Լրահոս

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-եակի Նշում՝ Իլինոյի Մէջ

ՇԻՔԱԿՕ․- Հայկական Կեդրոնէն մինչեւ Իլինոյի քաղաքապետարաններ ու համայնքային խորհուրդներ, Հայ Դատի Իլինոյի Յանձնախումբը, ամբողջ ապրիլ ամսուան ընթացքին կազմակերպեց լայնածաւալ նախաձեռնութիւններ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։ Յանձնախումբը վերահաստատեց իր առաքելութիւնը՝ յիշողութեան պահպանում, կրթութիւն եւ պաշտպանական աշխատանք։

Ապրիլ 26-ին, յանձնախումբը կազմակերպեց իր գլխաւոր յիշատակի ձեռնարկը, ուր համախմբուած էին համայնքային անդամներ, ղեկավարներ եւ գործընկերներ՝ յիշողութեան եւ վճռակամութեան մթնոլորտի մէջ։ Ձեռնարկը բացուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտական կազմի տողանցքով։

Բացման խօսքը կատարեց Սոնա Փափազեան, որ ընդգծեց շարունակական պայքարի հրամայականը՝ նշելով. «Մենք պէտք է դիմադրենք այն համոզումին, թէ ճանաչումը ինքնին արդարութիւն է։ Մենք պէտք է դիմադրենք այն հարմարութեան, թէ ճանաչումը կը նշանակէ լուծում։ Եւ ամենէն առաջ պէտք է դիմադրենք ինքնաբաւութեան՝ այն գաղափարին, թէ յիշողութիւնը, երբ կը խօսուի, իր գործը աւարտած է»։

Հայ Դատի Իլինոյի յանձնախումբի համանախագահ Մարալ Աբրահամեան ներկայացուց կազմակերպական զեկոյց մը՝ ընդգծելով անհատական ներգրաւուածութեան ուժը՝ օրինակ բերելով վաղ շրջանի ամերիկահայ գործիչ Վահան Քարտաշեանին։ Ան կոչ ուղղեց համայնքին՝ ըսելով. « Կանգնեցէ՛ք ուղիղ, ուղղեցէք ձեր մէջքերը։ Դարձէք սուր, անզիջում սուրեր։ Մենք դիմացած ենք։ Մեր ինքնութիւնը այլեւս զոհողութիւն պիտի չըլլայ»։ Այնուհետեւ երիտասարդականի անդամ, 13 տարեկան Ալեն Քիլեան  խօսեցաւ դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան կրթութեան իրական եւ գործնական կիրարկման անհրաժեշտութեան մասին։

Ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ Իլինոյի ողջակիզման թանգարանի եւ կրթական կեդրոնի տնօրէն Խորհուրդի նախագահ Ռոպերթ Ռոմանոֆ, որ ընդգծեց ցեղասպանագիտական կրթութեան համընդհանուր կարեւորութիւնը։ Թանգարանը երկար տարիներէ ի վեր գործընկեր կը հանդիսանայ Հայ Դատի Իլինոյի յանձնախումբին՝ իրազեկման եւ կրթութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Խօսք ուղղեց նաեւ քաղաքապետ Տանիըլ Պիսը՝ ընդգծելով յիշողութեան եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը, կոչ ընելով համայնքային մասնակցութեան շարունակականութեան։

Գլխաւոր ելոյթը ներկայացուց Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Արմէն Յովհաննիսեան, որ անդրադարձաւ արդարութեան եւ պատասխանատուութեան շարունակական պայքարին՝ իր ընտանեկան փորձառութիւններու լոյսին տակ։ Ան հարց տուաւ. «Ո՞վ պիտի պատասխանէ այն հարցումներուն, որոնց պատասխանները մեռելները իրենց հետ տարան։ Ո՞վ պիտի համարձակուի եւ ուժ ունենայ այդ ժառանգութիւնը պահանջելու»։ Ան աւելցուց, թէ «յիշողութիւնը ինքնին չի գոյատեւեր, ան պէտք է պաշտպանուի, պայքարուի եւ պահպանուի»։

Ծրագիրը փակուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Շիքակոյի «Քրիստափոր» Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Սուլաքեանի խօսքով, որ ըսաւ. «Իրազեկութիւնը բաւարար չէ։ Մենք պէտք է գործենք։ Մենք չենք գտնուիր հարմար պահու մը մէջ. մենք կը գտնուինք պահու մը մէջ, որ կը պահանջէ հստակութիւն, քաջութիւն եւ նուիրում»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button