Գլխաւոր

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը կը տեղեկացնէ, թէ ընտրական օրուան ընթացքին արձանագրուած են դէպքեր, որոնց ընթացքին քուէաթերթիկներ բերուած են ընտրատեղամասեր, ինչպէս նաեւ փորձեր կատարուած են զանոնք ընտրատեղամասերէն դուրս հանելու։

Նշեալ բոլոր դէպքերը  վստահուած անձերուն եւ իրաւական խումբերուն կողմէ կը գտնուին մշտական վերահսկողութեան տակ։ Ստացուած տեղեկութիւնները կը ստուգուին, կը փաստագրուին եւ օրէնքով սահմանուած կարգով կը փոխանցուին իրաւասու մարմիններուն։

Կը յիշեցնենք, որ ընտրական գործընթացին որեւէ ապօրինի միջամտութիւն, ներառեալ քուէաթերթիկներու անօրինական շրջանառութիւնը, կրնայ պարունակել իրաւախախտման կամ յանցագործութեան յատկանիշներ եւ ենթակայ է օրէնքով նախատեսուած պատասխանատուութեան։

Կը կոչենք բոլոր քաղաքացիներուն, ընտրական յանձնաժողովներու անդամներուն, վստահուած անձերուն եւ դիտորդներուն շարունակել տեղեկացնել նմանատիպ դէպքերու մասին՝ ընտրական գործընթացի օրինականութիւնն ու թափանցիկութիւնը ապահովելու նպատակով։

«Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը հետեւողականօրէն կը վերահսկէ իրավիճակը, կը կոչէ բոլոր քաղաքացիներուն ազատ եւ անկաշկանդ կերպով իրացնելու իրենց ընտրական իրաւունքը, իսկ բոլոր մեղաւոր անձերը պէտք է ենթարկուին օրէնքով նախատեսուած պատասխանատուութեան։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button