Ազգային Ժողովին Որոշուեցաւ Կատարել Սահմանադրական Բարեփոխումներու Նախագիծի Հանրաքուէ

0 0
Read Time:5 Minute, 9 Second

p2-3 sahman

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՈկեմբեր 8-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընդունեց սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի որոշումը: Սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու որոշումին կողմ քուէարկեց 104, դէմ` 10, ձեռնպահ` 3 պատգամաւոր:
Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց բոլոր այն փոփոխութիւնները, որոնք կատարուած են պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման վրայ: Ան նշեց, որ պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման վրայ կատարուած բոլոր փոփոխութիւնները արժանացած են Հայաստանի նախագահի համաձայնութեան եւ այդ տեսքով ալ նախագիծը ներկայացուած է Ազգային ժողովի քուէարկութեան:

Մասնագիտական Յանձնախումբը Ընդունեց Հ.Յ.Դ.-ի Առաջարկները

Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քուէարկութեան ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան նշեց, որ մասնագիտական յանձնախումբի ներկայացուցիչի ելոյթէն ետք սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը անմիջապէս պիտի դրուի քուէարկութեան: Մասնագիտական յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին ընթացքին նշեց, որ քուէարկութեան դրուող սահմանադրական փոփոխութիւններու լրամշակուած նախագիծը զգալի փոփոխութիւններու ենթարկուած է պատգամաւորներու բազմաթիւ առաջարկներուն հիման վրայ: Ան մանրամասն կերպով ներկայացուց հիմնական փոփոխութիւնները: Վարդան Պօղոսեան նշեց Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցած այն առաջարկները, որոնք ընդունուած են, յատկապէս` 89-րդ յօդուածի մասին առաջարկը, որ կ՛ըսէ, թէ ազգային ժողովի ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան համամասնական եղանակով: Մինչ լրամշակումը Վենետիկի յանձնաժողովը առաջարկած էր այդ յօդուածը փոփոխութեան ենթարկելու գործը կատարուի ոչ թէ հանրաքուէի, այլ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու որակեալ մեծամասնութեան գոյութեամբ: «Հ.Յ.Դ.-ի առաջարկով ատիկա պարտադիր պէտք է դրուի հանրաքուէի, այսինքն` համամասնական ընտրակարգը փոփոխութեան չի կրնար ենթարկուիլ միայն խորհրդարանին կողմէ, եւ այդ պատճառով հանրաքուէի կազմակերպումը անհրաժեշտ է», ըսաւ Վարդան Պօղոսեան:
Ան նշեց, որ Հ.Յ.Դ.-ի միւս առաջարկը կը վերաբերէր կայուն մեծամասնութեան ձեւաւորման երկրորդ հանգրուանի կազմակերպման, որուն պարագային կը թոյլատրուի կազմել դաշինքներ: «Ատիկա շատ կարեւոր դրոյթ է, կը պարտադրէ ընտրական օրէնսգիրքին` երկրորդ հանգրուանի կազմակերպումէն առաջ կարելիութիւն տալ առանձին կուսակցութիւններու նոր դաշինքներ կազմել», ըսաւ Վարդան Պօղոսեան:

Աղուան Վարդանեանի Յայտարարութիւնը
p2-3 aghvan2Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, որ ինք կտրուկ դէմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որովհետեւ անոնք պիտի յանգեցնեն խորհրդային ժամանակաշրջանին բնորոշ միակուսակցական համակարգի մը ձեւաւորման:
Աղուան Վարդանեան նշեց.- «Ես միշտ յարգանքով վերաբերած եմ եւ կը շարունակեմ յարգանքով վերաբերիլ հանրապետութեան երկրորդ նախագահի արտայայտած տեսակէտներուն, բայց յատկապէս այս հարցով մեր տեսակէտները արմատականօրէն տարբեր են: Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգը շատ աւելի լայն կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ մեր երկրի զարգացման համար, եւ շատ աւելի ժողովրդավարական ճամբու վրայ պիտի դնէ երկիրը: Ինչ կը վերաբերի խորհրդային ժամանակաշրջանին մասին յիշեցումներուն, ես կը կարծեմ, գուցէ կան նման նշաններ, բայց վստահ եմ, որ միակուսակցական ժամանակները շատոնց անցած են: Մենք հիմա կ՛ապրինք դարաշրջան մը, ուր բացառուած է որեւէ կուսակցութեան երկարատեւ մենիշխանութիւնը: Եւ ընդհակառակն` խորհրդարանական կառավարման համակարգը կարելիութիւն պիտի տայ հաւաքական ղեկավարութեամբ որոշումներու կայացման եւ որեւէ, նոյնիսկ տեսականօրէն հաւանական մեծամասնութիւն ստիպուած պիտի ըլլայ հաշուի առնել ընդդիմութեան կարծիքը, ընդդիմութեան հետ փոխհամաձայնութեան գալ, քննարկել, խորհրդակցիլ:
Ասիկա դժուար հոլովոյթ է, բայց մեր երկրին մէջ պիտի ստեղծէ նաեւ նոր քաղաքական մշակոյթ: Ես վստահ եմ, կեանքը ցոյց պիտի տայ, որ մենք աւելի ճիշդ ենք»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ բացառուա՞ծ է արդեօք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութիւնը ունենայ 75 առ հարիւրը, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց.-
«Եթէ հանրաքուէով սահմանադրական փոփոխութիւնները ընդունուին, մենք շատ լարուած ու ծանր աշխատանք ունինք կատարելիք ընտրական օրէնսգիրքին հետ կապուած: Եթէ մենք կարենանք նաեւ լաւ ընտրական օրէնսգիրք ընդունիլ, ես գրեթէ տեսականօրէն կը բացառեմ, որ համամասնական ընտրակարգի պարագային որեւէ կուսակցութիւն կարենայ մեծամասնութիւն ունենալ:
Մէկ բան ըսեմ, այսօրուան Ազգային ժողովին մէջ եղող բոլոր այն քաղաքական ուժերը, որոնք կը յայտարարեն, որ իրենք ընդդիմութիւն են, եթէ թոյլ չտան ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի ձեւախեղումներ, որոնք որեւէ ուժի թաքուն կամ բացայայտ առաւելութիւն տրուի, այսօրուան քաղաքական մեծամասնութիւնը չի կրնար մէկ այլ ընտրական օրենսգիրք ընդունիլ: Թող որեւէ մէկը իր բեռը ուրիշին վրայ չդնէ: Այսօրուան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ընդդիմութեան ձայները այնքան են, որ անոնք կրնան ապահովել առնուազն շինիչ քննարկում:
Եթէ անոնք պիտի քուէարկեն հանրապետականի նման, այն ժամանակ կը մեղադրէք այն կուսակցութիւնները, որոնք իրենց պայմանական շահը չեն գիտակցիր, կը քուէարկեն ուրիշի օգտին: Եթէ ընդդիմութիւնը ինքզինք ընդդիմութիւն պահէ եւ իր շահերը գիտակցի, կ՛ունենանք շատ լաւ ընտրական օրէնսգիրք, իսկ եթէ չգիտակցի, ուրեմն մեղադրեցէք անոնց, որոնք ատիկա չեն կատարեր:

Արմէն Ռուստամեան Կը Շեշտէ Թէ Ժողովուրդը Գիտակից Է
p2 shaptvan khoskeՀ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող քուէարկութեան եւ այս գծով հանրաքուէ կազմակերպելու հարցին:
Ան յայտնեց թէ, սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծի վերջնական տարբերակը հանրաքուէի դնելու որոշումը ցոյց տուաւ, որ խորհրդարանին մէջ ոչ միայն մեծամասնութիւնը, այլ ճնշող մեծամասնութիւնը` (104 կողմ, 10 դէմ եւ 3 ձեռնպահ) կողմ է այս բարեփոխումներուն:

Անդրադառնալով կարգ մը ընդդիմադիր պատգամաւորներու կողմէ դրսեւորուած այն կեցուածքին, թէ քուէարկութիւնը ժողովուրդին հետ աշխատելու եւ համաժողովրդական «ոչ» ըսելու նոր հանգրուանի սկիզբ է` Հ.Յ.Դ.-ի պատգամաւորը մեծ իմաստ չտուաւ անոր. «Անընդհատ այդ մասին կը լսենք, բայց ոչինչ կը տեսնենք»: Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, թէ բնական է, որ դէմ արտայայտուողներ ըլլան: Արձագանգելով այն յայտարարութիւններուն, թէ հանրութիւնը «դէմ» է այս փոփոխութիւններուն, Ռուստամեան նշեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի հանրութեան անունով խօսելու: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն պնդումներուն, թէ ասիկա նոր սահմանադրութիւն է. «Այո՛, ասիկա նոր սահմանադրութիւն է, բայց ատիկա էական չէ, կարեւորը այն է, թէ ի՛նչ սահմանադրական կարգ պիտի ըլլայ»: Արմէն Ռուստամեան նաեւ նկատել տուած է, որ ժողովուրդին պէտք է յստակ բացատրել ամէն բան` հաստատելով, որ իրենք ատիկա պիտի ընեն յառաջիկայ հանգրուանին: «Թող «ո՛չ»-ն ալ իր փաստարկները բերէ, տեսանք արդէն, թէ ինչքա՛ն փաստարկուած «ո՛չ» է, հիմա մենք մերը շատ յստակ ունինք, կը ներկայացնենք, մեր ժողովուրդը խելօք, գիտակից ժողովուրդ է` կը կողմնորոշուի եւ կը քուէարկէ», եզրակացուց Ռուստամեան:

«Ո՛չ»ի Ճակատը Գործի Լծուած

p2-3 tsouytsԱզգային ժողովին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քուէարկութեան ընթացքին շէնքին առջեւ «Ո՛չ»ի ճակատի բողոքի ցոյց ընողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:

Ազատութեան հրապարակէն երթով Բաղրամեան եկած ցուցարարները խորհրդարանի ճաղերուն զետեղեցին «Ո՛չ»ի մեծ պաստառ: Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի հրամանով ոստիկանները քանի մը անգամ փորձեցին վերցնել պաստառը` պնդելով, որ ատիկա օրէնքի խախտում է: Քիչ ետք խորհրդարանի շէնքէն դուրս եկան «Ո՛չ»-ի ճակատին միացած Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւորներ Լեւոն Զուրապեան եւ Արամ Մանուկեան, որոնք սկսան բանակցիլ Օսիպեանի հետ:
Բանակցութեան իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ, որ պատգամաւոր Արամ Մանուկեան ելոյթ ունենայ, յետոյ պաստառը ճաղերուն վրայէն վերցուի: Կատարուեցան ձերբակալութիւններ:
Արամ Մանուկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ոստիկանական գործողութիւնները «քաղաքական ճնշում» էին: Իսկ Արամ Մանուկեանը ձերբակալման ենթարկելու փորձին մասին խօսելով` գնդապետ Օսիպեան ընդգծեց, որ ոստիկանները պարտաւոր չէին ճանչնալ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը ընթերցած պատգամաւորը: «Ոստիկանները պարտաւոր չեն Արամ Մանուկեանը ճանչնալ իբրեւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր», յայտնեց փոխ-ոստիկանապետը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles