ՊՈՍԹԸՆ․- ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱՅ ԿԻՆ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յառաջիկայ Ապրիլ 13-ին, կազմակերպութեամբ Արլինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան, Robbins Memorial Town Hall (730 Massachusetts Ave, Arlington, MA 02476) սրահին մէջ, ելոյթ պիտի ունենայ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունին։
Այս նուագահանդէսի ընթացքին, Արծրունիի երգացանկին վրայ պիտի ընդգրկեն իգական սերունդէ հայ յօրինողներու կարեւոր գործերը, որոնք թէ՛ հայկական եւ թէ՛ միջազգային երաժշտութեան բնագաւառէն ներս հետաքրքրութիւն ստեղծած են։
Ութերորդ դարաշրջանէն իսկ հայ իգական երաժիշտներ՝ Սահակդուխտ եւ Խոսրովիդուխտ գործեր յօրինած էին։
Այս ելոյթին յայտագիրը կ՛ընդգրկէ գործեր՝ Լուսաբեր Հազարապետեանէն (1863-1855, ծանօթ Լիւսի անունով), Գոհարիկ Ղազարոսեանէն (1907–1967, պոլսահայ՝ Սկիւտարի շրջանէն), Գայանէ Չեպոթարեանէն (1918–1998), Սիրվարթ Գարամանուկէն (1912–2008, պոլսահայ՝ Սկիւտարի շրջանէն), Սիրվարդ Գույումճեանէն (1944-2020), եթովպիահայ), Գեղուհի Չիչեանէն (1929, Երեւան), Ալիսիա Թերզեանէն (1934, արժանթինահայ) եւ Մարի Գույումճեանէն (1983, Լիբանանահայ)։
Նմանօրինակ նուագահանդէս մը տեղի ունեցած էր, շաբաթներ առաջ՝ Նիւ Եորքի մէջ։
Բնիկ Պոլսահայ, սակայն երկար տարիներէ ի վեր Նիւ Եորք հաստատուած, 81-ամեայ Արծրունի լոյս ընծայած է 24 ձայնապնակ։ Ամերիկահայ յօրինող Ալըն Յովհաննէսը կեանքի վերջին տարիներուն խնդրած է Շահան Արծրունիէն, որ ան ձայնագրէ իր ստեղծագործութիւնները։ Արծրունի ձայագրելու կողքին, նաեւ նուագած եւ տարածած է այս ստեղծագործութիւնները, շարունակ տարածելով Յովհաննէսի արուեստը։
Այս նուագահանդէսը, որ պիտի սկսի կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան «Միրաք» սենեկային երաժշտութեան տարեշրջանի առաջինն է։ Մուտքը՝ ազատ։

