Փաշինեանի Վարչախումբին Համար Սփիւռքը Տկարացնել Կը Նշանակէ Հայաստանը Տկարացնել

Մուրատ Փափազեան
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ
Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնէն «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան՝ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական ուժին պատգամաւոր Արման Եղոյեան հարցուցած է, թէ ովքեր են Արամ Համբարեանը՝ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը, Գասպար Կարապետեանը՝ Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը, եւ Մուրատ Փափազեանը՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, եւ թէ քանի՞ հոգիի անունով անոնք կը խօսին։
Իր ելոյթին ընթացքին վերոնշեալ պատգամաւորը յատկապէս փորձած է արժեզրկել Սփիւռքը, թերագնահատել անոր օգտակարութիւնը եւ, ի վերջոյ, պաշտպանել այն անհեթեթ թեզը, թէ աւելի զօրաւոր Սփիւռք մը կը նշանակէ աւելի տկար Հայաստան։ Մեր անձնական գործօնը հոս հիմնական խնդիրը չէ։ Իրական խնդիրը հայ ազգին, անոր պատմութեան եւ ապագային նկատմամբ անոնց ունեցած պատկերացումն է։
Մենք երբեք չենք յաւակնած խօսիլ բոլոր հայերուն անունով։
Մենք կը խօսինք մեր համոզումներուն, մեզի վստահուած պատասխանատուութեան եւ Հայաստանին, Արցախին ու Հայ Դատի ծառայութեան նուիրուած տասնամեակներու հանրային գործունէութեան անունով։ Լեգիտիմութիւնը միայն ընտրական մանդատով չի սահմանափակուիր. անիկա նաեւ կը բխի ծառայութենէն, հետեւողականութենէն, համախմբելու կարողութենէն եւ ձեռք բերուած արդիւնքներէն։ Կառավարութիւնը ժամանակաւոր է, պետութիւնը՝ մնայուն։ Իսկ հայ ազգը անկէ ալ աւելի ընդարձակ է։
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՄԷԿ ԴԱՐ
Ժամանակակից հայկական Սփիւռքը չէ ծնած յարմարաւէտութեան ընտրութենէն։ Ան մեծապէս Ցեղասպանութեան, աքսորի, տեղահանութիւններու եւ Օսմանեան կայսրութեան հայկական համայնքներու բնաջնջման հետեւանքն է։ 1915-էն ետք իրենց հողէն, ունեցուածքէն եւ յաճախ նաեւ ընտանիքներէն զրկուած վերապրողները հաւաքական կեանքը վերակերտեցին Լիբանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Արժանթինի, Ուրուկուայի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Իրանի, Եգիպտոսի, Աւստրալիոյ եւ տասնեակ այլ երկիրներու մէջ։
Անոնք կառուցեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, երիտասարդական տուներ, հիմնեցին թերթեր, ընկերային եւ բարեգործական կառոյցներ։ Անոնք փոխանցեցին հայոց լեզուն, յատկապէս այսօր վտանգուած արեւմտահայերէնը, մեր հաւատքը, մշակոյթը, յիշողութիւնը եւ նոյն ազգին պատկանելու գիտակցութիւնը։ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Համազգայինը, Հ․Մ․Ը․Մ․-ը, Հայ Կապոյտ Խաչը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր կրթական, մշակութային, մարզական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններ թոյլ չտուին, որ աշխարհասփիւռ վիճակը վերածուի անհետացման։
Այս կառոյցները կատարեալ չեն։ Ոչ մէկ մարդկային հաստատութիւն կատարեալ է։ Սակայն անոնց պատմական դերը ժխտել կը նշանակէ ջնջել մշակութային եւ ազգային դիմադրութեան ամբողջ դար մը։ Առանց անոնց՝ Սփիւռքի մեծ մասը պիտի լուծուէր ձուլման մէջ։ Առանց անոնց՝ վերապրողներու միլիոնաւոր ժառանգներ պիտի չկարենային պահել ո՛չ լեզուն, ո՛չ յիշողութիւնը, ո՛չ ալ կենդանի կապը Հայաստանի հետ։
ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՉ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդային տարիներուն Հայաստանը չունէր ինքնիշխան դիւանագիտութիւն, որ կրնար ազատօրէն պաշտպանել հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքները։ Այս պայմաններուն մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Հայ Դատի յանձնախումբերու համաշխարհային ցանցը ստանձնեցին ոչ պաշտօնական իրական դիւանագիտութեան դերը։
Ուաշինկթընի, Փարիզի, Պրիւքսէլի, Օթթաուայի, Լոնտոնի, Պուէնոս Այրէսի, Պէյրութի, Թեհրանի եւ բազմաթիւ այլ մայրաքաղաքներու մէջ անոնք միջազգային հանրային ու քաղաքական օրակարգին վրայ պահեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը, հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ Հայաստանի գոյութեան հարցը։
1991-ի անկախութեան հռչակումէն ետք այս աշխատանքը չդադրեցաւ. ան ծառայեց Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր անվտանգութեան, զարգացման եւ միջազգային հեղինակութեան։ Սփիւռքը համախմբուեցաւ 1988-ի երկրաշարժէն ետք, շրջափակման տարիներուն, պատերազմական ծանր շրջանին՝ Արցախի պաշտպանութեան, փախստականներու աջակցութեան, մարդասիրական ծրագիրներու ֆինանսաւորման, ներդրումներու ներգրաւման եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն առջեւ օտարերկրեայ քաղաքական հաստատութիւններու դռները բանալու համար։
Հայաստանի որեւէ կառավարութեան քաղաքականութեան ընդդիմանալը երբեք չէ նշանակած ընդդիմանալ հայկական պետութեան։ Երբեմն հենց կառավարութեան դէմ հանդէս գալն է պետութեան երկարաժամկէտ ծառայելու լաւագոյն ձեւը։
ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ինքնաբերաբար չէ տրուած. անիկա վերապրողներու, անոնց ժառանգներուն, պատմաբաններու, եկեղեցիներու եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու տասնամեակներու աշխատանքի արդիւնքն է, որոնց շարքին վճռական դեր ունեցած են Հայ Դատի յանձնախումբերը։
2026-ի դրութեամբ, Հայաստանի կողքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը տարբեր իրաւական ձեւերով՝ օրէնքով, խորհրդարանական բանաձեւով կամ կառավարական որոշումով, արձանագրուած է երեսուներեք պետութիւններու կողմէ՝ Արժանթին, Աւստրիա, Պելճիքա, Պոլիվիա, Պրազիլ, Գանատա, Չիլէ, Կիպրոս, Չեխիա, Դանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Յունաստան, Իսրայէլ, Իտալիա, Լաթվիա, Լիբանան, Լիթուանիա, Լիւքսեմպուրկ, Մեքսիքա, Նետերլանտներ, Փարակուայ, Լեհաստան, Փորթուգալ, Ռուսիա, Սլովաքիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Սուրիա, Սուրբ Աթոռ, Վենեզուէլա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ուրուկուայ։
Միջազգային մակարդակին պաշտօնական փաստաթուղթեր, զեկոյցներ կամ յայտարարութիւններ ընդունուած են, մասնաւորաբար, Եւրոպական Խորհրդարանի, Մ․Ա․Կ․-ի Խտրականութեան Կանխարգիլման եւ Փոքրամասնութիւններու Պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի, Մ․Ա․Կ․-ի Պատերազմական Յանցագործութիւններու Յանձնաժողովի, Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի անդամներու, Ֆրանսախօս երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Մերքոսուրի Խորհրդարանի, Ժողովուրդներու Մնայուն Դատարանի եւ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան կողմէ։
