խա­գահ, Կիպ­րո­սէն երես­փո­խան բժշկու­հի Էլե­նի Թէ­ո­քա­րուս:

“Լիթ­ուան­իոյ Խորհր­դա­րա­նի ինը երես­փո­խան­նե­րու այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը` բա­րե­կա­մու­թեան խումբ մը հիմ­նե­լու Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան հետ, օրի­նակ պէտք է ծա­ռա­յէ քա­ղա­քա­կան բո­լոր այն ան­ձե­րուն, որոնք մնա­յուն կեր­պով կը քա­րո­զեն մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազատ ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քի մա­սին, բայց անոնց մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար, յա­ճախ պե­տա­կան կար­ճա­ժամ­կէտ կամ անձ­նա­կան շա­հը եւ ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րը, ըստ երե­ւոյ­թին, աւե­լի ծանր կը կշռեն, քան մարդ­կա­յին հիմ­նա­կան վեհ ար­ժէք­նե­րը“, շեշ­տեց Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պետ­եան:

Սոյն հռչա­կա­գի­րի հրա­պա­րա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սոյն երես­փո­խան­նե­րուն վրայ սկսան բա­նեց­ուիլ շատ մեծ ճնշում­ներ, որ­պէս­զի յետս կո­չեն իրենց որո­շու­մը: Ինը երես­փո­խան­ներն ալ` տի­կին­ներ Տալ­իա Քու­յի­տի­թէ, Տան­կութ Մի­քութի­էն, Ալ­մա Մոն­քա­յօ­ա­քա­յիթ, Վինս Վայ­տե­վույ Մար­կե­վիսի­էն, Օրին­թա Լէյ­փութ եւ պա­րոն­ներ` Քես­թու­թիս Մա­սիու­լիս, Ալ­կիս Քա­սե­թա, Փրո­վի­լաս Ուրպ­սիս, հաս­տատ կը մնան իրենց նա­խա­ձեռ­նու­թեան վրայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles