Յօդուածներ
Աբրահամ Ա. Արծիւեան Կաթողիկոսի եւ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր` մտերմութեան հետքերով
Սօսէ ՓիլաւճեանԵՐԵՒԱՆ- Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ` 22-24 Յուլիս 2026-ին, կայացաւ 3-րդ Հայագիտական միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին, ուր համախմբուած էին`
Աշխարհի 16 երկիրներու` առաջատար համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու մասնագէտներն ու հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ:
Առ այդ` նպատակայարմար նկատեցինք, համեստ ուսումնասիրութեամբ մը լուսարձակի տակ առնել` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան հիմնադիր` Աբրահամ Ա.Արծիւեան Կաթողիկոսի (աջին) եւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր` Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր (ձախին) միջեւ գոյացած հոգեւոր կապերը եւ անոնց շարունակականութեան արգասիքը հանդիսացող մտաւոր ժառանգութիւնը։
ԺԸ. դարու հայ եկեղեցական եւ մշակութային զարթօնքի պատմութեան մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան ստեղծումը եւ անոր առաջին Գահակալ` Աբրահամ Ա.Արծիւեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի (1679–1749) լուսաւոր դէմքը։
Ըստ որում` Վենետիկի Ս. Ղազարի դիւանատան վաւերագրերէն մէկուն մէջ` (հրատարակուած՝ Հ. Սահակ Ճեմճեմեանի կողմէ, «Բազմավէպ», 1979), Աբրահամ Ա. Արծիւեանի եւ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր միջեւ գոյացած հոգեւոր եղբայրութիւնը սկիզբ առած է` 1697 թուականին, երբ 18-ամեայ երիտասարդ Արծիւեան կը հանդիպի դէպի Պոլիս ուղղուող նորընծայ աբեղայ Մխիթարին: Այս պատմական հանդիպումը խոր հետք կը ձգէ Արծիւեանի հոգիին մէջ, ինչպէս ինք կը վկայէ 1720-ին, Կղեմէս ԺԱ. Պապին ուղղած նամակին մէջ՝ նշելով, թէ «սկսայ ճանաչել զուղղափառ ճշմարտութիւնն ի ձեռն արգոյ Մխիթար Աբբահօր»:
Արծիւեան` Բերիոյ Թեմի առաջնորդ ձեռնադրուելէն ետք անգամ` կը շարունակէ սերտ կապի մէջ մնալ Ս. Ղազարի նորահաստատ միաբանութեան հետ՝ ի դէմս Աբբահօր Մխիթար Սեբաստացիի։
Սոյն մտերմիկ յարաբերութեան եւ համագործակցութեան հետքերը մենք կը տեսնենք մօտ 200 տարիներ ետք եւս` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարաններու միջեւ գոյացած համագործակցութեամբ։
Տուեալ խօսքերու լաւագոյն ապացոյցը` 1 Հոկտեմբեր 1921 թուակիր նամակն է` խմբագրուած`
Մեսրոպ վրդ Քէշիշեանի գրիչով։
Նամակի բովանդակութիւնը` պատմա-բանասիրական եւ գիտական բնոյթի յաւելեալ տեղեկութիւն է` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարաններու միջեւ գոյացած համագործակցութեան շուրջ։
Ընթերցողը յստակ պատկերացում կը կազմէ` համաշխարհային առաջին պատերազմէն քիչ անց`
Զմմառու միաբանութեան գիտամշակութային կեանքի վերակազմաւորման շուրջ։
1 Հոկտեմբեր 1921 թուակիր` Պէյրութէն գրուած եւ նոյն տարւոյն Դեկտեմբեր 12-ին ստացուած (R. 12/11/1921) սոյն նամակը, ուղղած` Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ.Վրդ. Արիսին, բացառիկ պատմական եւ բանասիրական արժէք ներկայացնող սկզբնաղբիւր մըն է։ Համաշխարհային առաջին պատերազմի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան անմիջական յաջորդող այս անցումային շրջանին` Ֆրանսական հոգատարութեան սկզբնաւորութեան` Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, ուր Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը կը գտնուէր իր գիտական, վանական եւ տնտեսական կառոյցներու վերակազմակերպման փուլին մէջ։ Նամակը լոյս կը սփռէ կարգ մը հիմնական առանցքներու վրայ, ինչպէս`
Զմմառու մատենադարանի ձեռագրացուցակի կազմութեան հետեւողաբանութեանն ու Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան հետ գիտական համագործակցութիւնը եւ այլ միաբանական հարցերու շուրջ։
Զանց առնելով ներ-միաբանական հարցերէն` պիտի առանձնացնենք մատենադարանի վերաբերող բաժիը։
Զմմառու ձեռագրացուցակը
Նամակին ամենէն ուշագրաւ բաժինն է, որ կը վերաբերի Զմմառու վանքի ձեռագրացուցակի կազմութեան եւ Վիեննայի Մխիթարեաններու պաշտօնաթերթ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի հետ ունեցած սերտ համագործակցութեան։
Վիեննայի Մխիթարեաններու հետ ունեցած գիտական Կապի շնորհիւ` Հ․ Մեսրոպ Վրդ․ Քէշիշեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի պակաս թիւերու լրացման, «Արամեան Ընկերութեան» հրատարակութիւններու ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ Հ․ Յակոբոս Վ․ Տաշեանի հեղինակած հսկայական ձեռագրացուցակէն օրինակ մը ստանալուն համար։ Այս փաստը ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ պատերազմէն ետք ստեղծուած «կղզիացած» եւ մեկուսացած կացութեան մէջ, Զմմառու միաբանները հետամուտ էին իրենց գրադարանը արդիականացնելու։
Հետեւողաբանական յեղաշրջում տեղի ունեցաւ` ձեռագրացուցակագրման մէջ, քանզի սկզբնական շրջանին Հ․ Մեսրոպ Քէշիշեան իր ցուցակագրութենէն դուրս ձգած էր 1700 թուականէն ետք գրուած ձեռագիրները՝ զանոնք նկատելով «նորագոյն»։ Սակայն, ուսումնասիրելով Հ․ Յակոբոս Տաշեանի հետեւողաբանութիւնը, որ ընդգրկած էր նոյնիսկ ԺԹ. դարու վերջին քառորդի ձեռագիրները, ան կ’անդրադառնայ, որ անհրաժեշտ է ընդլայնել ժամանակագրական սահմանները։ Այս որոշման արդիւնքով, Զմմառու ցուցակագրելի ձեռագիրներու թիւը գրեթէ կրկնապատկուած է։
Հ․ Ներսէս Ակինեանի հետ ունեցած թղթակցութիւններու հետեւանքով` մենք կը տեղեկանանք, որ հայագէտ Հ․ Ակինեան առաջարկած է Զմմառու ձեռագրացուցակը մաս առ մաս հրատարակել «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ, ապա արտատպել առանձին հատորով։ Հ․ Մեսրոպ կը ներկայացնէ իր մտահոգութիւնները սրբագրութեան, աշխատուժի պակասի, լուսանկարչական նմոյշներու (նմանահանութիւններու) ծախսերու եւ արտատպութեան օրինակներու քանակին մասին։
Ստորեւ` նամակին միայն մատենադարանի վերաբերող բաժինը
կը ներկայացնենք
R. 12/11/1921
Պէյրութ 1/10/1921
Սիրելի Միաբանակից Եղբայր
1) Իրապէս շնորհակալ եմ այն ազնիւ ջանքերուդ համար զորս չզլացար նուիրելու թէ՛ «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի մեր պակաս հաւաքածոն, գոնէ կարեւոր մասամբ լրացնելու եւ թէ՛ մանաւանդ «Արամեան ընկերութեան» հրատարակութիւնները ապահովելու համար մեր
Մատենադարանին, ինչպէս նաեւ Հ.Յակոբոս Վ. Տաշեանի ձեռագրացուցակէն ձրի ղրկուած մէկ օրինակի համար, այս վերջինները մանաւանդ քիչ շատ ժամանակին հետ համընթացող ոեւէ գրադարանի համար անհրաժեշտ գրքեր են, որոնցմէ գիտէք թէ զուրկ կը մնանք մենք մեր կղզիացած կացութեան մէջ. ոչ միայն վանքին մէջ բնակող միաբաններէն շատեր, նոյնիսկ Գերյ. Նեսիմեան չափազանց ուրախացան հանդէսնեուն եւ այդ գրքերու արագումին համար եւ ամենքը կը միացնեն ինծի իրենց շնորհակալութեան իղձերը:
2) Իմ բազմամեայ վանքապատկան ձեռագրերու ցուցակին մէջ ես արդէն ճշդիւ հետեւած էի ժամանակին «Հանդէս Ամսօրեայ»ներու մէջ տարեկան դրութեամբ հրատարակուած ցուցակագրութիւններուն` Հ.Տաշեանի ձեռագրացուցակը, անոնց համար մանաւանդ խնդրած էի որպէս զի իմանայի թէ մինչեւ որ թուականի եւ որ տեսակ ձեռագրեր բովանդակուած էին անոր մէջ: Համեմատութենէս երեւան կու գայ,
որ իբր նորագոյն ժամանակներու գործեր իմ ցուցակէս դուրս թողուած կարգ մը ձեռագիրներս իրաւունք կ’ունենան մուտքի, քանի որ ես ընդհանրապէս 1700 թուականէն անդին եղած ձեռագիրները դուրս թողուցեր էի ցուցակէս, մինչդեռ Հ. Տաշեանի ցուցակին մէջ մուտք կը գտնեն նոյնիսկ ԺԹ. դարու վերջին քառորդին ձեռագիրներ: Այս հաշուով մեր ձեռագիրներուն թիւը կը բազմապատկուի գրեթէ կրկնապատիկ առաւելութեամբ: Այսուհանդերձ պիտի աշխատիմ կարելիի սահմանին մէջ ճշդիւ հետեւիլ Հ. Տաշեանի ցուցակագրութեանց:
3) Ներփակեալ նամակն վեր. Հ. Ներսէս Վ. Ակինեանէ` կարդացի մտադիր, ոեւէ դիտողութիւն չեմ ըներ առաջարկուած պայմաններու մասին. թէպէտ պիտի բաղձայի, որ քանի մ’օրինակ աւելի (Գոնէ 20 օրինակ) տրամադրելի ըլլար ինծի առանձին արտատպութենէն, եւ ասիկա ոչ թէ շահի մը ակնկալութեամբ՝ այլ պարզապէս բարեկամներու գոհացում տալ կարենալու համար: Այսուհանդերձ այս կէտը կը թողում
Վեր. Հայրերու ազնուութեան: Կայ, սակայն, կէտ մը որ կարծեմ կարօտ է աւելի ճշդուելու. մեր ձեռագրացուցակին «Հանդէս»ի մէջ մաս առ մաս հրատարակման աւարտումէն անմիջապէս վերջը պիտի սկսուի՞ անոր առանձին հատորով արտատպումը, թէ՞ յարմար դատուած ատենը միայն տեղի պիտի ունենայ արդեօք: Հանդէս Ամսօրեայի պատկառելի Խմբագրութեան որոշ յանձնառութիւնն ի՞նչ է արդեօք այս մասին:
