Լրահոս
Երկու Ամսուայ Տնային Կալանք՝ Արա Նախշքարեանին

ԵՐԵՒԱՆ․- Փտածութեան դԷմ պայքարող դատարանը Հ․Յ․Դ․ անդամ, «Համազգային»-ի Գիւմրիի գրասենեակի տնօրէն, արցախեան պատերազմներու մասնակից, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածու Արա Նախշքարեանի նկատմամբ կիրառեց տնային կալանք խափանման որոշում:
Նախշքարեանը ձերբակալուած էր Յուլիս 29-ի առաւօտեան։ Գործի շրջածիրէն ներս ձերբակալած են նաեւ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի Գիւմրիի մասնաճիւղի 21-ամեայ ուսանողուհի մը, որ եղած է «Հայաստան» դաշինքի յանձնաժողովի անդամ։
Արա Նախշքարեանի նկատմամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է, հեռաձայնով գաղտնիքներ զրուցած ըլլալուն պատճառաւ։

