
«Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժանմունքը, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ.ի Արխիւներու հիմնարկի խնդրանքին, այս տարի եւս յատկացում մը կատարեց՝ 25 հազար ամերիկեան տոլարի£
Արխիւներու հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան երախտագիտութիւն յայտնելով «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի պատասխանատուներ Մարթին Էսայեանին եւ դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին՝ այս որոշումին համար, յայտնեց, թէ այս նոր յատկացումը եւս, նախորդին նման, պիտի տրամադրուի արխիւներու եւ անոնց ցուցակներու թուայնացման աշխատանքներուն: «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կատարած անցեալի ու ներկայ նուիրատուութեանց շնորհիւ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան արխիւներն ու անոնց ցուցակները սկսած են թուայնացուիլ՝ համակարգչային դրութեամբ: