Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան Այս յօդուածը հայ մամուլին մէջ վերջերս ծաւալած բանավէճէ մը կը ծագի։ Լոյս տեսած իր «Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականները» յօդուածով Կարօ Արմենեան վերապահութիւն յայտնեց Սփիւռքը «անդրազգ» բնորոշելու մասին, եզրոյթ մը, որ գործածութեան մէջ մտած է Դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի աշխատանքներուն շուրջ ծաւալող քննարկումներուն ընթացքին։ Րաֆֆի Արտալճեան պատասխանեց իր «Սփիւռք ըլլալու տարբեր ձեւերը» յօդուածով (2 Նոյեմբեր 2026), պնդելով, որ երկու մօտեցումները անպայման իրարու հակասող չեն։ Ապա Կարօ Արմենեան անդրադարձաւ «Կրկին «անդրազգ» եզրոյթին մասին» յօդուածով (4 Նոյեմբեր 2026)։ Նպատակս չէ դատաւորի դեր ստանձնել այս տեսակէտներուն միջեւ։ Նպատակս է զանոնք զետեղել աւելի լայն շրջանակի մը մէջ, որ ազգային ինքնութիւնը կը կապէ անդրազգային իրականութեան, իսկ հաստատութենական խորութիւնը՝ հայկական մասնակցութեան լայնութեան։ Հիմնական փաստարկս այն է, որ ասոնք իրարու այլընտրանք չեն։ Սփիւռքի ապագան կախեալ է ազգային շարունակականութեան համար անհրաժեշտ խորութիւնը պահպանելու եւ միաժամանակ աւելի լայն հայութիւն մը ներգրաւելու համար անհրաժեշտ լայնութիւնը զարգացնելու կարողութենէն։ Եզրաբանութենէն անդին հարց մը Կարօ Արմենեանի վերջին յօդուածը կը պարզէ, թէ բանավէճը ինչի՛ մասին է եւ ինչի՛ մասին չէ։ Ան առարկութիւն չունի «անդրազգային» բառին դէմ, զոր անփոխարինելի կը նկատէ բոլոր սահմանները անցնող մարտահրաւէրներու համար, համավարակներէն ու կլիմայէն մինչեւ համաշխարհային տնտեսութիւն եւ արհեստական բանականութիւն։ Իր առարկութիւնը կը վերաբերի «անդրազգ» եզրոյթին՝ որպէս Հայկական Սփիւռքի անուանում, որովհետեւ, իր կարծիքով, ան կը մթագնէ Սփիւռքի ընկերաբանական բնոյթը եւ պատմական առաքելութիւնը։ Այս պարզաբանումը տեսակէտները իրարու աւելի կը մօտեցնէ, քան ինչ որ բանավէճի սկիզբը կ՚երեւէր։ Հայկական Սփիւռքը ազգային իրականութիւն մըն է, որ գոյութիւն ունի շատ աւելի լայն անդրազգային միջավայրի մը մէջ։ Ազգային հանգամանքը կու տայ ինքնութիւն, պատմական գիտակցութիւն, նպատակ եւ շարունակականութիւն։ Անդրազգային հանգամանքը կը նկարագրէ այն աւելի լայն բնակչութիւնը, ցանցերը եւ պայմանները, որոնց մէջ այսօր կը ծաւալի հայ կեանքը։ Ինչպէս կը բանաձեւէ Արտալճեան, Կարօ Արմենեան կը նկարագրէ այն Սփիւռքը, որ կ՚ուզենք ունենալ, իսկ Թէօլէօլեան կը ձգտի հասկնալ այն Սփիւռքը, որ արդէն ունինք։ Երկուքին ալ կարիքը ունինք։ 1. Սփիւռքի ազգային նկարագիրը Սփիւռքը կարելի չէ սահմանել պարզապէս որպէս Հայաստանէն դուրս ապրող բոլոր հայերու ամբողջութիւնը։ Ան ձեւաւորուեցաւ տեղահանութեան, կորուստի, յարմարումի եւ հաւաքական գոյատեւման շարունակական ձգտումի ընդմէջէն, եւ այս փորձառութիւնները ծնունդ տուին ընդհանուր յիշողութեան մը եւ օտարութեան մէջ հայ ինքնութիւնը պահելու պատասխանատուութեան զգացումի մը։ Կարօ Արմենեան զայն կը նկարագրէ որպէս պատկանելիութեան գիտակից