Գլխաւոր
Հ.Մ.Ը.Մ. Հաստատեց «Կինես»-ի Համաշխարհային Մրցանիշ
Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2026-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. մուտք գործեց համաշխարհային մրցանիշներու «Կինես» գիրք, երբ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի 809 մասնակիցներ, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ, նոր մրցանիշ մը հաստատեցին՝ կազմելով համաշխարհային սկաուտութեան աշխարհի մեծագոյն Շուշանածաղիկը։
Նախորդ մրցանիշը հաստատուած էր 8 տարի առաջ, 29 Յուլիս 2018-ին, Չեշիրի (Անգլիա) մէջ, մասնակցութեամբ 445 սկաուտներու։
Համաշխարհային ու պատմական այս մրցանիշին հաստատման ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ դիտորդներ։

