ԽմբագրականՅօդուածներ

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆ ՄԸ ԵՒՍ՝ ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ

p1 khemp  parlamento latino2

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Օգոստոս 2, 2015

Ջրանցքի երկրէն՝ Փանամայէն սփռուած լուրը դժբախտաբար սպասուածին նման չակնկալուեցաւ, չտարածուեցաւ եւ պարզ ու մեկին Երեւանեան բացատրութեամբ եւ արտայայտութեամբ…չստացուեց: Այս մէկը վերագրել համահայկական խաղերու ստեղծած խանդավառութեան եւ աղմուկի՞ն թէ ամառնային շոգին, որ համեմատաբար կ՛անդամալուծէ քաղաքական անցուդարձն ու առ հասարակ եռուզեռը:
Արդարեւ, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը Յուլիս 31-ին, յատուկ նիստ մը տրամադրելէ ետք, բանաձեւ մը որդեգրած էր, Թուրքիոյ մէջ հարիւր տարի առաջ կատարուածը հայորդիներուն, որակելով մարդկութեան դէմ մեծագոյն յանցանքներէն մէկը: Այսպէս պատշաճօրէն ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը,
Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը շարունակեց, այդ յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան արշաւը, միանալով արդէն իսկ տարածաշրջանի քանի մը երկիրներու լոյս ընծայած բանաձեւերուն:
Պոլիվիա, Չիլէ, Պրազիլ, Արժանթին եւ յատկապէս Ուրուկուայ, իրենց երկրի բարձրագոյն կառոյցներու ճամբով ճանչցած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Փանամայէն հնչած այս ձայնը յար եւ նման է Եւրոխորհրդարանի կառոյցին, գործունէութեան եւ իրաւասութեան:
Այսպէս, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը անշրջելիօրէն կը գործէ եւ կ՛ընթանայ պետական, հասարակական եւ բազմակողմանի մակարդակներով:
Արժանթինի մէջ հետեւողական ձեւով նմանօրինակ բանաձեւեր՝ հակառակ թրքական եւ վերջերս գործի լծուած ազերի լոպիինկին: Ուրուկուայի պարագային,
նախագահ Թապարէ Վասքէս (Մարտ 2015-էն ի վեր պաշտօն ստանձնած) եւ յատկապէս անոր նախորդը՝ Խօսէ Մուխիքան բազմիցս թէ՛ գործակցած եւ թէ՛ անձնապէս ներկայ եղած են ի նպաստ Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն:
Առ այդ, Ուրուկուայի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ալֆրետօ Ասթուն, այս որոշումին մասին անդրադառնալով, նշեց թէ Խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւը: Երեւոյթ մը որ ցոյց կու տայ իսկական պատկերը: Նոյնինքն Ասթուն, իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ թէ Ուրուկուայը այս նիւթին առնչութեամբ, արդէն յիսուն տարիէ ի վեր պայքարած է: Հոս, տեղին է անգամ մը եւս նշել թէ Լատին Ամերիկայի այս ամենափոքր երկիրներէն մէկը եղած էր առաջին պետութիւնը, որ ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու ընդհանրապէս քննադատած էր աշխարհի մէջ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները:
Եւրոխորհրդարանին նման, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը շրջանային մնայուն կազմակերպութիւն մըն է, որ կեանք առած է 1964-ին իբրեւ կեդրոնատեղի ունենալով Փանաման: Այս Խորհրդարանին՝ Փարլամենթօ Լաթինամերիքանոյին (Փարլաթինօ) մաս կը կազմեն թէ՛ Լատին Ամերիկայի եւ թէ՛ Քարայիպեան շրջանի 23 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը համերաշխութեան եւ աջակցութեան ուղերձ մըն է քաղաքակիրթ աշխարհին, շարունակ շեշտելով թէ պէտք անյապաղ պայքարիլ ժխտողականութեան դէմ եւ ներկայ օրերուն, ամենայն թափանցիկութեամբ մօտենալ հարցերուն:
Նմանօրինակ հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայած էր Հ.Հ. Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, վերոյիշեալ բանաձեւի որդեգրումէն օր մը ետք…Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան նախօրեակին:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button