
24 Յուլիսէն մինչեւ 2 Օգոստոս, Բիւրականի սկաուտական բանակավայրին մէջ (Հայաստան), տեղի ունեցաւ Համա- Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ Ընդհանուր Սկաուտական բանակումը, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 26 շրջաններէն որոնք ժամանած էին 23 երկիրներէ, ընդհանուր 900 Արի և Արենուշներով։
Փրաւիտենսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի 11 սկաուտները, որոնք մաս կը կազմէին Արեւելեան Ա․Մ.Ն. Շրջանի պատուիրակութեան, մասնակցած էին այս բանակումին, և իրենց ծնողներուն հետ 5 Օգոստոսին այցելեցին, Արեւելեան Ա․Մ.Ն. Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորած եւ Երեւանի մէջ գործող «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գրասենեակը։ Մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի անդամ՝ Քոյր Յասմիկ Փարսատանեան, սկուատներուն հետ ուսապարկ մը եւ 300-ական տոլար բաժնեց, 20 երկկողմանի զոհուած ազատամարտիկներու ծնողազուրկ երեխաներուն։ Իւրաքանչիւր երեխայ խօսեցաւ դպրոցական իրենց աշխատանքին եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ Տիգրան Գալստեան, տեղեկութիւններ տուաւ որբերու ծրագրի եւ կազմակերպութեան մշակութային ընդհանուր ծրագիրներուն մասին։
Յակոբ Խաչատուրեան՝ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան, ինչպէս եւ Փրաւիտենսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, հակիրճ կերպով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպութեան ու Փրաւիտենսի մասնաճիւղի մասին, ինչպէս եւ անցեալ տարուան ի նպաստ որբերուն դրամահաւաքին մասին՝ գոհաբանութեան տօնին առիթով։ Այս առթիւ, ան նոյնպէս ներկայացուց, Փրովիտենսի վարչութեան անդամ և սկաուտական ներկայացուցիչ՝ Մկրտիչ Արսլանեան, սկաուտական խորհուրդի անդամ՝ Տիանա Քէչիճեան, մասնաճիւղի Խմբապետուհի՝ Անահիտ Տոնոյեան, մասնաճիւղի փոխ-Խմբապետ՝ Արթիւր Արսլանեան և իւրաքանչիւր ներկայ սկաուտ: ակոբ Խաչատուրեան իր գնահատական մաղթանքները փոխանցեց, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ․ Վարդան Մաթէոսեանին և «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ Տիգրան Գալստեանին, որոնք նախօրոք բանակումէն առաջ առցանց առիթը ընծայեցին հանդիպիլ Փրաւիտենսի Վարչութեան և սկաուտական խորհուրդի անդամներու հետ, համադրելու և դասաւորելու այս եզակի այցելութիւնը և ի մասնաւորի կազմակերպելու 20 որբերու և իրենց խնամողներու ներկայութիւնը ,«Մեծն Ներսէս»-ի գրասենեակը Երեւանի մէջ: Ի վերջոյ, ան իր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր այցելուներուն, և ի մասնաւորի «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան մարդասիրական ընդհանուր ջանքերուն համար, գրասենեակի բոլոր գործավարներուն, ներկայ որբերուն և իրենց խնամողներուն, շեշտելով որ «մենք՝ ձեր հետ ենք»։
Սկաուտներուն համար, այս հանդիպումը վերջ գտաւ իրենց երդումին համահունչ մթնոլորտով՝ «Ծառայելու Աստուծոյ և Հայրենիքին և միշտ պատրաստ, օգնել ուրիշին և գործել իբրեւ պարտականութեանը գիտակից, Արի և վեհանձն մարդ»:

