Գլխաւոր

Դատաւոր Յակոբ Մանուկեան Մերժեց Կատարել Վեհափառ Հայրապետի Դատավարութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ․- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գործով առաջին դատական նիստը, որ տեղի ունեցաւ օգոստոս 7-ին, մեկնարկէն քանի մը վայրկեան ետք աւարտեցաւ։ Փաստաբաններու փոխանցմամբ՝ դատաւոր Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ յայտնեց եւ հրաժարեցաւ գործը քննելէ։ Նիստը դռնփակ ընթացաւ՝ դատաւոր Մանուկեանի նախագահութեամբ։

Փաստաբան Արա Զոհրապեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ դատաւորը իր որոշումը հիմնաւորած է այն հանգամանքով, որ ինք նախկին փաստաբան է, իսկ փաստաբանական արտօնագիրը ստացած է այն ժամանակ, երբ Արա Զոհրապեան կը գլխաւորէր Փաստաբաններու պալատը։

«Դատաւորը նկատի ունեցաւ, որ այս հանգամանքը կրնայ կասկածներ յառաջացնել, եւ այդ պատճառով ինքնաբացարկ յայտնեց։ Կ՛ողջունեմ իր այս քայլը, որովհետեւ, ըստ էութեան, հրաժարեցաւ այս ամօթալի գործընթացին մաս կազմելէ», ըսաւ Արա Զոհրապեան։

Ան նաեւ նշեց, որ այժմ գործը պիտի մակագրուի նոր դատաւորի, որմէ ետք պիտի նշանակուի նոր դատական նիստ։ «Եթէ բացարկի այլ հիմքեր չըլլան, նոր դատաւորը պիտի քննէ գործը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ դատաւորին նախկին փաստաբան ըլլալը, իր գնահատմամբ, ինքնին բացարկի իրաւական հիմք չէր։

Դատարանը լքելէ ետք Վեհափառ Հայրապետը, իր աջակիցներու ուղեկցութեամբ, Արմաւիրի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն մեկնեցաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր նախատեսուած էր ժամերգութիւն։

Դատարանի բակին մէջ Վեհափառին դիմաւորած էին հարիւրաւոր քաղաքացիներ, հոգեւորականներ եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներ։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button