ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Միացեալ նահանգներու մէջ գործող թրքական եօթը կազմակերպութիւններ Քոնկրէսին յղեցին նամակ մը եւ պահանջեցին,որ քոնկրէսականները զօրակցին Էֆ- 35 տիպի օդանաւերու Թուրքիոյ վաճառքին։
Նամակին մէջ նշուեցաւ,որ իբրեւ ՆԱԹՕ-ի երկարամեայ դաշնակից՝ Թուրքիա ամերիկեան պաշտպանական համակարգերը օգտագործած է ի պաշտպանութիւն ամերիկեան ռազմավարական շահերուն, աւելցնելով,որ օդանաւերուն վաճառքը խորքին մէջ ներդրում մըն է շրջանային կայունութեան համար։
*
Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս որդեգրուեցաւ ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան նախարարութեան հսկողութեամբ ստեղծուած Արհեստական Բանականութեան հնգամեայ ծրագիրը, որուն ճամբու քարտէսին նպատակն է ամրապնդել երկրին արհեստագիտական մրցակցութիւնները, թուային անկախութիւնը եւ Արհեստական Բանականութեան կարողականութիւնները։
Ըստ պետական պաշտօնատարներու, այս ծրագիրը ունի Արհեստական Բանականութեան միջոցով չափազանց արագ փոփոխութիւններու հոլովոյթ մը ապրող համաշխարհային տնտեսութեան, հանրային սպասարկութիւններու, ճարտարարուեստի եւ քաղաքային հասարակութեան նոր իրավիճակներուն եւ կացութիւններուն։
Ճարտարարուեստի եւ արհեստագիտութեան նախարար Մեհմէտ Ֆաթիհ Քաչիր յայտնեց, որ կը ծրագրուի յառաջիկան երկու տարիներուն ընթացքին հինգ միլիոն քաղաքացիներու փոխանցել Արհեստական Բանականութեան մասին հմտութիւններ։
*
Արտասահմանի Թուրքերու եւ Առնչուած Հաւաքականութիւններու նախագահութիւնը ընթացք տուաւ թրքական սփիւռքէն Անգարա ժամանած 115 երիտասարդ մեքենագէտներու դասընթացքի մը, որուն նպատակն է անոնց փոխանցել գիտելիքներ եւ հմտութիւն՝ թրքական զինական ճարտարարուեստին մէջ գործող գործարաններուն հետ գործելու հեռանկարով։
Մեքենագէտները հմտութիւն եւ փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգեն, ինչպէս նաեւ պիտի զարգացնեն իրենց ակադեմական գիտելիքները՝ զինական արտադրութեան թրքական մեծ գործարաններու մէջ գործնական աշխատանքի միջոցով։
Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած երիտասարդ մեքենագէտները պիտի գործեն տիեզերային, մեքենագիտական, ելեկտրական եւ ճարտարարուեստական մեքենագիտութեան մարզերուն մէջ։ Թրքական զէնքի եւ զինական սարքերու վեց ընկերութիւններ առիթներ ընծայած են, որպէսզի այս դասընթացքը իրականութիւն դառնայ։
*
Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Քեմալ Մեմիշօղլու յայտարարեց,որ կը ծրագրուի բժշկական յատուկ սարքեր, պատուաստներ եւ դեղօրայք արտադրել Թուրքիոյ մէջ, նպատակ ունենալով թրքական առողջապահական եւ բժշկական համակարգին ամբողջական անկախութիւնը՝ այլ երկիրներէ։
Մեմիշօղլուի համաձայն, թրքական ընկերութիւններ շուտով պիտի սկսին արտադրել ամէնէն շատ պահանջուող պատուաստներէն խումբ մը։ Ան հաղորդեց, որ այս ծիրին մէջ արդէն իսկ սկսած է աշխատանքը՝ դեղնախտի Էյ վարակին դէմ պատուաստը թրքական ընկերութեան կողմէ պատրաստելու համար։ Ան յայտնեց, որ այս բարեփոխումները կը նպաստեն թրքական բժշկական զբօսաշրջութեան զարգացման, աւելցնելով,որ տարեկան երեք միլիոն անձեր Թուրքիա կ՛այցելեն՝ բուժումներու համար։