Այս բոլորին կ՚աւելնան նաեւ Անցումային Արդարադատութեան Միջազգային Կեդրոնի, Էլի Վիզելի Հիմնարկի, Մարդու Իրաւունքներու Լիկայի, Ամերիկեան Հրէական Համայնքներու Միութեան, Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Ընկերակցութեան, վտարանդի Քրտստանի Խորհրդարանի եւ միջազգային այլ գիտական ու բարոյական հեղինակաւոր կառոյցներու աշխատանքները։
Ահա թէ ի՛նչ կու տայ կազմակերպուած Սփիւռքը․ ան ջնջման վտանգին տակ գտնուող յիշողութիւնը կը վերածէ միջազգայնօրէն ճանչցուած ճշմարտութեան։
ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Մենք պայքարած ենք նաեւ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ այնքան ժամանակ, որքան Անգարան կը շարունակէր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, Հայաստանի շրջափակումը, Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ եւրոպական նախագիծի հիմքին դրուած հիմնարար սկզբունքներու խախտումը։
Այդ պայքարը ուղղուած չէր թուրք ժողովուրդին դէմ. ան կը պաշտպանէր Եւրոպայի արժանահաւատութիւնը եւ ճշմարտութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան ու ժողովուրդներու նկատմամբ յարգանքի արժէքները։
2005-ին հենց Եւրոպական Խորհրդարանն էր, որ սահմանեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է նախապայման ըլլայ Թուրքիոյ անդամակցութեան համար։ Այդ դիրքորոշումը երբեք պիտի չընդունուէր առանց Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններու տարիներու հետեւողական աշխատանքին։
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ
Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բացառիկ կապերը սոսկ դիւանագիտական յայտարարութիւններու արդիւնք չեն։ Անոնք տասնամեակներ շարունակ կառուցուած են հայկական համայնքին, անոր կառոյցներուն եւ գործիչներուն կողմէ՝ քաղաքական բոլոր ուղղութիւններու ֆրանսացի պատասխանատուներու հետ համագործակցութեամբ։
2001-ի Յունուար 29-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող ֆրանսական օրէնքը, Հայաստանի եւ Արցախի օգտին ընդունուած խորհրդարանական բանաձեւերը, քոյր քաղաքներու կապերը, ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը, Ապրիլ 24-ը որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր Ֆրանսայի Հանրապետութեան պաշտօնական օրացոյցին մէջ ամրագրելը եւ ֆրանսացի ընտրուած պաշտօնեաներու մնայուն համախմբումը այդ աշխատանքին արդիւնքներն են։
Ես իմ բաժինս ունեցած եմ այս պայքարին մէջ՝ յաճախ գտնուելով առաջին գիծին վրայ։ Շատերու հետ միասին նպաստած եմ, որ ֆրանս-հայկական բարեկամութիւնը դառնայ քաղաքական եւ ռազմավարական իրականութիւն։ Մենք դռներ բացած ենք Փարիզի, Ազգային Ժողովի, Ծերակոյտի, Եւրոպական Խորհրդարանի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան տարբեր նախագահներու աշխատակազմերուն մէջ։ Բայց պէտք է արժանին մատուցել տասնամեակներու ընթացքին գործող հազարաւոր գործիչներու աշխատանքին. ասիկա անձնական յաջողութիւն մը չէ։
ԻՄ ԱՐՏԱՔՍՈՒՄՍ ՈՒ ԴԱՏԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Հենց այն պատճառով, որ մասնակցած եմ այս պայքարին եւ հրաժարած եմ լռելէ՝ դատապարտելով Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը, 2022-ի Յուլիս 13-ի լոյս 14-ի գիշերը Հայաստանի իշխանութիւնները արգիլեցին ինծի մուտք գործել իմ իսկ Հայրենիքը եւ արտաքսեցին «Զուարթնոց» օդակայանէն։
Որպէս պատրուակ ներկայացուեցաւ իմ ենթադրեալ մասնակցութիւնը 2021-ի Յունիս 1-ին Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած ցոյցին։
