Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտնէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Պաղեստինցի Ուսանողներու Ընդհանուր Միութեան (GUPS) 11-րդ ընդհանուր ազգային համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ՝ 29 Յուլիսէն մինչեւ 31 Յուլիս 2026։
Համագումարը համախմբեց պաղեստինեան, արաբական եւ միջազգային երիտասարդական ու ուսանողական կազմակերպութիւններ՝ քննարկելու քաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումները, ամրապնդելու երիտասարդական կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ վերահաստատելու միջազգային զօրակցութիւնը պաղեստինեան դատին։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական պատուիրակութիւնը ներկայացուցին՝ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն՝ Շերիլին Տիրացուեան եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութենէն ՝ Կարէն Հերկելեան:
Համագումարի, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան ղեկավարութեան եւ միջազգային երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին, դաշնակցական պատուիրակութիւնը բարձրաձայնեց Արցախի հիմնահարցը՝ ներկայացնելով արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը եւ հայրենիք վերադարձի անոնց իրաւունքը, ընդգծելով նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:
Միջազգային մասնակիցներու համար կազմակերպուած ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան ներկայացուցիչը այցելեց Շաթիլայի պաղեստինեան փախստականներու գաղթակայանը, ուր ծանօթացաւ պաղեստինցի ժողովուրդի պատմական փորձառութեան։
Համագումարի փակման արարողութեան ընթացքին, Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ զօրակցութեան պատգամով՝ պաղեստինցի ժողովուրդին եւ իր արդար դատին, շեշտելով երիտասարդութեան ու ուսանողութեան դերը՝ արդարութեան, ազգային ինքնութեան եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ։
Համագումարի շրջանակի ծիրէն ներս, ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY) նախագահ՝ Սերճիօ Ամանթէ եւ պաղեստինցի ուսանողներու ընդհանուր միութեան ղեկավար Սայֆ Աքէլ այցելեցին Աբրահամ Աշճեան Երիտասարդական Կեդրոն։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Եղիա Թաշճեան։
Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու դերը հայ եւ պաղեստինեան դատերու արդար լուծման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ ապագայ համագործակցութեան եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու հեռանկարները։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը վերահաստատէ,որ երիտասարդականի գործօն մասնակցութիւնը միջազգային երիտասարդական եւ ուսանողական հարթակներուն, կարեւոր միջոց է՝ ամրապնդելու եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը համախոհ եւ գործընկեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ միջազգային շրջանակներու մէջ ներկայացնելու համար Հայ Դատը ու հայ ժողովուրդի իրաւունքները:

