ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ՝ ՓՐՈՖ. ՎԻԳԷՆ ԿԻՒՐՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Շաբաթ, 31 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանը եւ հոգաբարձութիւնը կազմակերպեցին երկխօսութիւն մը յայտնի աստուածաբան փրոֆ. Վիգէն Կիւրոյեանի հետ, որուն նպատակն էր առիթը տալ խորհրդածելու եւ քննարկելու Հայ Եկեղեցւոյ ըմբռնումը հաւատքի, մշակութային ժառանգութեան եւ ազգային ինքնութեան հաւասարակշռութեան մասին, յատկապէս ամերիկահայ փորձառութեան լոյսին տակ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք։ Դոկտ. Կիւրոյեան երկար տարիներ համագործակցած է Ազգային Առաջնորդարանին հետ՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Աշճեանի, ինչպէս եւ Օշական Արքեպիսկոպոս Չոլոյեանի առաջնորդութեան օրերէն։
Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, ներկայացուց օրուան բանախօսը։ Փրոֆ. Կիւրոյեանի արտայայտած տեսակէտները յառաջ բերելին անկեղծ եւ աշխոյժ խօսակցութիւն մը ներկաներուն հետ, երբեմն ստեղծելով օգտակար եւ տաք բանավէճ մը։
Փակման իր խօսքին մէջ, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ մեթր Արմէն Մորեան, շնորհակալութիւն յայտնեց փրոֆ. Կիւրոյեանին, որուն յայտնած գաղափարները, երբեմն վիճարկումի առիթ ըլլալով հանդերձ, նպաստած էին առողջ մտքերու փոխանակման։

