Լրահոս

Հ.Օ.Մ.-ը կը Շարունակէ Մարդասիրական Կենսական Օժանդակութիւն Տրամադրել Կարիքաւոր Լիբանանահայերու

 

Լիբանանի տնտեսական սուր տագնապը անգամ մը եւս իր չափազանց ժխտական ազդեցութիւնները ձգած է ժողովուրդին վրայ, որուն անբաժանելի եւ կարեւոր մէկ հատուածն է լիբանանահայ գաղութը։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը ահա դարձեալ կը նախաձեռնէ ընդհանուր դրամահաւաքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնութեան ձեռք երկարել լիբանանահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնցմէ շատերուն հասանելի չէ տաք ճաշը, կենսական դեղորայքը կամ հիւանդանոցային բուժումը։

Այս դրամահաւաքը ունի հիմնական երեք նպատակներ՝ տաք ճաշի ապահովում, կենսական դեղերու յատկացում եւ հիւանդանոցային ծախսերու օժանդակութիւն։

Իւրաքանչիւրիս նուիրատուութիւնը՝ անկախ գումարին չափէն, վստահաբար յոյս կը ներշնչէ, ցաւեր կը մեղմացնէ եւ կեանքեր կը փոխէ։ Այս իմաստով՝ Ձեր աջակցութիւնը լիբանանահայ գաղութի կարօտեալ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն յոյս պիտի ներշնչէ, թէ իրենք առանձինն ու լքուած չեն։

Advertisement Subscribe Today

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

17 Օգոստոս 2026

Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է 1910-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ան ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-յարանուանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ծառայէ հոգալու հայ ժողովուրդին մարդկային կարիքները եւ կը ձգտի պահպանել հայ ազգին մշակութային ինքնուրոյնութիւնը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button