
Նոյեմբեր 11-13-ին, Տիյարպէքիրի (Տիգրանակերտ) քաղաքապետարանէն ներս, տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որուն նիւթն էր, քաղաքի փոքրամասնութիւնները 1838-1938 տարիներուն:
Այս գիտաժողովը, կազմակերպուած էր “Հրանդ Տինք Հիմնարկ“ին կողմէ: Բացման խօսքը կատարեց քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր, որ անգամ մը եւս կոչ ուղղեց, անցեալի նման գործակցելու:

Պայտեմիր, նշեց թէ պատմութեան էջերը կը փաստեն թէ Տիգրանակերտ, վերոշեալ թուականներուն սկիզբը եղած է, շրջանի մեծագոյն քաղաքներէն, այդ ալ շնորհիւ փոքրամասնութիւններու կատարած աշխատանքին: Ան հաստատեց թէ հետզհետէ հայերն ու ասորիները սկսած էին հեռանալ, եւ այդ պատճառով ալ, շրջանը կորսնցուցած էր իր դիրքն ու կարեւորութիւնը: Պայտեմիր եզրակացուց թէ, քաղաքէն ներս, ամէն ճիգ պիտի թափուի, որպէսզի, այս հեռացած փոքրամասնութիւններուն յանձնուին իրենց կալուածներն ու ինչքերը: Պայտեմիր կ՛ամբաստանուի, արգիլուած կազմակերպութիւններու հետ գործակցած ըլլալուն պատճառով եւ կրնայ 28 տարիով բանտարկուիլ:
Դժբախտաբար պետական միջամտութեան արդիւնք, կարելի չեղաւ ուղղակիօրէն սփռել այս գիտաժողովը, որուն բացման հանդիսութեան նաեւ խօսք առաւ, Հրանդի կողակից` Ռաքէլ Տինքը:
Այս գիտաժողովին մասնակցեցան Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Թուրքիայէն ժամանած զանազան մասնագէտներ, դասախօսներ եւ հրաւիրեալներ, որոնց կարգին.- Ռէմոն Գէորգեան, Սեդա Ալթուկ, Վահէ Թաշճեան, Հանս Լուքաս Քիզըր, Տէյվիտ Կաունթ, Պարպըրա Մերկէրեան, Ճորճ Աղճայեան, Այհան Աքթար, Եէլը Վերհէյժ եւ Ճանէթ Քլայն:
Նշենք թէ, “Հայրենիք“ի անգլերէն բաժնի` “Արմինիըն Ուքլի“ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, ներկայ եղած էր այս գիտաժողովին: