Գլխաւոր

ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԴԺԳՈՀ՝ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԷՆ

ԵՐԵՒԱՆ.- Ընդդիմութիւնը դժգոհ է ընտրական գործընթացէն:

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան, հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ ընտրական գործընթացը «խայտառակ» որակեց։

«Դուք բոլորդ այս մէկ ամսուան ընթացքին տեսաք, թէ ինչպիսի հալածանքներու եւ բռնութիւններու կ՚ենթարկուէինք։ Մեզմէ եւ մեր համախոհներէն մօտ 75 հոգի այսօր կալանաւորուած են, իսկ 700-է աւելի քաղաքացիներ՝ ձերբակալուած։ Այս բոլորով ալ չբաւարարուելով՝ ընտրութեան օրը անոնք սկսան անհասկանալի գործողութիւններու։ Անգամ աշխարհի պատմութեան մէջ չէ պատահած, որ ձայներու հաշուարկը կէսին դադրեցուի եւ յայտարարուի, թէ արդիւնքները առաւօտեան ժամը 9-ին պիտի ներկայացուին», ըսաւ տնային կալանքի տակ գտնուող ռուսահայ գործարարը։

Կարապետեանի համաձայն՝ «տեսնելով, որ իրենց արդիւնքները խայտառակ կերպով կը նուազին եւ ամէն վայրկեան աւելի կը նուազին, անոնք կասեցուցին հաշուարկը, եւ մենք նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ առաւօտեան ինչ պիտի ներկայացնեն։ Վստահ եղէք, ընտրութիւնները դեռ չեն աւարտած, վերջնական արդիւնքներ դեռ չկան, եւ անոնք պիտի չստանան իրենց փափաքած յաղթանակը»։

Ան աւելցուց, թէ վերջնական գնահատական պիտի տրուի միայն այն ատեն, երբ առաւօտեան ամբողջական արդիւնքները հրապարակուին, եւ այդ ժամանակ նոր յայտարարութեամբ հանդէս պիտի  գան։

Միեւնոյն ժամանակ, հարկ է նշել, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը շարունակէ իր պաշտօնական կայքէջին վրայ թարմացնել ընտրական տուեալները, եւ արդէն իսկ ամփոփուած են 2005 ընտրատեղամասերէն 1029-ի նախնական արդիւնքները։

Advertisement Subscribe Today

Իր կարգին, «Հայաստան» ընդդիմադիր դաշինքի պատգամաւորու թեկնածու եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, թէ Նիկոլ Փաշինեանի՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին վերաբերող վաղաժամ յայտարարութիւնները «Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին վրայ ճնշում գործադրելու եւ իշխանութիւնը իւրացնելու փորձեր են։ Առանց ընտրուած ըլլալու՝ դատական համակարգին հրահանգներ տալէ առաջ, պէտք է պատասխան տաս այսօր արձանագրուած բոլոր ընտրախախտումներուն համար։ Այս պահուն կը զբաղինք ընտրատեղամասերէն ստացուող տեղեկութիւններու մշակումով։ Կը յիշեցնեմ, որ ԿԸՀ-ն մինչեւ այժմ ամփոփած է ընտրատեղամասերու միայն մօտ մէկ քառորդին արդիւնքները։ Վերջնական արդիւնքներուն եւ հետագայ քայլերուն մասին պիտի խօսինք տուեալներու ամբողջական ամփոփումէն ետք», յայտնեց Սաղաթէլեան։

«Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու, նախկին Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեան եւս արձագանգեց՝ նշելով.- «Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ՔՊ-ն միանձնեայ կերպով կը կազմէ կառավարութիւն եւ յաղթած է ընտրութիւններուն, հակասահմանադրական է եւ կը գերազանցէ վարչապետի լիազօրութիւնները։ Կառավարութեան ղեկավարը իրաւասութիւն չունի նման յայտարարութիւն ընելու, երբ քուէարկութեան արդիւնքներուն հազիւ տասը տոկոսէն քիչ աւելին հաշուարկուած է, իսկ Երեւանի պարագային նոյնիսկ տասը տոկոսը չէ ամփոփուած»։

Թաթոյեան աւելցուց, թէ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը կը դիտարկեն իբրեւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի վրայ ընտրութիւններու արդիւնքներուն ազդելու նպատակով գործադրուած բացայայտ ապօրինի ճնշում, որ կրնայ ունենալ քրէական հետեւանքներ։

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ եւ վարչապետի թեկնածու Էտմոն Մարուքեան եւս ընդգծեց, որ Փաշինեան իր յաղթանակի մասին յայտարարեց այն պահուն, երբ քուէարկութեան արդիւնքներուն մօտ տասը տոկոսն էր միայն ամփոփուած։Ան յայտարարեց.- «Սպասենք, տեսնենք մեծ դաշինքները ինչ պիտի ըսեն։ Տուեալները դեռ չկան, իսկ մարդը կը յայտարարէ՝ “Ես յաղթած եմ”։ Ասիկա ընտրական օրէնսդրութեան բոլոր սկզբունքներուն եւ բոլոր կանոններուն կոպիտ ոտնահարում է»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button