ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց 12 յօդուածներէ բաղկացած օրէնքի նախագիծը, որ կ՛ապահովէ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան զինաթափումը եւ լուծարումը։ Նախագիծին թեր քուէարկեցին 468 երեսփոխաններ՝ աւելի քան տասը ժամ տեւած քննարկումներու նիստին աւարտին։
Քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները, բացի Լաւ կուսակցութենէն, զօրակցեցան օրէնքի նախագիծին, որ օրէնքի ուժ պիտի ստանայ նախագահ Էրտողանի կողմէ ստորագրուելէն պետական պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսնելէ ետք։
Տեղին է նշել, որ Ք․Ա․Կ․-ը Յունիս 2025-ին յայտարարած էր, որ որոշած է զինաթափուիլ եւ լուծարուիլ։ Այս յայտարարութենէն մէկ ամիս ետք, խորհրդանշական քայլով մը՝ Ք․Ա․Կ․-ի անդամներ Հիւսիսային Իրաքի մէջ հրկիզած էին իրենց զէնքերը։
*
Պոլսոյ կալանաւորուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու հրաժարեցաւ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութենէն եւ յայտարարեց, որ կը զօրակցի «Ենի» (Նոր) կուսակցութեան, որ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան շարքերէն անջատուած նախկին կուսակցականներու կողմէ կազմուած է։
Իմամօղլու ձերբակալուեցաւ Մարտ 2025-ին, Պոլսոյ քաղաքապետութեան մէջ կաշառակերութեան շուրջ բացուած հետաքննութեան մը ծիրին մէջ։ Յատկանշական է, որ իր ձերբակալութեան օրը, Իմամօղլու յայտարարած էր նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը։
Այսպիսով Իմամօղլու կը միանայ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Օզկիւր Օզէլի, որ 90 կուսակցական երեսփոխաններու հետ հրաժարեցաւ կուսակցութենէն, ստեղծելու համար «Ենի» կուսակցութիւնը։ Օզէլ հրաժարեցաւ, երբ Անգարայի մէկ ատեանը չեղարկեց կուսակցութեան առաջնորդի ընտրութիւնը՝ նախկին առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն վերահաստատելով Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ։
*
Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 49 կասկածելիներ, որոնք կը գտնուին եւրոպական «Շենկէն» գօտիի վիզայի գործերու մէջ զեղծարարութեան մեղադրանքներու տակ։ Ըստ մեղադրանքներուն, ձերբակալեալները «Շենկէն» վիզա ստանալու ժամադրութիւններ ձեռք ձգած են եւ ապա զանոնք բարձր գիներով վաճառած են այլ անձերու։
Պոլսոյ հանրային մեղադրողի գրասենեակը յայտարարեց, որ կասկածելիները ներկայացած են իբրեւ «Շենկէն» վիզայի դիմումներու խորհրդականներ եւ տարբեր հիւպատոսարաններու կողմէ բանեցուող առցանց ժամադրութիւններու համակարգերու հասանելիութիւն ունեցած են։ Ըստ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած հետաքննութիւններուն, շուրջ 60 միլիոն տոլարի գումարի հասնող զեղծարարութիւններ կատարուած են՝ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին։ Խաբեբայութիւններուն զոհ գացած են աւելի քան 41 հազար անձեր։
*
Թուրքիոյ մէջ Սիւլէյմանճըլար անունով ճանչցուած կրօնական շարժման ղեկավար Ալիհան Քուրիշ ձերբակալուեցաւ իր բնակարանին մէջ կառուցուած գաղնարանի մը մէջ, ուր ան թաքնուած էր՝ խուսափելու համար ոստիկաններէն։
Քուրիշ ձերբակալուեցաւ Անգարայի մէջ, ուր անոր ղեկավարած շարժումին դէմ դատական գործ յարուցուած է՝ շուրջ երկու միլիառ տոլարի դրամ լուալու եւ դրամական յանցագործութիւններու մեղադրանքներով։
Այս շարժումին հիմնադիրը Սիւլէյման Հիլմի Թունահանն է, որուն անունով ալ ճանչցուած են շարժման հետեւորդները, որոնց թիւը շուրջ երկու միլիոն է։ Այս շարժումը կրօնական դպրոցներու, աշակերտական հանրակացարաններու եւ տնտեսական հիմնարկներու տէր է։

