ԳՈՅԺ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ իր կազմի անդամներէն, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան նախկին ատենապետ, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական`

ԵՂԲ. ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2021-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, Արժանթին։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Ութ օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, Երեքշաբթի, 24 Օգոստոսին, Պուէնոս Այրէսի մէջ մահացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան։

Եղբ. Թորգոմեան անցեալ Երկուշաբթի ունեցած էր ուղեղային անակնկալ կաթուած, որուն հետեւանքով ան փոխադրուած էր հիւանդանոց։ Եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան ծնած է Թորգոմ եւ Ալիս Թորգոմեաններու ընտանեկան հայաշունչ յարկին տակ, Մարտ 8, 1967-ին, Արժանթին։ Ան աւարտած է Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանը։

Փոքր տարիքէն Հ.Մ.Ը.Մ.-ին անդամակցած իբրեւ գայլիկ եւ մարզիկ, ան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հէնտպոլի խումբին հետ ան հասած է մինչեւ ֆետերասիոնի առաջին մակարդակի ախոյեանութիւն։

Լռակեաց, համեստ ու աշխատասէր Արմանտօ Թորգոմեան եղած է Պուէնոս Այրէսի երիտասարդական վարչութեան ատենապետ։ Ապա, մասնաճիւղի վարչական եւ այնուհետեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, միշտ եւ ամէնուր դրօշակիրը հանդիսանալով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ազգային արժէքներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամակցութեան կողքին, եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան եղած է հաւատաւոր դաշնակցական։ Խոնարհ ու «անկեղծ զինուոր» հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին։ Ան եղած է Հ.Յ.Դ. Պուէնոս Այրէսի կոմիտէի ու ապա՝ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։ Ան մաս կազմած է նաեւ Պուէնոս Այրէսի Ազգային Խրիմեան վարժարանի խնամակալութեան։

Իբրեւ մարզիկ եւ պատասխանատու, ան մասնակցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բազմաթիւ մարզախաղերու, խորհրդաժողովներու եւ հանդիպումներու՝ իր ողջմիտ կեցուածքներով եւ շրջահայեաց մօտեցումներով արժանանալով բոլորին գնահատանքին ու յարգանքին։ Ան իր մասնակցութիւնը բերած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 12 Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներէն 7-ին։ 11-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2015-ին, ան ընտրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ չորս տարի ետք՝ 2019-ին վերընտրուած է քառամեայ նոր շրջանի մը համար, մաս կազմելով Կեդրոնական Վարչութեան մարզական եւ երիտասարդական յանձնախումբերուն։

Արմանտօ Թորգոմեան ամուսնացած է եւ բախտաւորուած մանչ զաւակով մը՝ Արամ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles