ԲԱ­ՐԵ­ԿԵՆ­ԴԱՆ

0 0
Read Time:9 Minute, 38 Second

 ՆԱՅԻՐԻ ՊԱԼԱՆԵԱՆ

 

Ահա եկաւ հա­յոց ազ­գի օրե­րը, Հա­նե­ցէք հի­նե­րը, հագ­ուե­ցէք նո­րե­րը:

Բա­րե­կեն­դա­նին եր­գուող այս պա­րեր­գի հատ­ուա­ծը տօ­նին ընդ­հա­նուր բնոյ­թը ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու բե­րած է այն հա­մոզ­ման, որ Բա­րե­կեն­դա­նը  այն­քան սիր­ուած  ու սպաս­ուած տօն էր, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ ան ըն­կալ­ուած էր որ­պէս ամե­նազ­գա­յին եւ ինչ­պէս նա­եւ ամե­նա­եր­ջան­կա­բեր տօ­նը:  Բա­րե­կեն­դա­նը կը տե­ւէր եր­կու շա­բաթ, ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դե­լով Ս. Սար­գի­սին եւ աւար­տե­լով Մեծ Պահ­քին: 

Պա­րե­րու, խա­ղե­րու, զուար­ճա­հան­դէս­նե­րու, թա­տե­րա­խա­ղե­րու, հրա­պա­րա­կա­յին խնճոյք­նե­րու եւ ու­րա­խու­թեան եր­կու շա­բաթ է, որուն ըն­թաց­քին հա­սա­րա­կա­կան  յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ըն­տա­նե­կան բար­քե­րը, տա­րի­քա­յին տար­բե­րու­թիւն­նե­րը կը քանդ­ուին, ժուժ­կա­լու­թիւնը կը փո­խա­րին­ուի ան­զուսպ ու­տել-խմե­լով, երի­տա­սարդ­նե­րը աւե­լի ազա­տու­թիւն կ՛ու­նե­նան եւ կը փոխ­ուի ըն­կե­րա­յին դե­րե­րը:

Բա­րե­կեն­դա­նի եր­կու շա­բաթ­նե­րուն, նա­խապտ­ուու­թիւն կը տրուի մսե­ղէ­նի, կաթ­նե­ղէ­նի, իւ­ղի առա­տու­թեան:  Ամէն օր կը գոր­ծա­ծեն կո­վի, ոչ­խա­րի եւ թռչնազ­գի­նե­րէ պատ­րաստ­ուած ճա­շեր, ինչ­պէս նա­եւ կաթ­նա­սէր, մա­ծուն. խա­շիլ եւ խմո­րե­ղէն­ներ:  Առա­ջին օրե­րը կը պա­տրաս­տեն մեծ քա­նա­կու­թեամբ գա­թա եւ հրու­շակ (հալ­ուայ):  Վա­նե­ցի­նե­րը կ՛ը­սեն, “Անօ­թե­ցած է` Բա­րե­կեն­դա­նի գա­թան միտքն է ին­կած“:  Բալ­ուի մէջ, Բա­րե­կեն­դա­նի առա­ջին օրը “Ար­շա­լոյ­սէն առաջ, ժա­մեր­գու­թե­նէն վեր­ջը, որ արե­ւը ել­լե­լէն առաջ կը վեր­ջա­նայ, ճա­շին սե­ղա­նը պատ­րաստ պէտք է ըլ­լար: Այդ օր­ուայ կե­րա­կուր­ներն էին, “փա­թի­լա“, “սը­րը­եմ“ եւ “բխբ­խիկ“: “Փա­թի­լա“ն խմո­րե­ղէն մըն է, որ կը պատ­րաստ­ուի ցո­րե­նի ալիւ­րով: Շատ բա­րակ կը բա­նան խմո­րը եւ մէ­ջը պա­նիր կամ ղա­վուր­մա կը դնեն եւ վրան ու­րիշ խմո­րով կը ծած­կեն, կող­մե­րը կը գո­ցեն եւ կ՛ե­փեն  եւ այս­պէս խաւ խաւ իրա­րու վրայ կը դնեն եւ ապա փոքր քա­ռա­կու­սի պա­տառ­նե­րու կը բաժ­նեն:  “Սը­րըմն“ ալ  բա­րակ հա­ցե­րը պա­տա­ռիկ­նե­րու կը վե­րա­ծեն եւ  սխտո­րով մած­նա­թա­նի մէջ  թո­ղե­լով կը հա­նեն ու խո­րունկ պնա­կի մը մէջ կը շա­րեն ու վրան ար­դար իւղ լեց­նե­լով կ՛ու­տեն: “Բխբխի­կը“, ալիւ­րով, հաւ­կի­թի դեղ­նու­ցով ու կա­թով կ՛ե­փեն իւ­ղի մէջ, անոր ամէն մէկ պա­տա­ռը ըն­կոյ­զէն քիչ մը մեծ կ՛ըլ­լայ: Սե­ղան բե­րե­լէ առաջ վրան ռուպ կամ մեղր կը լեց­նեն: Այլ գա­ւառ­ներ տար­բեր ճա­շեր կ՛ը­նեն, ինչ­պէս փո­րը ձա­ւա­րով եւ հա­մե­մունք­նե­րով լեց­ուած, թո­նի­րի մէջ կարմրց­ուած ոչ­խար: Կ՛ու­տէ­ին նա­եւ թռչուն­ներ, հա­ւեր եւ հնդկա­հա­ւեր, որոնք կը լեց­նէ­ին բրին­ձով, չա­մի­չով, շա­գա­նա­կով, կը խո­րո­վէ­ին, կը տապ­կէ­ին կամ կը խա­շէ­ին:  Պար­տա­դի­րը սա­կայն խա­շիլն էր, որով կը սկսէր տօ­նը եւ եր­կու շա­բաթ կը շա­րու­նակ­ուէր գոր­ծած­ուիլ:

Բա­րե­կեն­դա­նի առտ­ուը­նէ մին­չեւ երե­կոյ տե­ւող խնջոյք­նե­րը բա­ցօդ­եայ կ՛ըլ­լա­յին:  Չնա­յած ձմրան ցուր­տին, անոր կը մաս­նակ­ցէին շա­տեր եւ սե­ղա­նէն ու­զած ժա­մա­նակ­նին կը հե­ռա­նա­յին եւ ու­րիշներ տե­ղեր­նին կու­գա­յին:  Շա­տեր իրենց հետ ու­տե­լիք­ներ կը բե­րէ­ին:  Բա­րե­կեն­դա­նի ճա­շա­տե­սակ­նե­րը եր­թա­լէն կ՛ա­ւել­նար:  Եթէ Երեք­շաբ­թի պար­տա­դիր երեք տե­սակ ճաշ ըլ­լար, Հինգ­շաբ­թի` հինգ, |Շա­բաթ` եօ­թը, իսկ Կի­րա­կի` տաս­ներ­կու: Այն­քան կ՛ու­տէ­ին, որ եր­բեմն Բա­րե­կեն­դա­նը կը կոչ­ուէր “Փո­րե­կեն­դան“

 

“Բա­րե­կեն­դան, փո­րե­կեն­դան,

Բա­րե­կեն­դան օրեր է,

Խելքս գլխէս կո­րեր է“

 

Վեր­ջին օրը, երե­կոյ­եան, կաթ­նա­պուր եւ մա­ծուն կ՛ու­տէ­ին, վրա­յէն ալ խաշ­ուած հաւ­կիթ, ըսե­լով, “բե­րան­ներ­նիս  ճեր­մակ հաւ­կի­թով կը փա­կենք: Աստ­ուած ար­ժա­նաց­նէ կար­միր հաւ­կի­թով բա­նա­լու“, ակ­նար­կե­լով, որ ահա կը սկսի Մեծ Պահ­քը, որուն 49 օրե­րուն ըն­թաց­քին այ­լեւս հաւ­կիթ պի­տի  չու­տէ­ին մին­չեւ Զա­տիկ:

