ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ․ Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻԼԻՆՈՅ

0 0
Read Time:55 Second

ՇԻՔԱԿՕ․- Կիրակի, Նոյեմբեր 7-ին, մեծ շուքով նշուեցաւ տեղւոյն Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիու, Իլինոյ) 78-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ, Գերշ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց ու քարոզեց։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ «Շահնազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեդարձի յիշատակելի ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ 130 ծխականներու։ Եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն․ Գույումճեանի աղօթքով ճաշասեղանի օրհնութենէն ետք, տիար Ռաֆֆի Գրիգորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ միամեայ գործունէութեան հակիրճ պատկերը ներկայացուց, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք յատկապէս անցնող տասնութ ամիսներուն իրենց անսակարկ ծառայութիւնը բերին եկեղեցւոյ եւ համայնքի պահպանման։

Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր ստացան Քնարիկ Յարութիւնեան, Մարալ Փօլատեան, Մանուշակ Շանթ, Թոնի Ճէյքոպ եւ տէր եւ տիկ. Ժիրայր եւ Շարի Գազարեան՝ իրենց ծառայութեան եւ զօրակցութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ տարեդարձին առընթեր շնորհաւորեց համայնքը, որ մասնակցելով այս ձեռնարկին, համավարակի ստեղծած ընկերային կեանքի կղզիացումէն դուրս եկաւ։ Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Տ.Վահան եւ երէցկին Մակի Գույումճեաններու սիրայօժար յանձնառութիւնը, որ ամէն շաբաթ Նիւ Ճըրզիէն կու գան Շիքակօ, աշխոյժ պահելով գաղութի բազմակողմանի կեանքը։ Ան նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, յարակից մարմիններն ու քոյր կազմակերպութիւնները, իրենց ցուցաբերած անվհատ կամքին համար։

«Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ տարեդարձի հաւաքը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles