
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Փետրուար 20-ին, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան պատմական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի վերածնունդի օրուան նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախեան շարժումի վեթերաններ, պետական պաշտօնեաներ, պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան սպաներ, քաղաքական շրջանակներու, Հայաստանի եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներ: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշեց, որ սերունդները միշտ պիտի հպարտանան 1988-ին հրապարակ ելած մեր ժողովուրդի քաջութեամբ ու սխրանքով` ընդգծելով, որ այդ տօնը կը հանդիսանայ հայրենասիրութեան, անձնուիրութեան, միասնականութեան, սեփական ուժերուն ապաւինելու, անսասան կամքի եւ հաւատքի խորհրդանիշ:
Ստորեւ, նախագահ Սահակեանի լոյս ընծայած շնորհաւորական ուղերձը.-
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնների եւ անձամբ իմ անունից ի սրտէ շնորհաւորում եմ ձեզ Արցախի վերածննդի օրուայ առթիւ:
30 տարի է անցել այն օրից, երբ մեր ժողովուրդը միասնական ու միակամ ոտքի ելաւ` իր վճռորոշ ձայնը բարձրացնելով յանուն մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան:
Դա խաղաղ եւ արդարացի պահանջ էր, որին Ատրպէյճանը պատասխանեց Պաքւում, Սումկայիթում եւ այլ բնակավայրերում հայ բնակչութեան կոտորածներով, բռնի տեղահանումներով, հազարաւոր մարդիկ դարձան այդ յանցաւոր քաղաքականութեան զոհ:
Ատրպէյճանի կողմից մեզ պարտադրուած անհաւասար եւ արիւնալի պատերազմը է՛լ աւելի կոփեց մեր ժողովրդի կամքը, միաւորեց համայն հայութեանը մեր պապենական հողը պաշտպանելու եւ նրա իրական տէրը դառնալու գործում: Այդ միասնութեան ու համախմբուածութեան, մեր ժողովրդի հայրենասիրութեան եւ ազատատենչ ոգու շնորհիւ մենք կարողացանք ոչ միայն դիմակայել սանձազերծ հակառակորդին, այլեւ տօնել մեծ յաղթանակներ:
Եւ այսօր` 30 տարի անց, կարող ենք հպարտօրէն արձանագրել, որ մեր ժողովրդի ընտրութիւնը ճիշդ էր, որ մենք այլ ճանապարհ չունէինք: Մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր քոյրերի ու եղբայրների հետ միասին հերոսաբար պաշտպանեցինք վտանգուած հայրենիքը, վերականգնեցինք աւերուած տնտեսութիւնը եւ ստեղծեցինք կայուն հիմքեր նրա հետագայ զարգացման համար, կազմաւորուեց պաշտպանութեան բանակը, որը դարձաւ ոչ միայն մեր երկրի, այլեւ տարածաշրջանի կայունութեան ու խաղաղութեան երաշխաւորը, ծնուեց ու դաստիարակուեց մի սերունդ, ում համար հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը բացառիկ արժէքներ են:
Թանկագի՛ն բարեկամներ,
Ես աւելի քան վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը կեանքի է կոչելու իր բոլոր նուիրական իղձերն ու նպատակները:
Մէկ անգամ եւս շնորհաւորում եմ բոլորիս պետական կարեւորագոյն տօնի կապակցութեամբ եւ մաղթում խաղաղութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ մեր հայրենիքին ու ժողովրդին:
Ստեփանակերտ, 20 փետրուար 2018