ԳլխաւորԽմբագրական

ԵՐԲԵ՛Ք ՉՎՀԱՏԻԼ

 

Գործ՝ Լիանա Մկրտչեանի – Մեծն Բրիտանիա

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական 

Ապրիլ 24-ը երկար ժամանակ եղած է որպէս հաւաքական սուգի եւ համահայկական շարժման առանցքային հանգրուան, սակայն վերջերս հիմնարար հարցադրումներ ահազանգային կացութիւն մը ստեղծած են, նսեմացնելով պատմութիւնը՝ Հայոց Պատմութիւնը եւ այդ օրերու կարմիր լուրերը։

․․․Կարմիր լուրեր, որոնք այսօր ալ, Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին սեմին կը շարունակուին։ Գրաւեալ Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարի ոչնչացումը՝ ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ եւ այլ բազմաթիւ սրբապղծումներ ցայտուն օրինակներ են։

1991-ի վերանկախութենէն ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակ ձեռք երկարելով Սփիւռքի զանազան գաղութներու հետ, պայքարած է յանուն Ցեղասպանութեան զոհերուն, միջազգային ճանաչման հետապնդման, զուգորդուած արդարութեան եւ հատուցման։ Դեռ աւելին, հետեւողական պահանջներով, գործած է ոչ միայն որպէս բարոյական հրամայական, այլեւ որպէս դիւանագիտական ռազմավարութեան բաղադրիչ։

Դժբախտաբար, Մայիս 2018-էն ի վեր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, 19 Բաղրամեան պողոտայի աթոռներուն վրայ նստած ՔՊ-ական կառավարութիւնը գործի լծուած է տարբեր քաղաքականութիւն որդեգրելով եւ վերակարգաւորած է իր մօտեցումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ, զայն ազգային եւ արտաքին քաղաքականութեան կեդրոնական առանցքէն դուրս բերելով եւ վերածելով աւելի սահմանափակ եւ երկրորդական նշանակութիւն ունեցող խնդիրի։

Advertisement Subscribe Today

Տեսական առումով, այս փոփոխութիւնը կարելի է մեկնաբանել ռազմավարական գործնապաշտութիւն (pragmatism), ուր պետութիւն մը, այս պարագային՝ Հայաստան, դիմագրաւելով սուր անվտանգային մարտահրաւէրներ, կը փորձէ նուազեցնել օրինաչափական պարտաւորութիւնները, որոնք կրնան սահմանափակել իր նպատակները։ Սակայն այս մօտեցումը կրնայ թեւեր տալ թշնամի երկրին, որ շարունակ յաւելեալ պահանջելով, կրնայ մոռացութեան մատնել ամենադոյզն իրաւունք մը, հատուցում մը․․․արդարութիւն մը։

Հաշտեցման վերաբերեալ գիտական գրականութիւնը՝ ՝ որպէս կայուն խաղաղութեան նախապայման, կը շեշտէ ճշմարտութեան ճանաչման կարեւորութիւնը։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու պարագան, սակայն, կը թուի շեղիլ այս մօտեցումէն, հարցականի տակ դնելով այն գործընթացի կենսունակութիւնը, որ կը շրջանցէ պատմական արդարութիւնը։

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման քաղաքականութիւնը կը կազմէ այս կողմնորոշման առանցքային տարրերէն մէկը։ Թէեւ կողմնակիցները կը շեշտեն բաց սահմաններու եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական հնարաւորութիւնները, գործընթացին անհամաչափ բնոյթը կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն։

Յստակ է, թէ Թուրքիոյ շարունակական ժխտումը Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ իր սահմաններուն մէջ պատմական բաց ու թափանցիկ քննարկումներու սահմանափակումները, կը ստեղծեն անհամաչափ կառուցուածք։ Առանց պատմական պատասխանատուութեան վերաբերեալ յստակ նախապայմաններու, մերձեցումը կրնայ հանգեցնել անարդար ու անհամաչափ հաշտեցումի մը, ուր մէկ կողմը փաստօրէն կը զիջի իր պատմական պահանջները, մինչ միւսը պարտաւորութիւններ չի ստանձներ, այսինքն մէկ խօսքով անտառի քաղաքականութիւնը ծով փոխադրելով՝ մեծ ձուկը կը կլլէ փոքրը։

Այսպիսի յանձնուողական յանձնառութիւն ստեղծած է դժգոհութեան մեծ ալիք եւ պատճառ դարձած՝ քննարկումներու մասնագէտներու, քաղաքական վերլուծաբաններու եւ սփիւռքեան կառոյցներու շրջանակներուն մէջ՝ անոր ազդեցութեան առնչութեամբ ազգային ինքնութեան, միջազգային դիրքաւորման եւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան վրայ։

Ցեղասպանութեան ճանաչման այս ժխտական մօտեցումը նաեւ նշանակալի հետեւանքներ  են հայկական ազգային ինքնութեան համար։ Ցեղասպանութիւնը ծառայած է որպէս հիմնարար պատում ժամանակակից հայկական ինքնութեան ձեւաւորման մէջ՝ ազդելով մշակոյթի, քաղաքական խօսոյթի եւ ազգային գործընթացի զարգացման վրայ՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին։

Թէեւ խաղաղութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան ձգտումը օրինական նպատակ է, պատմական արդարութեան անտեսումը կը պարունակէ թէ՛ արժէքային եւ թէ՛ ռազմավարական վտանգներ։ Երեւանի ներկայ գործելաձեւը կ՛արտացոլացնէաւելի լայն լարուածութիւն մը՝ իրապաշտ քաղաքականութեան պահանջներուն եւ հաւաքական յիշողութեան տեւական ազդեցութեան միջեւ։

Վերջերս, Անթալիոյ մէջ կայացած դիւանագիտական հաւաքի ընթացքին, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները յայտարարեցին, որ մօտ ատենէն պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր, եթէ կատարուին Հ․Հ․ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն ու «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումը։ Ահաւասիկ անընդունելի եւ գերզիջողական նախապայմաններ, որոնք կը շարունակեն կրծել եւ հարուածել, արդէն իսկ անկարող ու դատարկ հայրենի դիւանագիտութիւնը։

Այս պրիսմակով դիտուած, Ապրիլ 24-ը լոկ յիշատակի օր մը չէ եւ կը վերածուի վճռորոշ հանգրուանի՝ վերարժեւորելու պատմութեան դերը Հայաստանի ապագայի կերտման, իմա գոյութեան մէջ։

ԵՐԲԵ՛Ք ՉՎՀԱՏԻԼ։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button