Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107-րդ Տարեկան ժողովի Ճաշկերոյթը Պիտի Պատուէ Երկու Հանրայայտ Առաջնորդներ
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 107-րդ տարեկան դրութեամբ կատարուող ժողովի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նիւ Ճըրզիի Teaneck Marriott at Glenpointe հիւրանոցին մէջ։
Ճաշկերոյթի բնաբանը՝ «Նշելով մեր մնայուն ազդեցութիւնը սերունդներու վրայ», կ՛արտացոլացնէ Աւետարանչական Ընկերակցութեան երկարամեայ յանձնառութիւնը՝ ծառայելու Հայ ժողովուրդին Աւետարանչութեան, Կրթութեան եւ Մարդասիրական ծառայութեան միջոցաւ։
«Մեր բնաբանը “Նշելով մեր մնայուն ազդեցութիւնը սերունդներու վրայ”, կ՛արտացոլացնէ մեր Ընկերակցութեան առաքելութիւնն ու այս տարուան մեծարեալներուն կեանքը։ Անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը անհամար կեանքերու վրայ իր դրոշմը ձգած է եւ պիտի շարունակէ ոգեշնչել գալիք սերունդները», ըսաւ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչագճեան։
Ճաշկերոյթի համանախագահներն են Լիւսիէն Այնիլեան ու Անիթա Պուչագճեան, որոնց նուիրուածութիւնն ու առաջնորդութիւնը մեծապէս կը նպաստեն որ այս երեկոն դառնայ «հաւատարիմ ծառայութեան եւ մնայուն ազդեցութեան» իմաստալից տօնակատարութիւն մը։
Ճաշկերոյթի ընթացքին պիտի մեծարուին երկու հանրայայտ անձնաւորութիւններ, որոնց տասնամեակներու նուիրեալ եւ հաւատարիմ ծառայութիւնը նշանակալիօրէն զօրացուցած է հայ համայնքը.-
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախկին գործադիր տնօրէն։
Դոկտ. Նուրհան Հելվասեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախկին գանձապահ։
«Մինչ կը համախմբուինք մեր ճաշկերոյթին, մեզի համար մեծ պատիւ է գնահատել երկու բացառիկ անձնաւորութիւններ, որոնց հաւատարիմ առաջնորդութիւնն ու անսասան յանձնառութիւնը տասնամեակներ շարունակ զօրացուցած են Հայ Աւետարանական համայնքը։ Մեծարեալներ՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանն ու Դոկտ. Նուրհան Հելվասեանը, իրենց ծառայութեամբ մնայուն ժառանգութիւն ձգած են, եւ մեզի համար առանձնայատուկ պատիւ է նշել անոնց բացառիկ ներդրումը», յայտնեց Աւետարանչականի Նախագահ, Իրաւաբան Կէրի Ռ. Ֆիլիփս։
Մեծարեալ Վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, աւելի քան 25 տարիներ ծառայած է որպէս Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն։ Որպէս յարգուած հայ-ամերիկացի աստուածաբան, հեղինակ եւ եկեղեցական առաջնորդ՝ ան իր կեանքը նուիրած է հովուական ծառայութեան, աստուածաբանական կրթութեան եւ հայ քրիստոնէական գրականութեան զարգացման։
Վեր. Դոկտ. Թութիկեան շրջանաւարտ է Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Hartford Seminary-ին, Harvard Divinity School-ին եւ Andover Newton Theological Seminary-ին մէջ՝ ստանալով երկու մագիստրոսի աստիճան եւ Դոկտորի (Doctor of Ministry) աստիճան՝ cum laude վկայականներ՝ գերազանցութեամբ։
Ան որպէս հովիւ ծառայած է Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ, ապա շարունակած է իր հովուական ծառայութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ։ Ան աւելի քան 50 գիրքերու հեղինակ է եւ ներկայիս Պատուակալ Հովիւն է (Minister Emeritus) Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին (Armenian Congregational Church of Greater Detroit) ։
Վեր. դոկտ. Թութիկեանը ամուսնացած է Ռոզէթ Թութիկեանի հետ եւ ունի երեք ամուսնացած զաւակ, վեց թոռ եւ երեք ծոռ։
