ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒԷՆ՝ ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 14 Second

Ա.Ա.

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղծուած ընդհանուր խառնաշփոթ իրավիճակին մէջ, երեք հիմնական խնդիրներ կարիքը ունին արմատական լուծումներու։ Այս խնդիրներուն նկատմամբ հայկական եւ ատրպէյճանական դիրքորոշումները տրամագծօրէն կը տարբերին իրարմէ, ինչ որ չափազանց կը բարդացնէ լուծման հոլովոյթները։ «Զանգեզուրեան Միջանցք»-ի մը մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պնդումը եւ Ռուսիոյ քար լռութիւնը, պատերազմական հայ գերիներու եւ քաղաքային պատանդներու տագնապը եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակին ճշդումը այն խնդիրներն են, որոնք կարիքը ունին հիմնական, արդար եւ երկարաժամկէտ լուծումներու։ Մինչդեռ ատրպէյճանական իշխանութիւնները իրենց վարած քաղաքականութեամբ կը խեղաթիւրեն իրականութիւնները, կը շահագործեն պատերազմական գերիներու թղթածրարը եւ կը մերժեն Արցախի տագնապին գոյութիւնը։

«Զանգեզուրեան Միջա՞նք, թէ՞ փոխադրութեան ուղիներ»

Ատրպէյճանի նախագահը յստակօրէն կը խեղաթիւրէ ինը նոյեմբեր 2020ին կնքուած եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտը,որուն մէջ կը նշուի հաղորդակցութեան միջոցներու եւ փոխադրութեան ուղիներու վերականգնման անհրաժեշտութիւնը։Խօսքը կը վերաբերի Մեղրիի վրայով կառուցուելիք մայրուղիի մը եւ նախկին խորհրդային օրերուն կառուցուած երկաթուղիին վերաբացման։ Այս ուղիներուն նպատակը շատ յստակ է։Նախիջեւանի ինքնավար մարզին եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապի վերստեղծում ՝ Հայաստանի վրայով։Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք Նախիջեւան- Ատրպէյճան ցամաքային կապը Իրանեան հողերէն կ՛անցնի։ Այժմ նպատակը Մեղրիի միջոցով այդ կապը վերականգնելն է։
Սակայն Ալիեւ եռակողմ յայտարարութեան հրապարակումէն քանի մը շաբաթ ետք սկսաւ ակնարկել «Զանգեզուրեան Միջանցք»ի մը մասին։ Առաջին օրերուն, երբ Ալիեւ նման ակնարկութիւն կը կատարէր, ռուս պատասխանատուներ, ինչպէս՝ նախագահ Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա,կը հերքէին, որ Մեղրիով անցնելիք մայրուղին միջանցքի կարգավիճակ ունի։Սակայն վերջին շրջանին ռուսական պաշտօնական դիրքորոշումը յստակօրէն փոխուած է եւ ոչ ոք այլեւս կը հերքէ Ալիեւի յայտարարութիւնները։ Նոյնիսկ երբ Ալիեւ Զանգեզուրը ատրպէյճանական պատմական տարածք անուանեց, Զախարովա խուսափեցաւ այս հարցին անդրադառնալէ եւ դիւանագիտական անհասցէ պատասխան մը տուաւ՝ այս մասին իրեն ուղղուած հարցումին։
Մինչ Ալիեւ կը պնդէ «Զանգեզուրեան Միջանցք»-ի մը կառուցման մասին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հերքէ նման միջանցքի մը ստեղծման մասին որեւէ համաձայնութեան մը գոյութիւնը։Հարցը այն է, որ այս պարագային հայկական եւ ատրպէյճանական տեսակէտերը տրամագծօրէն կը տարբերին իրարմէ եւ երրորդ կողմը՝ Ռուսիա, քար լռութիւն կը պահէ։

«Պատերազմական գերինե՞ր, թէ՞ վարձկան ահաբեկիչներ»

Պատերազմական հայ գերիներու եւ քաղաքային պատանդներու հարցը ներկայիս կը գտնուի Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին օրակարգին վրայ, որովհետեւ մինչեւ այսօր Պաքուի իշխանութիւնները կը մերժեն ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցել ատրպէյճանական բանտերու մէջ գտնուող պատերազմական հայ բոլոր գերիներուն եւ քաղաքային պատանդներուն մասին։ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանը միջանկեալ միջոցի կիրառման որոշում կայացուցած է՝ Ատրպէյճանը դնելով արագ եւ հաւաստի տեղեկութիւններ փոխանցելու պարտաւորութեան տակ։ Սակայն պաշտօնական Պաքու կը պնդէ,որ Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներ եւ պատանդներ չկան։ Իսկ անոնք, որոնք արգելափակուած են, պատերազմական գերի չեն, որովհետեւ , ըստ ատրպէյճանցիներուն, ատրպէյճանական հողեր թափանցած են եռակողմ յայտարարութենէն ետք եւ ատրպէյճանցի զինուորներ սպաննած են։ Այս պատճառով ալ ահաբեկիչներ են, որոնց դէմ դատական գործեր հարուցուած են։
Ատրպէյճանի մէջ արգելափակուած պատերազմական հայ գերիներու եւ քաղաքային պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման կոչերը ցարդ կը մնան անպատասխան, որովհետեւ յատկապէս Ռուսիա ոչինչ կ՛ընէ, որպէսզի Ալիեւ զանոնք Հայաստան վերադարձնելու հրամանը արձակէ։ Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ իր մօտ պատերազմական հայ գերի եւ քաղաքային պատանդ չկայ, իսկ հայկական կողմը կը հաւաստիացնէ, որ Պաքուի մէջ կան 249 պատերազմական հայ գերիներ եւ քաղաքային պատանդներ։
Ամենայնդէպս, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանին մօտ հայ գերիներու շահերու պաշտպան իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեանի համաձայն, ատրպէյճանական կողմը հայ գերիները քաղաքական եւ տարածքային սակարկութիւններու նիւթի վերածած է։ Խնդիրը կը վերաբերի Արարատի մարզի Տիգրանաշէն գիւղին,որ Արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին ազատագրուած է եւ այժմ ատրպէյճանցիք կը ջանան տասնինը քառակուսի քիլոմեթր տարածքը վերադարձնել։ Սահակեան նշեց, որ ունի տեղեկութիւններ, թէ կը քննարկուի Տիգրանաշէնի հարցը։ «Ոչ միայն բանակցութիւններ կը կատարուին, այլեւ անոնց զուգահեռ սկսած է ճանապարհի շինութիւնը, որպէսզի ստեղծուի այլընտրանքային ճանապարհ, որ մնայ հայկական տիրապետութեան տակ, իսկ գործող ճանապարհը յանձնուի ատրպէյճանցիներուն։ «երկրորդ խնդիրը, որ դարձեալ բանակցութիւններու նիւթի վերածուած է, հայկական ուժերու հեռացումն է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութենէն», յայտնեց Սահակեան։

«Արցախի կարգավիճակ. Ո՛չ, Արցախի տագնապ գոյութիւն չունի»

Երբ պատերազմը աւարտեցաւ՝ եռակողմ յայտարարութեամբ, օրին ռուսերը նշեցին, որ Արցախի կարգավիճակին մասին ներկայիս կարելի չէ բանակցութիւններ վարել եւ այս շատ կարեւոր եւ առանցքային խնդիրը յետաձգեցին, ձգձգման դիւանագիտական դասականացած գործելաոճի մը բացառիկ օրինակով մը։Այսօր հայկական կողմը բոլոր առիթները կ՛օգտագործէ եւ անդադար կը կրկնէ, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակը պէտք է ճշդուի՝ միջազգային օրէնքի հիմամբ, արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկմամբ։
Մերթ ընդ մերթ միջազգային կոչեր եւս լսելի կը դառնան, թէ Արցախի տագնապը լուծուած չէ, այնքան ատեն որ ճշդուած չէ Արցախի վերջնական կարգավիճակը։Սակայն այս կոչերը կը մնան դիւանագիտական «քաղաքաքավար» յայտարարութիւններու ծիրին մէջ եւ միջազգային ընտանիքը ցարդ ոչ մէկ քայլի դիմած է, որպէսզի Պաքուի պարտադրէ՝ հաշուի առնելու ազատ ու անկախ ապրելու արցախահայութեան կամքը եւ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու, քննարկելու համար Արցախի վերջնական կարգավիճակի խնդիրը։
Պատերազմ յաղթած պետութեան նախագահի հոգեբանութեամբ՝ Ալիեւ ոչ միայն դարձած է ամբարտաւան եւ անդադար հայութեան հասցէին սպառնալիքներ արձակող ամբոխավարի մը, այլեւ Պաքու այցելող պետական բոլոր պատասխանատուներուն կը փոխանցէ, որ Արցախի տագնապ գոյութիւն չունի։Այսինքն՝ կարիք չկայ բանակցելու, Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ։ Հոս պէտք է յիշել Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ յանձնակատար Թոյվօ Քլաարի Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն Հարաւային Կովկաս այցելութեան հնարաւորութեան մասին։Ան յստակօրէն ըսաւ,որ համանախագահները Արցախ մուտք գործելու հնարաւորութիւն պէտք է ունենան։ Այսինքն՝ Պաքու արգիլած է անոնց Արցախ այցելութիւնը, ինչ որ ցոյց կու տայ Արցախի վերջնական կարգավիճակի շուրջ որեւէ բանակցութիւն մերժելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մտադրութիւնը ։
Հայկական կողմը կը շարունակէ դիւանագիտական յայտարարութիւնները՝ Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ բանակցութիւններուն համար իր ամբողջական պատրաստակամութեան մասին։Պաքու կը մնայ անդրդուելի՝ «Չկայ Արցախի տագնապ» յայտարարելով…

…Իսկ մինչ այդ Երեւանի մէջ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles