«ԵՐԱԶԱՐԹ»Ի ԹԱՒՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

0 0
Read Time:41 Second

Vardan Gasparyan «ԵրազԱրթ» ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւնը, որ նուիրուած է քաջալերելու եւ կրթական օժանդակութիւն հայթայթելու հայաստանաբնակ տաղանդաւոր երաժիշտներու, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը հաղորդէ թէ քսանամեայ թաւջութակահար՝ Վարդան Գասպարեան ընդունուած է Լոս Անճէլըսի »Քոլպըրն« երաժշտական հիմնարկը, որ բարձրաորակ երաժշտական կրթութիւն կը հայթայթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ասիայէն, Եւրոպայէն եւ Աւստրալիայէն ընտրուած տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներու:
»ԵրազԱրթ«, որ հիմնուած է 2004ին Պոսթընի մէջ, Նուպար Աֆէյեանի եւ Ռաֆֆի Ֆսթքճեանի կողմէ կը պատրաստուի Հիւսիսային Ամերիկայի համերգին ծրագրուած՝ 2009ի աշնան:
»Հպարտ ենք Վարդանի յաջողութեամբ եւ վստահ ենք, որ ան իր լաւագոյնը պիտի ընէ Քոլպըրնի մէջ եւ ընդհանրապէս իբրեւ ջութակահար՝ ԵրազԱրթ կը յուսայ այս յաջողութիւնը բաժնել այլ հայաստանաբնակ երիտասարդ երաժիշտներու հետ«, ըսաւ Նուպար Աֆէյեան:
Գասպարեան հազուագիւտ երաժիշտներէն է, որ »ԵրազԱրթ« ընտրած ու երաշխաւորած էր մասնակցելու համար 2008ի Հիւսիսային Ամերիկայի համերգներուն, որուն ընթացքին Քոլպըրն ի կողմէ քաջալերուած էր կրթանպաստի դիմելու:
Ան, այս տարեշրջանին պիտի սկսի հետեւելու Քլպըրնի դասընթացքներուն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles