Լրահոս

Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումի Առօրեայէն (18-19 Յուլիս)

Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի օգտակար ու ուշագրաւ օրակարգերը մէկը միւսը փոխարինեցին: 19 Յուլիսին բանակողները քայլարշաւի ընթացքին հետախուզական նշաններով գործելու փորձառութիւնը շահեցան, անոնք խումբերու բաժնուելով հետեւեցան բնութեան մէջ տեղադրուած հետազօտական նշմարներուն եւ յաջողեցան հասնիլ բանակավայրէն Թեժառոյքի վանական համալիր:

Անցնող օրերուն բանակումի դաստիարակչական ծրագիրը ընդգրկեց՝ քննարկում-զրոյց «Հ.Յ.Դ.-ի ազդեցութեան բարձրացումը եւ հզօրացման քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» նիւթով, մատուցմամբ` Հ.Յ.Դ. գերագոյն մարմնի անդամ եւ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանին եւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Մհեր Գարագաշեանին: Զրոյցը վարեց  Մեղրի Ղուկասեան։ Քննարկում-զրոյց «Հ.Յ.Դ.-ի վարած քաղաքականութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը տարածաշրջանի եւ աշխարհաքաղաքականութեան յորձանուտին մէջ» նիւթով, մատուցմամբ՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի եւ Հ.Յ.Դ. գերագոյն մարմնի անդամ եւ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր  Իշխան Սաղաթէլեանի: Զրոյցը վարեց Հուրի Մինոյեան։

Բանակողներուն կողմէ մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ Կամաւորական Շարժման մասին զեկոյցն ու համապատասխան բացատրութիւնները, որ փոխանցուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ եւ Կամաւորական Շարժման նախագահ Հրանդ Մարգարեանի կողմէ։ Ընկերը ներկայացուց նաեւ Հ․Յ․Դ․-ի ներդրումը Արցախի երեք պատերազմներուն, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ այս մասին «Դաշնակցական Կամաւորները» Ֆիլմը: Այս օրակարգին մասնակցեցան Կամաւորական Շարժման հրամանատարական կազմը։

Արցախեան օրը բանակումի յատկանշական եւ անմոռանալի օրակարգերէն մին էր։

Ամբողջ օրը երիտասարդները անցուցին Արցախի շուրջ դաստիարակչական եւ մշակութային փոխանակումներով։

Advertisement Subscribe Today

Կայացաւ Զեկոյց-զրոյց՝ «Արցախ, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունք, Մարդու իրաւունքներ, Արցախի գերիներու հարցը, անոնց կարգավիճակն ու ազատութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները» նիւթով։ Զրոյցի սկիզբը սրտի խօսքը ըսաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի ԿԿի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան։Զրոյցին մասնակցեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի պատասխանատու՝ Կիրօ Մանոյեան, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։ Զրոյցը վարեց Գէորգ Ղուկասեան։

Դաստիարակչական ծրագիրին մաս կազմեցին նաեւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ խմբային ներկայացումները՝ Շուշիի գորգերու եւ լուսանկարիչ Վլատամիր Արզումանեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւն։ Ինչպէս նաեւ Արցախի Մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու իրավիճակը Արցախի բռնի հայաթափումէն ետք նիւթով զեկոյց։ Բանախօսն էր՝ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի նախկին տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննէսեան։

Տաղաւարներու շրջագայութեան օրակարգը բաւական ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց երիտասարդներուն մէջ, այնտեղ ցուցադրուած արցախեան տարբեր ոճի ու տեսակի արտադրութիւններէն իւրաքանչիւրը (սնունդ, յուշանուէր, գորգ, կարպետ, զարդեղէն, եւ այլն) կը վերապատմէր արցախեան հարուստ կենցաղի ու մշակոյթի, արցախցիներու շնորհալի մատներուն եւ ստեղծագործ դաստակներուն մասին։

Արցախեան օրը գեղեցկացուցին արցախեան զանազան պարի եւ երգի խումբեր եւ մենակատարներ։ Մշակութային օրակարգի ծիրէն ներս, հետաքրքրաշարժ եւ ընդունելութիւն գտնող օրակարգ էր նաեւ հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն` ազգային պարերու ուսուցումը, որ իրականացաւ «Կարին» պարախումբի անդամներու ներդրումով: Երիտասարդականի ընկերները իմանալով պարային իւրաքանչիւր շարժման իմաստը, իւրաքանչիւր թափ ու զարկի նշանակութիւնը՝ առաւել մեծ սէր տածեցին դէպի հայ մշակոյթը՝ ընդհանրապէս եւ պարարուեստը՝ մասնաւորապէս:

Բանակումի մասնակցողները լրացուցին ելեքտրոնային հարցախոյզ մը «Դաշնակցական երիտասարդը եւ ազգային խնդիրները» թեմայով։

Բանակումի մթնոլորտը հետզհետէ առաւել ջերմանալով եւ ստեղծուած ընկերական տաքուկ մտերմութիւնները աւելի շատնալով՝ բանակումի աւարտին մօտենալու իրողութիւնը սկսաւ յուզիչ դառնալ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button