Մեծարեալ դոկտ. Նուրհան Հելվասեան, վերջին տասը տարիներուն հաւատարիմ կերպով ծառայած է որպէս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գանձապահ։ Իր առանձնայատուկ մասնագիտական ասպարէզին ընթացքին ան տնտեսագիտութեան, հետազօտութեան եւ ֆինանսական կառավարման իր փորձառութիւնը միացուցած է Հայ Աւետարանական համայնքին նուիրեալ ծառայութեան։
Դոկտ. Հելվասեան ստացած է Գործարար Վարչարարութեան աստիճան (Bachelor of Business Administration), cum laude գերազանցութեամբ, Նիւ Եորքի Քաղաքային Համալսարանի Bernard M. Baruch College-էն, ապա՝ տնտեսագիտութեան դոկտորի (Ph.D.) աստիճան՝ Նիւ Եորքի Քաղաքային Համալսարանի Graduate Center-էն։
Իր մասնագիտական գործունէութիւնը կը ներառէ ծառայութիւն որպէս տնտեսագիտութեան կից դասախօս (Adjunct Professor) Նիւ Ճըրզիի Տեխնոլոգիական Հիմնարկին (New Jersey Institute of Technology), MNH Consulting-ի տնօրէն, National Council on Compensation Insurance-ի Հետազօտական բաժինի տնօրէն եւ գլխաւոր տնտեսագէտ, IBM Corporation-ի Տնտեսագիտական բաժնի կառավարիչ, ինչպէս նաեւ ղեկավար պաշտօններ տնտեսական խորհրդատուութեան եւ վիճակագրական վերլուծութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ան հեղինակած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ տնտեսագիտութեան եւ իրեն առնչուող մասնագիտական ոլորտներու մասին։
Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գանձապահի իր ծառայութենէն զատ, Դոկտ. Հելվասեան ծառայած է որպէս ընկերակցութեան պիւտճէի յանձնախումբի ատենապետ, ինչպէս նաեւ ներդրումներու, անձնակազմի եւ կրթաթոշակներու Յանձնախումբերու անդամ։ Ան նաեւ 2006-էն մինչեւ 2025 ծառայած է Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդին մէջ։ Իր աւելի լայն եկեղեցական ծառայութիւնը կը ներառէ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գանձապահի եւ Թելֆէեան Աւետարանական Հիմնադրամի գանձապահի պաշտօնները։ Ան անդամ է Նիւ Ճըրզիի Փարամըս քաղաքի Հայ Երիցական եկեղեցւոյ։
Դոկտ. Հելվասեան ամուսնացած է տոքթ. Սելեսթ Թելֆէեան Հելվասեանի հետ, եւ ունին երկու դուստր եւ երեք թոռ։
Երեկոյի տօնական մթնոլորտին յաւելեալ գեղեցկութիւն պիտի աւելցնէ «Զուլալ»-ի յատուկ ելոյթը՝ Նիւ Եորքի մէջ գործող եւ մեծ համբաւ վայելող հայ-ամերիկեան a cappella եռեակը, որ կը բաղկանայ Թենի Աբելեանէ, Երազ Մարգարեանէ եւ Անայիս Թէքէրեանէ; Անոնք իրենց կատարումներով պիտի ճոխացնեն երեկոյի յայտագիրը։
«Այս տարուան Ճաշկերոյթի ծրագրաւորումը մեզի համար թէ՛ պատիւ է եւ թէ՛ ուրախութիւն», ըսին ընթրիքի համանախագահներ Լիւսիէն Այնիլեան ու Անիթա Պուչագճեան։ «Անհամբեր կը սպասենք դիմաւորելու մեր անդամները, բարեկամներն ու աջակիցները՝ հաղորդակցութեան այս գեղեցիկ երեկոյին, ուր պիտի մեծարենք երկու հանրայայտ առաջնորդներ, որոնց հաւատքը, տեսլականը եւ ծառայութիւնը մնայուն ազդեցութիւն ձգած են մեր համայնքին վրայ»։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ջերմօրէն կը հրաւիրէ իր անդամները, բարեկամներն ու աջակիցները մասնակցելու հաղորդակցութեան, գնահատանքի եւ ներշնչման այս յիշարժան երեկոյին, ուր պիտի տօնուիայս երկու յարգարժան առաջնորդներուն հաւատարիմ ծառայութիւնն ու մնայուն ժառանգութիւնը։
Ճաշկերոյթին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար, կարելի է կապ հաստատել Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնատեղիին (Paramus, NJ) հետ։ Հեռաձայն․- 201.265.2607, կամ այցելել կայքէջ․- amaa.org/events

