Լրահոս

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 12-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ – ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ՝ 300.000 ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.-ԻՆ


Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Երեւանի «Քոնկրէս» պանդոկի սրահին մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միջ-դիւանական 12-րդ խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ միութեան 24 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններէն 41 ներկայացուցիչներու, Հ.Մ.Ը.Մ.–Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչական պատասխանատուներու եւ իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան 13 անդամներու, ընդամէնը՝ 60 մասնակիցներ։

Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգներուն կատարողութեամբ։ Ապա, խորհրդաժողովին բացումը կատարելով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Յարութիւն եւ Լենա Սողոմոնեաններ, Զօհրահ եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ եւ Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններ ի յիշատակ իրենց եղբօր՝ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանին, 300 հազար ամ.տոլար կը նուիրեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ին՝ հիմը դնելով «Հրայր Սողոմոնեան եկամտաբեր ֆոնտ»-ին (Endowment Fund), որուն տարեկան հասոյթին երկու երրորդը, նուիրատուներուն փափաքով, պիտի տրամադրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրներուն, իսկ մէկ երրորդը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի շրջանի աշխատանքներուն։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button