ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մենք չենք խօսիր Սփիւռքի իւրաքանչիւր հայորդիի անունով։ Ո՛չ ոք ալ կրնայ։.
Բայց մենք կը խօսի՛նք անոնց անունով, որոնք տակաւին Արցախը կը նկատեն հայկական հող։
Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգորդներուն անունով, որոնց համար յիշողութիւնը ո՛չ թէ պարտականութիւն է, այլ՝ պարտաւորութիւն։
Անոնց անունով, որոնք կը հաւատան, թէ արդարութիւնը լոկ երեւակայութիւն չէ, այլ մեր գոյատեւման անհրաժեշտ պահանջը։
Անոնց անունով, որոնք կը շարունակեն պայքարիլ հայ գերիներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ տակաւին անյայտ կորածներու ազատ արձակման համար։
Իսկ քեզի, Նիկոլ Փաշինեան, մեր պատգամը յստակ է․-
Մենք կը մերժե՛նք քեզ։
Մենք կը մերժե՛նք քեզ, որովհետեւ երբ մեր հայրենի Արցախը գոյութենական վտանգի դիմաց կանգնած էր, դուն խոստացած էիր դիմադրել մինչեւ վերջ։ Այսօր կը պնդես, թէ ան երբեք իսկապէս մերը չէր։ Այն նոյն Արցախը, զոր սերունդներ շարունակ հայերը պաշտպանեցին, շինեցին, հոն աղօթեցին ու զոհուեցան։ Այդ նոյն Արցախը, որուն համար Սփիւռքը միլիոնաւոր տոլարներ հաւաքեց, մինչ դուն կը ծառայէիր որպէս գերագոյն հրամանատար։
Մենք կը մերժե՛նք քեզ, որովհետեւ մեր պատմութիւնը սակարկելի կը դարձնես։ Որովհետեւ հայ ժողովուրդի տառապանքներուն մասին կը խօսիս այնպիսի ձեւով, որ կասկածի տակ կը դրուի ճշմարտութիւնը։ Ցեղասպանութիւնը մեկնաբանութեան հարց չէ․ ան մեր ապրած իրականութիւնն է, մեր ընտանիքներու պատմութիւնն է։ Ան է պատճառը, որ մեզի նման միլիոնաւոր հայեր այսօր իրենց հայրենիքէն դուրս կ՚ապրին։
Մենք կը մերժե՛նք քեզ, որովհետեւ ժողովրդավարութիւն հաստատելու խոստումով իշխանութիւն ստանձնեցիր, եւ ապա շուտով յուսախաբ ըրիր մեզ՝ ձերբակալելով այլախոհները, թիրախաւորելով ընդդիմութիւնը, վիրաւորելով սեփական քաղաքացիները եւ գործածելով վերահսկողութեանդ տակ գտնուող բոլոր միջոցները՝ միակողմանի ազդեցութիւն կը բանեցնես։
Մենք կը մերժե՛նք քեզ, որովհետեւ աղաւաղեցիր ամէն բան, որ մեզի համար սուրբ է՝ Արարատէն մինչեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին։
Մենք կը մերժե՛նք քեզ, որովհետեւ հայկական միասնութիւնը փոխարինեցիր ատելութեամբ եւ բաժանումով։
Բայց ամէնէն աւելի քեզ կը մերժե՛նք, որովհետեւ փորձեցիր հայերուն սորվեցնել, որ աւելի քիչը ակնկալեն։ Աւելի քիչ արդարութիւն։ Աւելի քիչ ինքնիշխանութիւն։ Աւելի քիչ արժանապատուութիւն։ Աւելի քիչ յոյս։ Փորձեցիր մեզ համոզել, թէ մեր իրաւունքները երազային ու անիրականալի են, թէ մեր ձգտումները վտանգաւոր են, եւ թէ առանց պայմանի անձնատուութիւնը քաղաքական իմաստութիւն է։
Մենք այսօր կը մերժե՛նք քեզ, որպէսզի պատմութիւնը ճշգրտօրէն արձանագրէ, թէ այս պահուն ո՛ւր կը գտնուինք։
Դուն մեզ չես ներկայացներ։ Դուն Հայաստանի ազգային շահերը չես ներկայացներ։ Եւ դուն հայ ժողովուրդի յարատեւ կամքը չես ներկայացներ։
Մենք կը կանգնի՛նք իւրաքանչիւր արցախցիի կողքին։ Իւրաքանչիւր քաղաքական բանտարկեալի կողքին։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի կողքին, որ կը պահանջէ արդարութիւն։
Մենք կը կանգնի՛նք տեղահանուածներուն, անարդարօրէն շահագործուածներուն, օգտագործուածներուն եւ մոռցուածներուն կողքին։
Մենք կը կանգնի՛նք բոլոր անոնց կողքին, որոնք կ՛երազեն իսկապէս ազատ, անկախ, հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստան մը։
Հայ ազգի ապագան կախեալ չէ անհատէ մը, կառավարութենէ մը, կամ նոյնիսկ ընտրութենէ մը։
Ան պիտի որոշուի հայորդիինն կողմէ՝ ամէն օր, ամէնուրեք․․․հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ամբողջ տարածքին մէջ։
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու
Կեդրոնական Կոմիտէ
Յունիս 5, 2026