Դատական գործընթացի ընթացքին Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը դատարանին մէջ նոյնիսկ չներկայացուց այդ պատրուակը. իմ դէմ կիրառուած միջոցը հիմնաւորող որեւէ փաստարկ արդարադատութեան չներկայացուեցաւ։ Տասնութ ամիս տեւած դատական պայքարէ ետք՝ 2024-ի Յունուարին, Երեւանի Վարչական Դատարանը վճիռ կայացուց իմ օգտին եւ պարտադրեց զիս հանել անցանկալի օտարերկրացիներու ցանկէն։
Այս յաղթանակը ցոյց տուաւ, որ որեւէ կառավարութիւն չի կրնար կամայականօրէն որոշել, թէ իր իշխանութեան անհարմարութիւն պատճառող ակտիվ հայը կրնայ անցանկալի նկատուիլ իր Հայրենիքին մէջ։
ԱԶԱՏ ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՐԲԵՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾԸ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնն այսօր կը փորձէ շրջանցել Սփիւռքի պատմական կառոյցները եւ զանոնք փոխարինել իր իսկ ընտրած զրուցակիցներով ու «յանձնակատարներով»։
Հայաստանի պետութիւնը, անշուշտ, իրաւունք ունի կազմակերպելու Սփիւռքի հետ իր յարաբերութիւնները, սակայն ան իրաւունք չունի որոշելու, թէ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ապրող ազատ քաղաքացիները ո՛վ կը ներկայացնէ։
Սփիւռքը ո՛չ Նիկոլ Փաշինեանի ընտրատարածքն է, ո՛չ ալ Երեւանի կառավարութեան վարչական յաւելուածը։ Սփիւռքի հետ չեն երկխօսիր՝ ընտրելով միայն իշխանութեան հաւանութիւնը վայելողներ եւ դուրս մղելով զայն քննադատողները. ասիկա երկխօսութիւն չի կոչուիր, այլ ենթարկեցնելու փորձ է։
Այդ փորձը պիտի ձախողի։ Սփիւռքի խոշոր հաստատութիւնները գոյութիւն ունեցած են ներկայիս կառավարութենէն առաջ եւ պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ անկէ ետք։ Անոնց լեգիտիմութիւնը կը բխի իրենց պատմութենէն, անդամներէն եւ գործունէութենէն, եւ ոչ թէ որեւէ նախարարական գրասենեակի հաւանութենէն։
ՀԱՄԸՆԿՆՈՒՄ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Իլհամ Ալիեւ հրապարակայնօրէն համաշխարհային «հայկական լոպպին» անուանած է Ատրպէյճանի թիւ մէկ թշնամին։ Էրտողան իր կարգին Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական Սփիւռքը մեղադրած է յարաբերութիւններու կարգաւորման իր պատկերացումներուն խոչընդոտելու մէջ՝ Հայաստանի կառավարութեան կոչ ուղղելով չէզոքացնելու անոր ազդեցութիւնը։
Երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը յարձակին Սփիւռքի պատմական կազմակերպութիւններուն վրայ, կը փորձեն ապալեգիտիմացնել Հայ Դատի գործիչները եւ բազմակարծութիւնը փոխարինել հնազանդութեամբ, անոնք առարկայականօրէն կ՚իրականացնեն այն, ինչ Անգարան ու Պաքուն տասնամեակներէ ի վեր փափաքած են։
Այս համընկնումը արձանագրելու համար գաղտնի հրահանգներու շղթայ մը պատկերացնելու կարիք չկայ. քաղաքական արդիւնքը մեր աչքերուն առջեւ է։ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, Արցախի իրաւունքները եւ Հայաստանի շահերը պաշտպանող կառոյցները տկարացնելու փորձը ուղղակիօրէն կը ծառայէ Էրտողանի եւ Ալիեւի ռազմավարութիւններուն։
Փանթիւրքական ծրագիրը չի վախնար լուռ, բաժնուած եւ անկազմակերպ Սփիւռքէ մը. ան կը վախնայ գիտակից, կազմակերպուած, ազդեցիկ եւ խոշոր ժողովրդավարական երկիրներու մէջ գործելու ընդունակ Սփիւռքէ մը։
ՈՒԺԵՂ ՍՓԻՒՌՔ ՉԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴԱՏԱՐԿԵԼՈՎ
Փաշինեանի վարչախումբին տրամաբանութիւնը հիմնուած է սկզբունքային սխալի մը վրայ. ան ժողովրդագրական ուժը կը շփոթէ քաղաքական ուժին հետ։
Սփիւռքը չի զօրանար միայն այն պատճառով, որ հայեր կը հեռանան Հայաստանէն. ան կը զօրանայ, երբ կը կազմակերպէ արդէն գոյութիւն ունեցող համայնքները, լեզուն կը փոխանցէ նոր սերունդներուն, կը պատրաստէ քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, լրագրողներ, իրաւաբաններ ու ձեռնարկատէրեր, կը ստեղծէ փորձագիտական ցանցեր եւ կը համախմբէ իր տնտեսական ու դիւանագիտական ներուժը։ Այս գործողութիւններէն ոչ մէկը Հայաստանէն կը հեռացնէ նոյնիսկ մէկ բնակիչ։
Մենք կրնանք միաժամանակ ցանկալ, որ աւելի շատ հայեր ապրին Հայաստանի մէջ, որ աւելի շատ հայրենադարձութիւն ըլլայ, եւ որ Սփիւռքը աւելի կազմակերպուած ու ազդեցիկ դառնայ։ Այս նպատակները իրարու հակասական չեն. անոնք փոխլրացուցիչ են։
Հայաստանն ու Սփիւռքը երկու հաղորդակից անօթներ չեն, որոնցմէ մէկը պէտք է դատարկուի, որպէսզի միւսը լեցուի. անոնք նոյն ազգին երկու չափումներն են։
Հայաստանը իր քաղաքացիներուն ինքնիշխան պետութիւնն է, բայց ան նաեւ ամբողջ հայ ազգին հայրենիքն է։
ՄԵՆՔ ՉԵՆՔ ՄՈՌՆԱՐ Ո՛Չ ԱՐՑԱԽԸ, Ո՛Չ ՊԱՔՈՒԻ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐԸ
Այս ազգը երբեք պիտի չմոռնայ Արցախը, 2023-ին բռնի տեղահանուած 120,000 հայերը, իրենց սեփական հողին վրայ ապահով ապրելու անոնց իրաւունքը, ինչպէս նաեւ այսօր վտանգուած հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը։
Ան պիտի չմոռնայ նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարները, զինուորականները, քաղաքացիական անձերը եւ միւս հայ գերիները, որոնք տակաւին պատանդ կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ։
Անոնց անհապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի հետ որեւէ քննարկման կեդրոնական, հրապարակային եւ անսակարկելի պահանջը։ Անընդունելի է, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը այս հարցը բանակցութիւններու կեդրոնը չի դներ։ Գերիները լքելու, Արցախը ջնջելու եւ Սփիւռքը լռեցնելու վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը ո՛չ արդար կրնայ ըլլալ, ո՛չ ալ կայուն։
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՈՒ ԳԱՆ ՈՒ Կ՚ԵՐԹԱՆ, ԱԶԳԸ ԿԸ ՄՆԱՅ
Պարոն Եղոյեան, Ձեր եւ Ձեր գործընկերներուն մանդատը ժամանակաւոր է, հայ ազգը՝ մնայուն։ Դուք կը հարցնէք՝ ո՞վ է Մուրատ Փափազեանը։
Ես միլիոնաւոր հայերէն մէկն եմ՝ մէկ պատմութեան ժառանգորդ, որ ոչ ոք կրնայ ջնջել, եւ կը ծառայեմ հայրենիքի մը, որ ոչ ոք կրնայ ինծմէ խլել։
Ես Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութենէն թոյլտուութիւն չեմ խնդրեր հայ ըլլալու համար, եւ առաւել եւս թոյլտուութիւն չեմ խնդրեր պաշտպանելու Հայաստանը, Արցախը, Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայերը կամ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը։
Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար։ Մենք պիտի շարունակենք պաշտպանել հայութիւնը, անոր ժառանգութիւնն ու շահերը բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր ներկայ ենք։
Ուժեղ Սփիւռքը սպառնալիք չէ Հայաստանի համար. ան ռազմավարական խորութիւն է, անփոխարինելի դիւանագիտական, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական ուժ։ Սփիւռքը տկարացնել՝ կը նշանակէ Հայաստանը տկարացնել. զիրար հակադրելը՝ կը նշանակէ ծառայել անոնց ծրագիրին, որոնք կ՚ուզեն լռեցնել հայ ազգը։
Այդ ծրագիրին մենք պիտի հակադրենք մեր յիշողութիւնը, մեր միութիւնը եւ մեր վճռականութիւնը։
Կառավարութիւնները կու գան ու կ՚երթան, Հայաստանն ու հայ ազգը կը մնան։

