ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԶԱՆԱԶԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ՝ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ

Ուրբաթ, 7 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ՝ ԳԵրպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի կողմէ։ Անոնք նախ միացան խումբ մը երիտասարդներու որոնք վերամուտի առթիւ յատուկ պահարաններ կը պատրաստէին համալսարանական ուսանողներու համար, ներփակելով աղօթքներու եւ օգտակար գիտելիքներու տրցակ մը: Այնուհետև անոնք այցելեցին խոհանոց, ուր հոգաբարձութիւնը եւ կամաւորներ կը պատրաստէին համադամ ճաշեր Կիրակի օրուան դաշտագնացութեան համար:
Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ ժրաջան կերպով աշխատող բոլոր կամաւորները եւ մաղթեց որ ամենայն յաջողութեամբ պսակուի իրենց զոհողութիւնը:
Շաբաթ, 8 Օգոստոսին, գլխաւորութեամբ բարեջան Առաջնորդին եւ կազմակերպութեամբ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի եւ յատուկ յանձնախումբի մը, տեղի ունեցաւ հեծանիւի արշաւ մը եկեղեցիէն մինչեւ Պոսթըն՝ 20 մղոն երկարութեամբ, մասնակցութեամբ՝ 18 հեծանուորդներու։ Խումբը, զոր կ՚առաջնորդէր Վիգէն Աշճեան, նաեւ օժտուած էր առաջին օգնութեան պիտոյքներով՝ Ժիրայր Իսկէնտէրեանի հսկողութեամբ։

Առաւօտեան ժամը 10-ին, երբ հեծանուորդները լրիւ կազմով ներկայ էին, Հայր Սուրբը ողջունեց բոլոր մասնակցողները, որոնք ընդառաջած էին իր եւ հոգաբարձութեան կողմէ եղած հրաւէրին, ապա Վիգէն Աշճեան ներկայացուց արշաւին քարտէսը, միշտ յիշեցնելով որ մանաւանդ քաղաքամէջին խումբը միասին մնայ։ Այնուհետեւ Արժպ. Տ․ Անդրանիկ Ա․ Քհն․ Պալճեան՝ պատուակալ Հովիւ եկեղեցւոյ, աղօթեց եւ բարի երթ ու դարձ մաղթեց բոլորին։
Հակառակ օրուան կիզիչ տաքին, մասնակցողները շուրջ երեք ժամ հաճելի կերպով Չարլզ գետի երկայնքին զբօսնելէ ետք, վերադարձան եկեղեցի, ուր յանձնախումբը պատրաստած էր թեթեւ ճաշ մը։
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Սուրբին, յանձնախումբին, եւ բոլոր մասնակիցներուն։ Իր խոր համոզումը յայտնելով այս ձեռնարկի մասին, ըսաւ. «Առողջ մարմինը նախապայման է առողջ մտքի եւ առողջ հոգիի համար․ ուստի մնայուն կերպով հոգատար ըլլանք մեր մարմնին, որ բնակարանն է մտքին ու հոգիին»։

Կիրակի, 9 Օգոստոսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագին, որ մատոյց եւ քարոզեց Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ աւանդական խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն։

Սրբազան Հայրը, մէջբերելով Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը, թէ՝ «Ես իմ որթատունկը եւ դուք էք ճիւղերը», յայտնեց, թէ հաւատացեալներս, որքան որ միացած ըլլանք Քրիստոս որթատունկին, մշտական կերպով կը կենսաւորուինք եւ կը պտղաբերենք։


