Գլխաւոր

Երեւանի մէջ.- Ելեկտրականութեան Սակի Բարձրացման Դէմ Ցոյց

ARF Armenia's youth and Nikol Aghbalyan students' unions staged a protest action against energy price increase in front of the RA Public Services Regulatory Commission building
ARF Armenia’s youth and Nikol Aghbalyan students’ unions staged a protest action against energy price increase in front of the RA Public Services Regulatory Commission building

Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ դաշնակցական երիտասարդներու կազմակերպած բողոքի ցոյցը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին, որ դադրի ելեկտրականութեան հոսանքի սակի վերատեսութեան նիստը, եւ յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Նազարեան իջնէ, բացատրութիւն տայ իրենց կատարուած ապօրինութիւններուն վերաբերեալ:

Ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ բախում: Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչը յաջողեցաւ Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի անդամներուն փոխանցել ցուցարարներուն պահանջը:

 

Advertisement Subscribe Today

Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ պէտք է Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր ընկերութիւնը սնանկ ճանչնալու հոլովոյթ սկսիլ, որովհետեւ  ընկերութիւնը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը  մէջ  կրկնակի անգամ սակը բարձրացնելու յայտ ներկայացուցած է:

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button