Գլխաւոր

Սեւրի Դաշնագրի 106-ամեակ

Լօզանի դաշնագիրը 1923-ին անուղղակի ակնարկութեամբ վերահաստատումը կատարեց Սեւրի դաշնագրով Ուիլսընեան Իրաւարարութեան վճիռին հիմամբ ճշդուած Հայաստանի հողատարածքային սահմաններուն: Այս վերահաստատումը կատարուեցաւ դաշնագիրի յօդուած 16-ի միջոցով, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման:
Սեւրի դաշնագրի թրքական մղձաւանջը կը շարունակուի։

Այսօր, 106 տարիներ ետք, Օգոստոս 10, 1920ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը տակաւին կը շարունակէ գլխացաւ պատճառել Թուրքիոյ հանրապետութեան։ Ի տարբերութիւն Միջին Արեւելքը անգլիական եւ Ֆրանսական ազդեցութեան գօտիներու վերածող 1916ի Սայքս Փիքոյի համաձայնագրին, Սեւրի դաշնագիրը ուղղակի կը պարտադրէր Օսմանեան Թուրքիոյ մայր հողատարածքի անդամահատումը՝ յանուն արդարութեան։ Այս արդարութիւնը գլխաւորաբար կը կեդրոնանար պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն Հայաստանի մը կազմութեան նպատակին վրայ։

Սեւրի Դաշնագիրը մնաց անվաւեր։ Բայց ան չէ կորսնցուցած իր բարոյական եւ քաղաքական հեղինակութիւնը։ Սեւրի Դաշնագրի անվաւեր մնալու հանգամանքը նաեւ տակաւին անլոյծ կը պահէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջնական սահմանագծումի հիմնական հարցը։

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button