Միւս կողմէն գիտէք որ ամբողջ ժամանակս ազատ տրամադրելի չեմ եւ հոս վանքիս մէջ առ այժմ չունիմ յարմար մէկը որուն կարենամ վստահիլ ցուցակիս մասնակի սրբագրելու գործը, ուստի առ այժմ անձամբ պիտի կատարեմ այդ գործը որ անշուշտ աւելորդ ժամանակի պիտի կարօտի, ուստի երկու լուծումներ կան, եթէ Հանդէսի Խմբագրութիւնը կ’ուզէ իրեն հասած ցուցակները հետզհետէ տպագրել՝ լաւ է, եթէ կ’ուզէ սպասել մինչեւ որ ձեռագրացուցակը ամբողջութեամբ հասնի իրենց եւ այնուհետեւ ձեռնարկուի տպագրութեան
գործը՝ ազատ է, միայն ինչպէս ըսի այս վերջին պարագայիս նախ պիտի ըլլայ ինծի ժամանակ շնորհել:
Իսկ ձեռագիրներու նմանահանութիւններ կամ լուսանկարեալ նմոյշները տալու խնդիրը առ այժմ զանց կ’ընենք, մինչեւ ձեռագրաց ցուցակիս առաջին հատորով արտատպումի ժամանակ, գուցէ մինչեւ այն ատեն Դիւանատան դիտողութիւնն այս մասին կարեւոր դատուած ծախքերը հոգալու համար:
Ջերմագին սիրով եւ կարօտով`
Մնամ քոյդ`
Մեսրոպ վրդ. Քէշիշեան
Ներկայիս` Զմմառու Ձեռագրական Հաւաքածոն աշխարհի ամենէն հարուստ հայկական ձեռագրական կեդրոններէն մէկն է` Երեւանի Մատենադարանէն, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան թանգարաններէն եւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մատենադարանէն ետք։ Անիկա կը պարունակէ 2000-է աւելի ձեռագիր մատեաններ, որոնցմէ ամենաթանկարժէքը` Աբրահամ Ա.Արծիւեանի հաւաքածոյէն ժառանգ մնացած` 1240-թուականի Մխիթար Գօշի ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԳԻՐՔ-ն է։
Զմմառու գանձերը` մանրանկարչական գլուխ-գործոցներ են։ Հաւաքածոն կը պարունակէ Կիլիկիայի, Վասպուրականի եւ այլ շրջաններու գրչութեան կեդրոններուն մէջ ընդօրինակուած ծաղկեալ Աւետարաններ, Մաշտոցներ, Յայսմաւուրքներ եւ այլ բնագաւառներու վերաբերող երկեր։
Արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթեր` մատենադարանին կից դիւանատան մէջ, զոր կը հաստատէ նաեւ սոյն նամակը, ուր կան հարիւրաւոր նամակ-գրառումներ, կոնդակներ, պապական հրամանագրեր, ինչպէս նաեւ օսմանեան սուլթաններու կողմէ տրուած հրովարտակներ եւ նշաններ։
Հ․ Մեսրոպ Վրդ. Քէշիշեանի ցուցակագրութեան ճակատագիրը` սոյն նամակին մէջ արծարծուած ձեռագրացուցակի աշխատանքները տասնամեակներ տեւեցին։
Այնուամենայնիւ` Հ․ Մեսրոպ Վրդ․ Քէշիշեանի գիտաշխատութեամբ կազմուած ծաւալուն ցուցակը` ըստ արժանւոյն հրատարակուեցաւ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու տպարանին մէջ «Ցուցակ Ձեռագրաց Զմմառու Վանքի Մատենադարանին», Վիեննա,1964- վերտառեալ։
Հ․ Մեսրոպ Վրդ․ Քէշիշեանի
1 Հոկտեմբեր 1921-ի նամակը պարզ թղթակցութիւն մը չէ, այլ` պատմագիտական կարեւոր վաւերագիր, որու տողերուն ընդմէջէն մենք կ’ապացուցենք, թէ Ցեղասպանութենէն եւ համաշխարհային առաջին պատերազմի արհաւիրքէն անմիջապէս ետք, Զմմառու միաբանները Նախանձախնդրօրէն լծուեցան հայ մշակութային եւ ձեռագրական ժառանգութեան գիտական ցուցակագրման եւ պահպանման ազգօգուտ աշխատանքին, որը հարստացուց հայագիտութեան անդաստանը եւ այս յաջողութիւնը պսակուեցաւ Վիեննայի Մխիթարեան հայագիտական կեդրոնին հետ համագործակցաբար։