Որոշ տե­ղեր սա­կայն, Բա­րե­կե­դա­նի վեր­ջին օրը կրակ չէ­ին վա­ռեր եւ հա­ւա­քած աւել­ցած մսե­ղէն, կաթ­նե­ղէն-իւ­ղե­ղէն ու­տե­լիք­նե­րը, գեր­դաս­տա­նի գլխա­ւո­րին տու­նը կ՛եր­թա­յին, ուր կրակ կը վա­ռէր եւ Բա­րե­կեն­դա­նի վեր­ջին ձուա­ծե­ղը կը պատ­րաստ­ուէր ու բո­լո­րը ձուա­ծե­ղով կը փա­կէ­ին իրենց բե­րան­նե­րը եւ մե­ծե­րուն ալ օրհ­նու­թիւնը կ՛առ­նէ­ին: Այս օր­ուայ խնջոյ­քը շատ տե­ղեր կը ջնջէր բո­լոր տա­րի­քա­յին տար­բե­րու­թիւն­նե­րը: “Իրա­րու հետ սե­ղան կը նստէ­ին ծե­րու­նի կե­սուր­հայրն ու ման­կա­մարդ հար­սը, տղա­մարդ ու կի­ներ մի­ա­սին կը վա­յե­լէ­ին ճոխ սե­ղա­նը“:

Հար­սա­նիք­ներն ու նշանդ­րէք­ներն ալ Բա­րե­կեն­դա­նի ան­բա­ժան ու­ղե­կից­ներն էին:  Ու­րախ պա­րե­րը Բա­րե­կեն­դա­նի ան­բա­ժան ու­ղե­կից­ներն էին:  Ծե­րեր, երի­տա­սարդ­ներ, կի­ներ ու տղա­մար­դիկ մի­ա­սին կը պա­րէ­ին: Բազ­մա­թիւ պա­րերգ­ներ կան: Օրը օրին կը շատ­նան պա­րե­րը, յատ­կա­պէս  վեր­ջին շա­բաթ-կի­րա­կի օրե­րը անոնք կը դառ­նան հա­մընդ­հա­նուր, հա­մա­գիւ­ղա­կան եւ հա­մա­թա­ղա­յին:

Բա­րե­կեն­դա­նի գլխա­ւոր զուար­ճու­թիւնը սա­կայն խա­ղերն ու թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներն էին, մաս­նա­ւո­րա­պէս խա­ղե­րը, որուն կը մաս­նակ­ցէ­ին երա­խա­նե­րէն մին­չեւ ծե­րե­րը, հարս ու աղ­ջիկ, չա­փա­հաս կա­նայք ու տղա­մար­դիկ:

Ջա­ւախ­քի մէջ եր­գե­րով կը ծաղ­րեն երի­տա­սարդ­նե­րու եւ հար­սե­րու հո­գին հա­նած պա­ռաւ­նե­րուն:

 

“Գլուխդ կապր ես փու­լի,

Դու եղեր ես հա­մամ ղու­լի,

Ինքդ տուռ­նայ, քիթդ զուռ­նայ,

Աչ­քերդ բաղ­նոց դուռ­նայ:

 

Երե­սիդ միսն է գնա­ցեր,

Մէկ ոս­կոր­նիդ է մնա­ցեր,

Բեր­նիդ ակ­ռայ չէր մնա­ցեր,

Դուն լո­լո­զած կաւ կը նմա­նիս“:

 

Կեր­պա­րա­նա­փոխ­ուած կամ դի­մա­կա­ւոր­ուած խում­բե­րու զուար­ճա­խա­ղե­րը եւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րը Բա­րե­կեն­դա­նին աւե­լի սիր­ուած հան­դի­սու­թիւն­ներ էին:

Աւա­րայ­րի Ճա­կա­տա­մար­տի յի­շա­տա­կը Վաս­պու­րա­կա­նի, Շա­տա­խի, Ռշտու­նի­քի, Կա­րի­նի եւ Շի­րա­կի մէջ, մինչեւ  19րդ դա­րի վեր­ջը, Բա­րե­կեն­դա­նի Հինգ­շաբ­թի օրը, խա­ղե­րու կամ արա­րո­ղու­թեան ձե­ւով պահ­ուած է եւ թատ­րո­նի պէս կը ներ­կա­յաց­նեն:

Կան նա­եւ կեն­ցա­ղա­յին թե­մա­նե­րով թա­տե­րա­խա­ղեր:  Օրի­նակ “խնա­մա­խօս“ եր­թա­լու ներ­կա­յա­ցում, ուր այր մար­դիկ կա­նանց դե­րը կը խա­ղան: Բա­րե­կեն­դան­եան ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին փակ թե­մա­ներ չկան:  Հո­գե­ւո­րա­կան­ներն ալ կ՛են­թարկ­ուին ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թեան:  Բա­րե­կեն­դա­նի բո­լոր ու­րա­խու­թիւն­ներն ու խա­ղե­րը կը կա­տար­ուին նա­եւ վա­նա­կան մի­ա­բա­նու­թեան մէջ: Նուա­գա­ծու­նե­րը անար­գել վան­քե­րը կը թա­փան­ցեն եւ կը զուար­ճաց­նեն վա­նա­կան­նե­րը, որոնք այդ օրե­րուն դուրս կու­գա­յին մի­ա­բա­նու­թեան հա­մար սո­վո­րա­կան լռու­թե­նէն եւ խիստ են­թա­կար­գէն: Այս օրե­րու հա­մար կ՛ը­սէ­ին,“Թո­ղեր են Աւե­տա­րան, Առեր են թամ­պու­րան (նուա­գա­րան)“: Կ՛եր­գէ­ին,

 

“Թա­սե­րը չի­նի,                             

Թող մա­զեն հա­մեղ,

Կարմ­րիկ գի­նի.                           

Գի­նին է զօ­րեղ,

Ձեզ անուշ լի­նի:                           

Դուք անուշ ըրէք“:

 

Պա­րերգ­նե­րէն մէ­կը պանդխ­տու­թեան մա­սին է,

 

“Եկանք ի Բա­րե­կեն­դան,

        կ՛եր­թանք ի Զա­տիկ,

Ախ­պար, ելար կ՛եր­թաս,

       ին­տո՞ր տի զա­տինք,

Առաւ­տանց կ՛ել­լես,

           բեռ­նակդ բեռ­ցիր,

Կ՛եր­թաս ղա­րիպ եր­կիր,

      շու­տով ետ դար­ձիր“:

 

Պա­րերգ­ներ են “Լա­լու­խան“, “Մաք­րու­հի“, “Թամ­զա­րա“, “Թռչնո­քի“

Խա­ղերն էին, Լախ­տա­խա­ղեր, Գնդա­կա­խա­ղեր, Ճօ­ճա­խա­ղեր, Վեգ, Ճան, Թո­լո­լանգ, Տաս­սից, Մատ­նի:

Բա­րե­կեն­դա­նը ու­տե­լու, խմե­լու եւ զուար­ճա­նա­լու եր­կու շա­բաթ­ներ են, որուն վեր­ջին գի­շե­րը բո­լոր գեր­դաս­տա­նը կը հա­ւաք­ուի իրենց մե­ծին տու­նը, որ­պէս­զի վեր­ջին ձուա­ծե­ղով հոն իրենց բե­րան­նե­րը փա­կեն եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս անոնց օրհ­նու­թիւնը առ­նեն:  Հա­յը հիւ­րա­սէր, ու­տող, խմող, կերց­նող եւ մե­ծե­րը յար­գող ժո­ղո­վուրդ է: Փո­խան­ցենք մեր աւան­դու­թիւն­նե­րը մեր յա­ջորդ սե­րուն­դին, որ­պէս­զի որ­պէս ըն­տա­նիք եւ ազգ, աե­լի զօ­րա­ւոր ըլ­լանք: Մեծ Պահ­քին, մեր մարմ­նին զու­գա­հեռ, մաք­րենք մեր հո­գի­ներն ու սրտե­րը:

 

Ծանօթ.- Հա­մադր­ուած Հրա­նուշ Խա­րատ­եա­նի “Հայ Ժո­ղովր­դա­կան Տօ­նե­րը“ գիր­քէն

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles