ԳլխաւորԼրահոս

Ուաթըրթաունի Մէջ Բացում Արշիլ Կորքիի «Անցք» Որմազդին

 

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց) .- Յունիս 10-ին, ի յիշատակ հայազգի հանրածանօթ նկարիչ Արշիլ Կորքիի, տեղի ունեցաւ այս առթիւ յատուկ «Անցք» անունով որմազդի բացման հանդիսութիւնը։
Գործը, որ տեղադրուած է Grove Street-ի անցուղիին մօտ, կը պատկանի Պրանտըն Կայա Մարշըլի, որուն օժանդակած են աշակերտներ Իզապել Կորհըմ եւ Չարլըթ։
Այս որմազդին տեղադրուած վայրը կը գտնուի Կորքիի բնակած տան մօտակայքը։ Այս որմազդը հովանաւորած է շրջանի «Watertown Savings» դրամատունը։
Աւազանի անունով Ոստանիկ Ատոյեան՝ Կորքի հիմնական դեր ունեցած է գեղանկարչութեան վերացական արտայայտչապաշտ ուղղութեան վրայ։ Ան կը նկատուի Ա․Մ․Ն․-ի ամենէն աւելի ազդեցիկ նկարիչ-գծագրիչներէն մէկը։ Կորքիի գործերը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ապրած տառապանքին եւ կրած կորուստներուն ազդեցութիւնը կը կրեն։ Այս փակցանկարչական բնոյթ ունեցող որմազդը ներշնչուած է Կորքիի գործերէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button