ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ԷՐՏՈՂԱՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐՏԵԱԼ ՄԸՆ Է
Ապաւինելով աշխարհաքաղաքական համակարգին մէջ իրենց ունեցած դերին, դիրքին եւ որոշ հեղինակութեան, Թուրքիոյ իրերայաջորդ իշխանութիւնները որդեգրած են Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման պետական քաղաքականութիւն մը, որ անկախ այն իրողութենէն, թէ քաղաքական որ ուժը իշխանութեան վրայ կը գտնուի, ոչ մէկ փոփոխութեան ենթակայ է եւ կը շարունակէ ըլլալ պետական քաղաքական ուղեգիծ մը։
Վերջին տարիներուն, յատկապէս երբ միջազգային գետնի վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատառելի քայլ մը արձանագրուի, թուրքերը անմիջապէս նժարի մէջ կը դնեն տուեալ պետութեան հետ ռազմաքաղաքական, տնտեսական եւ այլ յարաբերութիւններն ու կապերը՝ զանոնք զուգորդելով պետական պայմանաւորեալ յարաբերութիւններու։ Մօտիկ անցեալին Գերմանիան էր, յետոյ Ֆրանսան ու Իտալիան, որոնք խորհրդարանական թէ վարչակազմի մակարդակներու վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թէ ցեղասպանական ոճիրին ժխտումը քրէականացնող օրէնքներու որդեգրմամբ հակադրուեցան Անգարայի եւրոպական քաղաքականութեան՝ անշուշտ իրենց կեցուածքին մէջ մնալով նաեւ զուսպ՝ առաջնորդուելով առաւելաբար իրենց տնտեսական շահերը պաշտպանելու առաջադրանքէն։
Ժխտման պետական քաղաքականութեան զուգահեռ՝ իրականութիւնները խեղաթիւրելու, ճշմարտութիւնը չընդունելու եւ զոհը իբրեւ դահիճ ներկայացնելու թրքական դրսեւորումներն են, որ Թուրքիան կը դնեն բաւական ծիծաղելի կացութեան մը մէջ, ուր մանաւանդ երեւան կու գայ քաղաքական ղեկավարութեան անիմացութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի յստակ իրականութիւններու։
Առաջին խեղաթիւրումը կը վերաբերի Հայաստանի պետական արխիւին, որ ինչպէս արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան հաստատեց, վերջին շրջանին թիրախն է թրքական ապատեղեկատուութեան մը, թէ փակ է ակադեմականներու, պատմաբաններու եւ ուսումնասիրողներու դիմաց, որովհետեւ հայկական կողմը ահագին թաքցնելիք ունի եւ չի կրնար ճակատաբաց յայտարարել, որ իր արխիւները ուսումնասիրողներու տրամադրութեան տակ կը գտնուին։
Այս խեղաթիւրման բեմադրիչն ալ եւ ասիկա անակնկալ մը չէ, նախագահ Ռեճէփ էրտողանն է, որ Ապրիլ 24-ին կայացած՝ թրքական պետական արխիւներուն մասին գիտաժողովին ընթացքին ապացուցեց, որ թրքական պատմագիտական- դիւանագիտական սուտն ու ապատեղեկատուութիւնը քաղաքական միտքի մը արգասիքն է։«Հայաստանի պետութեան կոչ կ՛ուղղեմ, հետեւելու մեզի եւ բանալու արխիւները, որպէսզի ճշմարտութիւնը երեւան գայ», յայտարարեց Էրտողան եւ հայերը ամբաստանեց օսմանցիները ջարդելու յանցանքով։Ըստ Էրտողանի, թուրքերը ջարդող հրոսակախումբերու եւ անոնց աջակիցներուն աքսորը ամէնէն տրամաբանական քայլն էր, որ օրին իթթիհատականները առած են։
Ուրեմն քսաներեք Ապրիլ 1915-ի գիշերը պոլսահայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւնն ու երկու ուղղութեամբ՝ Այաշ եւ Չանղըրը աքսորը պատասխան մըն էր էրտողանի յիշած «հրոսակախումբ»երուն, որոնց աջակիցները ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայկական կիլիկիոյ հայութիւնն էր։Ծեր, կին, երեխայ, պատանի, պարմանուհի։Ասոնք հրոսակախումբերու կ՛աջակցէին եւ օսմանցիները կը ջարդէին, ուստի պէտք էր անոնց ձերբազատիլ՝ զանոնք Միջագետքի անապատները քշելով։
Հերթական այս էրտողանեան գիւտարարութեան պատասխանը կու գայ թուրքէ մը՝ փրէօՖեսօր Թանէր Աքչամէն, որ լոյս ընծայեց Հայր Կերկերեանի արխիւը, իր գիրքը վերնագրելով՝ «Սպանութեան հրամաններ․ Թալաաթի հեռագիրները եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն»։
Կերկերեանի արխիւը կը պարունակէ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք՝ Պոլսոյ մէջ ստեղծուած Զինուորական Ատեանին կազմակերպած իթթիհատական պարագլուխներուն դատավարութիւններուն ատենագրութիւնները, որոնց պատճէնը օրին Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան դիւանին յանձնուած է՝ դատավարութեան կողմ մը ըլլալու պատրիարքութեան հանգամանքին համար։Արխիւը՝ քեմալական շարժումէն ետք ամբողջութեամբ փոխադրուած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիւանատուն, որպէսզի անիկա փրկուի քեմալի օրերուն պետական արխիւները փճացնելու մոլուցքէն։Եւ հայր Կերկերեան արխիւը ամբողջութեամբ պատճէհանած ու պահած է՝ իր պրպտումներուն ընթացքին։
Այս արխիւէն հիմա Էրտողան տեղեակ է։Տեղեակ է նաեւ Թալաաթի նօթատետրէն, որուն բովանդակութիւնը հրապարակեց լրագրող Մուրատ Պարտաքճը, որ լոյս բերաւ Թալաաթի կողմէ նշուած՝ աւելի քան 950 հազար հայերու աքսորին մանրամասնութիւնները, թիւերով, աւաններով, գիւղերով եւ քաղաքներով։Այս թիւին մէջ չեն բազմաթիւ բնակավայրերու բնակչութիւնները, որոնց յաւելմամբ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը կը հասնի ու կ՛անցնի ալ մէկուկէս միլիոնը։
էրտողան վստահաբար տեղեակ է նաեւ Մորկընթաուի յուշերէն, Պրայսի Կապոյտ Գիրքէն, Միսիոնարական վաւերաթուղթերէն, եւրոպական բազմաթիւ պետութիւններու արխիւներուն մէջ պահ դրուած փաստաթուղթերէն։ Սակայն կը շարունակէ խեղաթիւրման եւ ստախօսութեան թրքավարի իր ոճը, մանաւանդ յայտարարելով, որ մինչեւ այսօր օտար ոչ մէկ պետութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր քայլը յաջողած է ապացուցել անժխտելի ապացոյցներով։ Ասիկա Էրտողանը առաւել ծիծաղելի կը դարձնէ։


