Լրահոս

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

  Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի պատուիրակութիւնը

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի պատուիրակութիւնը


  ՊԷՅՐՈՒԹ .- Չորեքշաբթի, Յունիս 12ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովին: Չորսէն հինգ տարին անգամ մը գումարուող սոյն ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդները, աւելի քան հաւիւր պատուիրակներ` թեմերէ, եւ յատուկ հրաւիրեալներ:Վեհափառ հայրապետին պատգամով սկսաւ ժողովը, որմէ ետք ներկայացուեցան ու քննարկուեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները:

Այս ժողովին քննարկումներուն մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն գլխաւոր յետեւեալ հարցերը.- կրօնական դաստիարակութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակ եւ զօրակցութիւն Սուրիոյ հայութեան:
Ժողովը պիտի տեւէ երեք օր:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button