վիճակ, ազգային հրամայականի մը շուրջ կազմաւորուած կորիզ։ Այս իմաստով Սփիւռքը միայն ժողովրդագրական դասակարգում մը չէ, այլ ազգային նպատակով կերտուած միջավայր մը։ Սակայն յանձնառու կորիզի մը գոյութիւնը չի նշանակեր, որ իւրաքանչիւր ոք, որ ինքզինք հայ կը նկատէ, պէտք է նոյն աստիճանի ներգրաւուածութիւն ցուցաբերէ, կամ թէ հայ ինքնութեան սահմանները պէտք է գծուին աւանդական հաստատութիւններու մասնակցութեամբ։ Պէտք է զանազանել երեք հանգամանք. Ինքնութիւն. անհատին հայկական պատկանելիութեան եւ կապի զգացումը։ Ներգրաւուածութիւն. այն աստիճանը, որով անհատը կը մասնակցի հայ համայնքային, մշակութային, կրթական կամ հաստատութենական կեանքին։ Յանձնառութիւն. հայ ազգային գոյութեան շարունակականութեան եւ յառաջընթացին համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութիւնը։ Այս հանգամանքները կրնան զիրար զօրացնել, բայց նոյնը չեն։ Անհատ մը կրնայ զօրաւոր հայ ինքնութիւն ունենալ՝ առանց կազմակերպուած կեանքին մասնակցելու. ուրիշ մը կրնայ ներգրաւուիլ կրթութեան, մշակոյթի կամ բարեգործութեան ճամբով. իսկ ժամանակի ընթացքին ներգրաւուածութիւնը կրնայ վերածուիլ յանձնառութեան։ Ասոնք հասկնալու եւ ծրագրելու գործիքներ են, ոչ թէ անդամակցութեան դասակարգեր։ Կարօ Արմենեան իրաւամբ կը զգուշացնէ մասնակցութեան տարբեր աստիճանները առանձին կարգավիճակներու վերածելէ։ Թէ ո՛վ կը պատկանի Սփիւռքին, այս հարցին շուրջ բանավէճը մեծապէս համախոհութեան հասած է։ Արտալճեան կը պնդէ, որ իւրաքանչիւր ոք, որ ինքզինք հայ կը նկատէ, տեղ ունի Սփիւռքին մէջ։ Կարօ Արմենեան համաձայն է, աւելցնելով, որ այդպիսի անձը կը պատկանի իր ձեւով եւ իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ Սփիւռքի պատասխանատուութեան բաժին մը ստանձնելու պատրաստակամութեամբ, եւ թէ իւրաքանչիւր հայ ինք կ՚որոշէ այդ բաժինին խորութիւնը եւ ծաւալը։ Ուրեմն խնդիրը աւելի լայն հայութիւնը Սփիւռքի մեր ըմբռնումէն դուրս ձգելը չէ, այլ լայնցնելն է այն ճամբաները, որոնցմով ներգրաւուածութիւնն ու յանձնառութիւնը կրնան զարգանալ։ 2. Ազգային ինքնութիւն եւ անդրազգային իրականութիւն Արտալճեան կ՚ընէ դիտողութիւն մը, որ արժէ կրկնել. Անդրազգային ըլլալը չի նշանակեր ոչ-ազգային ըլլալ։ Հայերը երկար ժամանակէ ի վեր ամդամակցած են ցանցերու որոնք աշխարհագրական սահմաններով չեն սահմանուած, եւ մեր Եկեղեցին, կուսակցութիւնները, բարեսիրական կազմակերպութիւնները եւ մամուլը բազմաթիւ երկիրներու մէջ ծառայած են ազգային նպատակներու։ Փոխուածը համեմատութիւնն ու բնոյթն է։ Անկախութենէն ետք Հայաստանէն արտագաղթը, խառն ամուսնութիւնները, թուայնական (digital) կապը եւ անկախ Հայաստան մը, զոր շատեր այսօր կ՚այցելեն, կ՚օժանդակեն կամ իրենց տունը դարձուցած են, վերաձեւած են հայ անհատներու իրարու եւ հայրենիքին հետ կապուելու ձեւերը։ Այսօր հայերը իրարու կապուած են մասնագիտական ցանցերով, ձեռնարկութիւններով, համալսարաններով, մշակութային նախաձեռնութիւններով, առցանց համայնքներով եւ բարեգործութեամբ, յաճախ՝ կազմակերպուած համայնքային կառոյցներուն հետ քիչ կապ ունենալով։ Այս ցանցերը կը ներկայացնեն մարդկային, մտաւոր եւ տնտեսական նշանակալից կարողականութիւն։ Այս իրականութիւնը ճանչնալը մեզ պէտք չէ առաջնորդէ Սփիւռքը վերասահմանելու որպէս ազգային նպատակէ զուրկ բնակչութիւն։ Անդրազգային միջավայրը անտեսող ազգային շրջանակը մը կրնայ դառնալ չափազանց նեղ մտածելակերպ եւ աչքէ վրիպեցնել մարդիկ ու միջոցներ, որոնք կրնային զօրացնել հայ կեանքը։ Իսկ ազգային հիմքէ զուրկ անդրազգային շրջանակը կը վտանգէ Սփիւռքը վերածել միայն ծագումով իրարու կապուած անհատներու։ Նպատակը երկուքը միացնելն է. ազգային նպատակի վրայ հիմնուած Սփիւռք մը, որ սակայն ընդունակ է ճանչնալու, հասնելու եւ համախմբելու շատ աւելի լայն հայկական աշխարհը։ 3. Ազգային շարունակականութեան հաստատութենական հիմքերը Ազգային ինքնութիւնը ինքնիրեն չի պահպանուիր։ Ան կը պահանջէ միջավայրներ եւ հաստատութիւններ, որոնց ընդմէջէն իւրաքանչիւր սերունդ կրնայ ապրիլ, հասկնալ եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել իր ժառանգութեան համար։ Կարօ Արմենեան կը նշէ հինգ այդպիսի հաստատութիւն, ընկերաբանական իմաստով, այսինքն՝ որպէս տեւական գործառոյթներ, եւ ոչ թէ որպէս որոշակի կազմակերպութիւններ. Ընտանիքը, ինքնութեան, յիշողութեան եւ սերունդէ սերունդ փոխանցումի առաջնային միջավայրը։ Եկեղեցին, որ սերունդներու եւ սահմաններու ընդմէջէն պահպանած է հոգեւոր եւ համայնքային շարունակականութիւնը։ Քաղաքական կուսակցութիւնը, որ կը բանաձեւէ ազգային ձգտումները եւ կը կազմակերպէ հաւաքական գործունէութիւնը։ Դպրոցը, լեզուի, պատմութեան եւ մշակութային փոխանցումի գործիքը։ Մամուլը, հաղորդակցութեան, բանավէճի եւ հաւաքական գիտակցութեան ասպարէզը։ Անոնց ուժը միշտ կախեալ եղած է իրենց միջեւ եղած յարաբերութիւններէն եւ յարմարելու կարողութենէն։ Կարօ Արմենեանի սահմանումով, Սփիւռքի կազմակերպութիւնները բոլորն ալ կը գործեն այս հինգին շրջանակէն ներս։ Կ՚ուզեմ յաւելում մը առաջարկել։ Երիտասարդական եւ մարզական կազմակերպութիւնները, մշակութային միութիւնները, մասնագիտական ցանցերը եւ բարեսիրական հիմնադրամները այսօր ունին իրենց սեփական գործառոյթները, եւ անոնցմէ ոմանք ժամանակի ընթացքին կրնան լման իմաստով հաստատութիւններ դառնալ։ Օրինակ՝ սկաուտական եւ մարզական կեանքը սերունդներ շարունակ, դասարանէն դուրս, կերտած է երիտասարդներու հայ ինքնութիւնը։ Կարօ Արմենեան կը մատնանշէ նաեւ բաց մը, որ շատ աւելի ուշադրութեան արժանի է։ Ի տարբերութիւն Հրեական Սփիւռքին, մերը երբեք տնտեսական հաստատութիւն չէ կերտած, եւ անոր հանրային ելեւմուտքը մեծաւ մասամբ ձգուած է պատահականութեան եւ տագնապային կառավարումի։ Խնդիրը այն չէ, թէ Սփիւռքը միջոցներ ունի՛ թէ ոչ։ Յստակօրէն ունի՝ ձեռներէցական, մասնագիտական եւ բարեսիրական կարողականութեան տեսքով։ Խնդիրը այն է, թէ արդեօք ունի՞ տեւական մեքանիզմներ՝ առաջնահերթութիւններ ճշդելու, միջոցներ կազմակերպելու եւ նախաձեռնութիւններ ժամանակի ընթացքին պահելու համար։ Առանց անոնց, նոյնիսկ զգալի միջոցները կը մնան ցրուած։ 4. Խորութիւն եւ լայնութիւն Խորութիւնը հայ ինքնութեան, պատմական գիտակցութեան, մշակութային գիտելիքի, հաստատութենական հիմքերու, ղեկավարութեան եւ սերունդէ սերունդ յանձնառութեան ուժն ու որակն է։ Ան ընտանիքներու, դպրոցներու եւ համայնքներու կարողութիւնն է՝ կերտելու մարդիկ, որոնք կը հասկնան ոչ միայն թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ, այլեւ թէ ինչո՛ւ այդ ինքնութիւնը պատասխանատուութիւններ կը կրէ։ Կարօ Արմենեանի բառերով՝ հինգ հաստատութիւնները անոր ճարտարապետութիւնն են։ Լայնութիւնը հայ հաւաքական կեանքի տարածումն է. անոր կարողութիւնը՝ կապուելու աւելի լայն բնակչութեան մը հետ, ընդունելու մասնակցութեան տարբեր ձեւեր եւ համախմբելու աշխարհի հայերուն աւելի լայն մարդկային ու նիւթական միջոցները։ Կարօ Արմենեան եւ Արտալճեան երկուքն ալ զայն կը կոչեն Սփիւռքի ձգողականութեան ոլորտին ընդլայնում, իսկ առաջինը կ՚աւելցնէ, որ ատիկա կը պահանջէ ինքզինք վերափոխելու ընդունակ Սփիւռք մը։ Լայնութեան կարիքը տեսական չէ։ Հարաւային Գալիֆորնիան, որ Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ հայ համայնքին բնակավայրն է, բնորոշ օրինակ մըն է։ Իմ վերջին հաշուարկներուս համաձայն՝ հոն 5-էն 17 տարեկան հայ երեխաներուն միայն շուրջ 7-էն 9 առ հարիւրը որեւէ ձեւով կանոնաւոր հայեցի կրթութիւն կը ստանայ, իսկ շուրջ 5,6 առ հարիւրը կը յաճախէ ամէնօրեայ հայկական վարժարան։ Նոյնիսկ մարդահամարի շատ աւելի փոքր թիւերով հաշուած, հասանելիութիւնը կը մնայ մօտաւորապէս հինգէն մէկ։ Մեր հաստատութենական ցանցը կառուցուած էր երկու հայ ծնողներու, հայախօս տան եւ մօտակայ համայնքի մը համար։ Ատիկա այլեւս չի նկարագրեր մեր ժողովուրդին մեծ մէկ մասը։ Ո՛չ խորութիւնը կրնայ փոխարինել լայնութեան, ո՛չ ալ լայնութիւնը՝ խորութեան։ Առանց լայնութեան խորութիւնը կը վտանգէ նուազող կորիզի մը ծառայելու։ Առանց խորութեան լայնութիւնը կը վտանգէ զուտ խորհրդանշական կապի մը վերածուելու։ Խորութիւնը կու տայ բովանդակութիւն եւ ուղղութիւն, իսկ լայնութիւնը՝ տարածում եւ նորոգում։ 5. Մերում ( integration)՝ առանց ձուլումի Կարօ Արմենեան Սփիւռքը կը նկարագրէ որպէս երկու բեւեռներու միջեւ ապրող իրականութիւն. մէկ ծայրը՝ ազգային կեանքէն ամբողջական հեռացումն է, միւսը՝ կեթթոյի մտայնութիւնը։ Ան կը նշէ, որ Սփիւռքը պատմականօրէն մերժած է կեթթոն, որովհետեւ անոր հաստատութիւնները կը պահանջեն շրջապատող մշակոյթին հետ յաջող գոյակցութիւն։ Այդ ընտրութեան արդի ձեւը ձուլումի եւ մեկուսացումի միջեւ չէ, այլ մերումն է. շրջապատող ընկերութեան լիարժէք մասնակցութիւն՝ կենդանի հայ ինքնութիւն մը պահելով։ Մերումը չի վտանգեր ազգային ինքնութիւնը։ Հայերը, որոնք կը դառնան յաջողակ մասնագէտներ, գիտնականներ, ձեռներէցներ, պետական պաշտօնեաներ եւ արուեստագէտներ, կը բերեն փորձառութիւն եւ ազդեցութիւն, որոնք կը զօրացնեն թէ՛ իրենց ընկերութիւնները, թէ՛ հայկական աշխարհը։ Անոնց նպաստը պէտք չէ չափուի միայն աւանդական կազմակերպութիւններու անդամակցութեամբ։ Լայնութիւնը մեր պատասխանն է հեռացումի ձգողութեան, իսկ բացութիւնը՝ կեթթոյի ձգողութեան։ 6. Հաստատութիւններ, ներկայացուցչականութիւն եւ աւելի լայն հայութիւնը Աւանդական հաստատութիւնները արտակարգ պայմաններու մէջ պահպանած են լեզուն, մշակոյթը, կրթութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը, եւ անոնց նպաստը երբեք պէտք չէ թերագնահատուի։ Սակայն անոնց կարեւորութիւնը պէտք չէ շփոթել ամբողջ հայութիւնը ներկայացնելու լիազօրութեան հետ։ Արտալճեան սուր հարց մը կը դնէ։ Երբեմն յայտարարութիւններ կը հրապարակուին «Սփիւռքի ճնշող մեծամասնութեան» անունով, սակայն ո՞ր հաստատութիւնը այսօր կրնայ օրինականօրէն նման պնդում ընել։ Ոչ մէկը, կը պատասխանէ ան, եւ ասիկա ընդունիլը բնաւ չի նսեմացներ անոնց իրագործումները։ Մեր կազմակերպութիւնները ունին հաստատութենական օրինականութիւն՝ իրենց անդամակցութեան շնորհիւ, պատմական օրինականութիւն՝ տասնամեակներու ծառայութեան շնորհիւ, եւ համախմբելու իրական կարողութիւն։ Ասոնցմէ ոչ մէկը համընդհանուր լիազօրութիւն կու տայ։ Պատասխանը այդ լիազօրութիւնը վաստկելու եւ արտայայտելու աւելի լաւ ձեւերն են. Ճշգրիտ լեզու. «Մեր անդամներուն եւ մասնաճիւղերուն անունով» արտայայտութիւնը թէ՛ անկեղծ է, թէ՛ կշիռ ունի։ Համակարգուած դիրքորոշումներ. Միասնաբար խօսող քանի մը կազմակերպութիւններ կը կրեն ներկայացուցչականութիւն, զոր անոնցմէ ոչ մէկը առանձին ունի։ Խորհրդակցական հաւաքներ. Պարբերական համասփիւռքեան ժողովներ, որոնց կը մասնակցին նաեւ անկախ մասնագէտներ եւ երիտասարդ հայեր, կրնան ստուգել, թէ ո՛ւր կայ իրական համաձայնութիւն։ Կարծիքի տուեալներ. Համակարգուած հարցախոյզերը «Սփիւռքը այսպէս կը մտածէ» տեսակի պնդումները կրնան փոխարինել գիտելիքով։ Այստեղ անհամաձայնութիւն պէտք չէ ըլլայ։ Կարօ Արմենեան ինք կը նշէ, որ Սփիւռքի կորիզին սահմանները երբեք համակարգուած կերպով ուսումնասիրուած չեն, ոչ ալ անոր հաստատութիւնները գիտականօրէն գնահատուած են, եւ կը կոչէ լուրջ հետազօտութեան եւ այդ աշխատանքը ստանձնող յատուկ մարմինի մը ստեղծման։ Աւելի խոր սկզբունքը այն է, զոր Կարօ Արմենեան ինք ըստ էութեան կը բանաձեւէ, երբ կարիք չի տեսներ մասնակցութեան տարբեր աստիճանները առանձին կարգավիճակներու վերածելու. կրնան ըլլալ հայ ազգային յանձնառութեան տարբեր մակարդակներ, սակայն պէտք չէ ըլլան հայկական պատկանելիութեան տարբեր դասակարգեր։ 7. Հայաստան եւ Սփիւռք Հայաստանը հայկական պետականութեան ինքնիշխան արտայայտութիւնն է, իսկ Սփիւռքը՝ իր սեփական հաստատութիւններով եւ պատասխանատուութիւններով առանձին պատմական ու ընկերային իրականութիւն մը։ Անոնց յարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ փոխլրացման, եւ ոչ թէ ենթակայութեան կամ մրցակցութեան։ 2020-ի պատերազմը եւ 2023-ին Արցախի հայութեան տեղահանութիւնը լարեցին այդ յարաբերութիւնը եւ յարուցեցին ծանր հարցեր, որոնց տարբեր կերպով կը պատասխանեն նոյնքան խոհեմ հայեր։ Կարօ Արմենեան Սփիւռքի առաքելութիւնը կը նկարագրէ որպէս հայրենիքէն դուրս այնպիսի միջավայրի մը ստեղծում, ուր հայ ինքնութիւնը կրնայ ծաղկիլ, որպէսզի Հայաստան եւ Սփիւռք միասնաբար տանին ազգային գոյատեւման պայքարը։ Արտալճեան կ՚ողջունէ ասիկա, աւելցնելով, որ փոխլրացումը նոյնական քաղաքական տեսակէտներ չի պահանջեր։ Համաձայն եմ երկուքին ալ։ Հայաստանի կառավարութեան մը հետ անհամաձայնութիւնը Հայաստանի հետ անհամաձայնութիւն չէ։ Սակայն Սփիւռքի երկարաժամկէտ կարեւորութիւնը անբաժանելի է Հայաստանի անվտանգութենէն, ինքնիշխանութենէն եւ զարգացումէն։ Հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս այս փոխլրացնող կարողութիւնները կազմակերպել տեւական ազգային ճիգի մը մէջ։ 8. Պահպանումէն դէպի ռազմավարական համախմբում Իր պատմութեան մեծագոյն մասին ընթացքին Սփիւռքը զբաղած է պահպանումով։ Այդ առաքելութիւնը կը մնայ էական, բայց այլեւս բաւարար չէ։ Հայկական աշխարհը այսօր ունի մարդկային, մասնագիտական, տնտեսական եւ քաղաքական միջոցներու արտակարգ լայն շրջանակ մը, որուն մեծ մասը կը գտնուի աւանդական կառոյցներէն դուրս։ Մարտահրաւէրը այդ միջոցները ազգային առաջնահերթութիւններուն կապելն է։ Ասիկա կը պահանջէ մասնակցութեան աւելի լայն ըմբռնում եւ զայն կառուցելու աւելի դիտումնաւոր մօտեցում։ Երեք մօտեցում կրնայ ընդլայնել Սփիւռքի կարողութիւնը՝ առանց տկարացնելու գոյութիւն ունեցող հաստատութիւնները. Զուգահեռ ուղիներ. Աւանդական հաստատութիւնները կը շարունակեն իրենց ծրագիրները, մինչ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծուին անոնց համար, որոնք իրենց հասողութենէն դուրս են։ Ներգրաւումի սանդուխ. Ընտանիքները կը մտնեն մշակութային ձեռնարկներու, մարզանքի, կրթութեան կամ համայնքային նախաձեռնութիւններու ճամբով, եւ անոնց կ՚առաջարկուի աւելի խոր մասնակցութիւն՝ դպրոցներու, սկաուտութեան, եկեղեցիներու եւ ղեկավարութեան ծրագիրներու միջոցով։ Ընդլայնուած տարածում. Հայկական վարժարանները ծրագիրներ կը պատրաստեն պետական դպրոցներ յաճախող երեխաներուն. եկեղեցիներն ու կազմակերպութիւնները կը մշակեն ձեռնարկներ, որոնք կը ողջունեն այլապէս չմասնակցողները։ Սանդուխը կը գործէ միայն այն ատեն, երբ անոր աստիճանները իրարու կը միանան։ Մատչելիութեան ձեռնարկները ինքնին հազուադէպօրէն ներկաները մասնակիցներու կը վերածեն։ Զանոնք կը վերածէ անձնական հրաւէրը, յստակ ու համեստ յաջորդ քայլ մը եւ հետապնդումին պատասխանատու անձ մը։ Լայնութեան ծրագիրները պէտք է գնահատուին ոչ թէ ներկաներու թիւով, այլ այն մարդոց թիւով, որոնք կ՚առնեն այդ յաջորդ քայլը։ Այսպէս մշակուած՝ լայնութիւնը կը դառնայ խորութեան տանող ճամբայ, եւ մատչելիութիւնը կը զօրացնէ կորիզը՝ անոր հետ մրցելու փոխարէն։ Ասիկա կը պահանջէ նաեւ հրապուրիչ ղեկավարութիւն։ Յաջորդ սերունդը պէտք չէ պարզապէս ժառանգէ գոյութիւն ունեցող կառոյցները. ան պէտք է պատրաստ ըլլայ վերագնահատելու առաջնահերթութիւնները եւ կառուցելու գալիք տասնամեակներուն համապատասխանող հաստատութիւններ։ Եզրակացութիւն. Աւելի լայն Սփիւռք, աւելի խոր յանձնառութիւն Կարօ Արմենեան կը յիշեցնէ Շահան Շահնուրի պատկերը՝ սփիւռքահայուն մասին, որ միաժամանակ յառաջապահ է եւ ետնապահ, ինքնութիւնը պահպանելով եւ միաժամանակ աշխատելով փոխել զայն սպառնացող պայմանները։ Սփիւռքը պէտք է ըլլայ թէ՛ պահապան, թէ՛ փոփոխութեան գործօն։ Առանց յարմարումի պահպանումը հաստատութիւնները կը վերածէ իրենց իսկ պատմութեան յուշարձաններու։ Առանց ինքնութեան յարմարումը կը տկարացնէ այն հիմքերը, որոնք շարունակականութիւնը կարելի կը դարձնեն։ Սփիւռքի սահմանման շուրջ բանավէճը մեզ պէտք է տանի եզրաբանութենէն անդին՝ դէպի աւելի կարեւոր հարց մը. ինչպիսի՞ Սփիւռք պէտք է կառուցենք։ Նեղ սահմանուած Սփիւռքը կրնայ պահել իր ազգային նպատակը, բայց աչքաթող ընել աւելի լայն հայութիւնը եւ անոր միջոցները։ Անորոշ սահմանուած անդրազգային բնակչութիւնը կրնայ ընդգրկել ամէն հայկական կապ, բայց կորսնցնել այն գիտակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը, որոնք Սփիւռքին կու տայ իր նկարագիրը։ Մեզի պէտք են հաստատութիւններ, որոնք կը պահպանեն իրենց առաքելութիւնը՝ առանց ինքզինքնին ամբողջ ազգը նկատելու. պատկանելիութեան ըմբռնում մը, որ ներառական է՝ առանց պարպուելու. եւ յանձնառութեան ըմբռնում մը, որ կը քաջալերէ պատասխանատուութիւնը՝ առանց մասնակցութեան միակ ձեւ մը պարտադրելու։ Մեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ պարզապէս Սփիւռքը պահել ինչպէս որ էր, այլ կառուցել այն Սփիւռքը, որ ան պէտք է դառնայ. ազգային՝ իր ինքնութեամբ եւ նպատակով, անդրազգային՝ իր տարածումով եւ կարողութեամբ, խոր՝ իր յանձնառութիւններով, եւ լայն՝ իր մասնակցութեամբ։ Շահէ Ենիգոմշեան հանգստեան կոչուած բժիշկ է՝ բժշկական վարչարարութեան, համայնքային աշխատանքի եւ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարման փորձառութեամբ։ Կը գրէ սփիւռքահայ ժողովրդագրութեան, հաստատութիւններու եւ կրթութեան մասին։ Աղբիւրներ Կարօ Արմենեան, «Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականները»: Րաֆֆի Արտալճեան, «Սփիւռք ըլլալու տարբեր ձեւերը»։ Կարօ Արմենեան, «Կրկին «անդրազգ» եզրոյթին մասին»: Tölölyan, Khachig. “The Nation-State and Its Others: In Lieu of a Preface.” Diaspora: A Journal of Transnational Studies 1, no. 1 (1991): 3–7. Tölölyan, Khachig. “Rethinking Diaspora(s): Stateless Power in the Transnational Moment.” Diaspora: A Journal of Transnational Studies 5, no. 1 (1996): 3–36. Շահէ Ենիգոմշեան, «Խորութիւն՝ մասնակցութեան միջոցով. Սփիւռքի եւ անոր համայնքային համակարգին վերանորոգումը» (անգլերէն՝ “Depth Through Participation: Renewing the Diaspora and Its Community Ecosystem”), դասախօսութիւն, Լոս Անճելըս, 14-15 Մարտ 2026։ Շահէ Ենիգոմշեան, «Հայեցի կրթութիւնը Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ. հաստատութիւններ, հասանելիութիւն եւ չափումի խնդիրը» (անգլերէն՝ Armenian Education in Southern California: Institutions, Reach, and the Measurement Problem), ուսումնասիրութիւն, տարբերակ 2.2, Նոյեմբեր 2026։ Հարաւային Գալիֆորնիոյ վերաբերող տուեալներուն աղբիւրը։