ՐԱՖՖԻ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ՝ Ա.Մ.Ն.-Ի ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀ
Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ նախագահ նշանակուած է Րաֆֆի Համբարեան:
Ծնած Նիւ Եորք եւ աւարտած՝ Նիւ Ճըրզիի «Ռաթկըրզ» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը, Համբարեան ստացած է մագիստրոսի աստիճան:
Վերջին տարիներուն Փասատենա (Քալիֆորնիա) հաստատուած, ան ընտանիք կազմած է Միրէյի հետ, եւ հայր չորս զաւակներու՝ Արենի, Զապէլ, Մեղրի եւ Սարօ:
Յանձնախումբի մամլոյ ծառայութեան գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ յանձնախումբի նախկին նախագահ Քէն Խաչիկեան պիտի շարունակէ գործել խորհուրդի կազմին մէջ: Խաչիկեան ողջունեց Րաֆֆի Համբարեանի նշանակումը:
«Ինծի համար պատիւ էր 15 տարիներու ընթացքին յանձնախումբի կառավարման խորհուրդին, նաեւ Րաֆֆիին հետ աշխատիլը», յայտնեց Խաչիկեան:
Համբարեան երկար տարիներու իր քաղաքական գործունէութիւնը սկսած է, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան օրերուն:


